Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Փետրուար 25–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 7 Յունուարէն մինչեւ 25 Փետրուար 2008 շաբաթներուն նշանակումները։ [Ծանօթութիւն. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տեսնել Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչ պէտք է ընենք մեր ունկնդիրներուն օգնելու որ համարներուն իմաստը ըմբռնեն, եւ ինչո՞ւ։ [կօ էջ 228 պարբ. 2-3]
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր ներկայացումները ունկնդիրներուն տեղեկատու ընենք, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք իրագործել։ [կօ էջ 230 պարբ. 3-5, շրջանակ]
3. Պրպտումը ի՞նչ կերպերով մեր դասախօսութիւնները աւելի տեղեկատու կը դարձնէ։ [կօ էջ 231 պարբ. 1-3]
4. Ի՞նչ կրնանք ընել ծանօթ համարներու քննարկութիւնը աւելի տեղեկատու դարձնելու համար։ [կօ էջ 231 պարբ. 4-5]
5. Ինչո՞ւ կարեւոր է մեր կարդացած համարներուն մասին պատճառաբանել։ [կօ էջ 232 պարբ. 3-4]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Մատթէոս գլխաւորաբար Հրեաները ի մտի ունենալով գրեց իր գիրքը։ [si էջ 176 պարբ. 6-7]
7. Ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել, բեմէն ներկայացուած աստուածային ցուցմունքներ ստանալու համար։ (Բ. Մնաց. 20։33) [կօ էջ 13 պարբ. 4–էջ 14 պարբ. 5]
8. Ծնողներ ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակները մարզելու որ ‘իմաստուն ըլլան փրկուելու’։ (Բ. Տիմ. 3։15) [կօ էջ 16 պարբ. 3-4]
9. Մատթէոսի Աւետարանը ի՞նչպէս ցցուն կ’ընէ Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումը։ [si էջ 181 պարբ. 32]
10. Մինչ Մատթէոսի Աւետարանը Յիսուսը կը նկարագրէ որպէս խոստացեալ Մեսիան ու Թագաւոր, Մարկոսի Աւետարանը զինք ի՞նչպէս կը նկարագրէ։ [si էջ 182 պարբ. 7-8]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Բարկութիւն դրսեւորելը աւելի՞ լուրջ է քան՝ զայն սնուցանելը։ (Մատթ. 5։21, 22) [դ08 1/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Մատթէոսի գիրքէն աչքառու կէտեր»]
12. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ‘պարզ աչք’ կը պահեն։ (Մատթ. 6։22, 23) [դ06 10/1 էջ 27]
13. Յիսուս ի՞նչ կէտ կ’ընդգծէր երբ իր աշակերտներուն հարցուց. «Հասկցա՞ք այս ամէն բաները»։ (Մատթ. 13։51, 52) [դ08 1/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Մատթէոսի գիրքէն աչքառու կէտեր»]
14. Յիսուս ինչո՞ւ իր բուժած անհատներուն սովորաբար կը պատուիրէր որ «զինք մարդո՛ւ չյայտնեն»։ (Մատթ. 12։16) [դ89 11/1 էջ 9. cl էջ 93-94]
15. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց այն ‘չափին’ նկատմամբ, որ անհատը «կը չափէ»։ (Մար. 4։24, 25) [w80 6/15 էջ 12. մմ գլուխ 43]