Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Յուլիսին. Արթո՛ւն կեցէք։ Եթէ այս գրքոյկը չունիք, հաճեցէք զայն խնդրել մօտակայ ժողովքներէն։ Այլապէս, ժողովքին ունեցած յարմար մէկ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Օգոստոսին. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք։ Եթէ այս գիրքը չունիք, հաճեցէք զայն խնդրել մօտակայ ժողովքներէն։ Այլապէս, ժողովքին ունեցած յարմար մէկ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուի, կը յանձնարարենք որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ուսումնասիրուի։ Սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն այս հրատարակութիւնը ունի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը համառօտակի ցուցադրելով՝ ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնայ անկէ օգտուիլ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ, Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու քննարկեցէք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով։
◼ Որովհետեւ Օգոստոս ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը՝ «Ուղղամտութեան ճամբուն մէջ քալեցէք»։
◼ Մասնաճիւղը հրատարակիչներու կողմէ անհատապէս կատարուած հրատարակութիւններու ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի հրատարակութիւններու ամսական խնդրագիրը մասնաճիւղ ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն հրատարակութիւններ ստանալ, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն հրատարակութիւններու ծառային։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր հրատարակութիւնները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։
◼ Մատչելի եղող բոլոր հրատարակութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն տարեկան ցուցակագրութիւնը պէտք է ըլլայ 31 Օգոստոս 2008–ին, կամ՝ անկէ քիչ առաջ կամ ետք։ Այս ցուցակագրութիւնը նման է ամէն ամիս հրատարակութիւնները համակարգողին կողմէ կատարուած բուն հաշիւին, իսկ ընդհանուր գումարները պէտք է արձանագրուին Հրատարակութիւններու ցուցակագրութիւն պատճենին վրայ (S-18)։ Մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը կարելի է առնել պարբերաթերթերու ծառայէն (կամ ծառաներէն)։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարը պէտք է վերահսկէ ցուցակագրութեան վրայ։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարն ու վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն պատճենը։ Իւրաքանչիւր համակարգող ժողովք Հրատարակութիւններու ցուցակագրութիւն պատճենէն երեք օրինակ պիտի ստանայ։ Հաճեցէք բուն օրինակը մասնաճիւղ ուղարկել Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը կարելի է գործածել որպէս սեւագրութիւն։
◼ Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկին տեղ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը պէտք է գործածուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ վարելու համար։ Դաշտի ծառայութեան մէջ պիտի շարունակենք Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը բաշխել, մինչեւ որ սպառուի։
◼ Օգոստոս 4–ով սկսող շաբթուան ընթացքին, Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ՝ Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը գիրքը պիտի սկսինք ուսումնասիրել, քայլ պահելով Հայաստանի մէջ ժողովքներուն հետեւած յայտագրին հետ։