Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յուլիս 14–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր Յուլիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
15 վյրկ. «ԽՕՍՔԻ ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԻՒՆ» ՈՒՆԻ՞Ս։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Մայիս 2006, էջ 13-16–ի վրայ (Անգլ.)։ Համարձակութեամբ քարոզելուն կարեւորութիւնը ընդգծէ։
20 վյրկ. «Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը գիրքին ուսումնասիրութիւնը»։ Այս գիրքին ուսումնասիրութեան հանդէպ խանդավառութիւն կերտէ։ Անոր քաջածանօթ ըլլալու կարեւորութիւնը շեշտէ։ Բոլորը քաջալերէ որ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան կանոնաւորաբար ներկայ գտնուին։
Երգեցողութիւն թիւ 195
Յուլիս 21–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 95
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Ներկաներուն յիշեցուր որ յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին, իրենց հետ բերեն Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր Օգոստոս թիւերը, եւ նախապատրաստուին տեղական թաղամասին յարմար եղող ներկայացումներ նկատի առնելու։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Պատրաստութիւն. ազդու վերայցելութիւններ ընելու բանալի մը»։ Պարփակէ չորս վայրկեաննոց մենախօսութիւն մը, ուր հրատարակիչ մը իր վերայցելութիւնները ընելու կը պատրաստուի։ Ան իր արձանագրութիւնները աչքէ կ’անցընէ եւ կ’որոշէ որ այս շաբաթավերջին երկու անհատներու պէտք է վերայցելէ։ Ապա իւրաքանչիւրին համար նկատի կ’առնէ թէ վերջին անգամ ի՛նչ խօսեցաւ, կ’որոշէ իր նպատակակէտը եւ կը պատրաստուի զայն իրագործելու։ Անոնցմէ մէկը ի մտի ունենալով, կը պատրաստուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու։ Իսկ միւսին համար, ան կը պատրաստուի անոր հետաքրքրութիւնը մշակելու, 5–րդ պարբերութենէն թելադրութիւն մը գործածելով։
Երգեցողութիւն թիւ 21
Յուլիս 28–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յուլիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Օգոստոսին ներկայացուելիք հրատարակութիւնը նշէ եւ ներկայացում մը ցուցադրէ։
15 վյրկ. ՄԵՐ ՍՏԻՊՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԸ ՊԱՀՊԱՆԵՆՔ։ Խանդավառ դասախօսութիւն մը, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յունուար 2007, էջ 11-12, պարբերութիւն 17-21–ի վրայ։
20 վյրկ. ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ԸՆԹԱՑԻԿ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Զարթի՛ր Օգոստոս եւ Դիտարան 1 Օգոստոս թիւերուն վրայ։ Իւրաքանչիւր պարբերաթերթին համառօտ ամփոփումը ներկայացնելէ ետք, ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ո՛ր յօդուածները կրնան տեղական թաղամասին մէջ մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժել եւ ինչո՛ւ։ Ներկաներէն խնդրէ որ թելադրութիւններ տան, գործածելով կարգ մը յօդուածներ՝ զորս կը ծրագրեն ներկայացնել։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար ի՞նչ հարցում կրնայ ուղղուիլ։ Ապա յօդուածին մէջ ո՞ր համարը կարելի է կարդալ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ներկայացումի նմոյշներ գործածելով կամ ներկաներուն թելադրած մէկ ներկայացումը գործածելով, ցուցադրէ թէ իւրաքանչիւր պարբերաթերթ ի՛նչպէս կրնայ ներկայացուիլ։
Երգեցողութիւն թիւ 162
Օգոստոս 4–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 222
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. ԶԱՒԱԿՆԵՐԴ ԻՐԵՆՑ ՅԱՏՈՒԿ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱ՞Ծ ԵՆ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Ուրուագծէ դպրոցին մէջ Քրիստոնեայ դեռատիներուն դիմագրաւած կարգ մը մարտահրաւէրները։ Բացատրէ թէ ծնողներ եւ անոնց զաւակները ի՛նչպէս կրնան Դիտարանի հրատարակութիւններու նիւթերու ցանկ–ը գործածել օգտակար տեղեկութիւններ գտնելու համար։ Կարգ մը օրինակներ տուր։ (Տես՝ «Դպրոցներ» խորագիրը, «փորձառութիւններ» ենթախորագիրը։) Քրիստոնէական ընտանիքներու մէջ մեծցած անհատներէն խնդրէ որ պատմեն, թէ իրենց ծնողքը ի՛նչպէս զիրենք պատրաստեց մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու եւ դպրոցին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքներ կիրարկելու։ Անոնք նաեւ կրնան նշել իրենց պատրաստած դպրոցական պարտականութիւնները՝ գործածելով Զարթի՛ր–ին բովանդակած նիւթերը։ Թող բացատրեն թէ իրենց յատուկ թաղամասին մէջ քարոզելը ի՛նչպէս զիրենք պաշտպանած է։
20 վյրկ. «Ամրոցներ կը քակենք»։ Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն, թէ իրենց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող անհատը ի՛նչպէս իրենց օգնեց որ իրենց ամրօրէն կառչած սուտ կրօնական հաւատալիքներէն ձերբազատուին։
Երգեցողութիւն թիւ 143
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։