Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, հոկտեմբեր 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 1 սեպտեմբերէն մինչեւ 27 հոկտեմբեր 2008 շաբաթներուն նշանակումները։
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ մարդիկ ինչո՛ւ որոշ բաներու կը հաւատան։ [կօ էջ 259 պարբ. 1, 2]
2. Ի՞նչպէս կրնանք անհատի մը օգնել որ իր սրտէն կանխադատութիւնը կամ ատելութիւնը վանէ։ [կօ էջ 260 պարբ. 2]
3. Ի՞նչպէս կրնանք մեր աշակերտներուն օգնել իրենց սիրտը քննելու, որ շարունակեն հոգեւորապէս աճիլ։ [կօ էջ 261 պարբ. 3]
4. Մինչ կը ջանանք ունկնդիրներուն սրտին հասնիլ, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։ [կօ էջ 262 պարբ. 5]
5. Ժողովքային հանդիպումներուն, ինչո՞ւ ժամանակաւորումին ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ [կօ էջ 263 պարբ. 1, 3, շրջանակ]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ի՞նչ բան Պօղոսը մղեց որ Կորնթացիներուն իր առաջին նամակը գրէ։ [si էջ 210 պարբ. 3]
7. Ի՞նչ պատճառներով Պօղոս իր երկրորդ նամակը գրեց Կորնթացիներուն։ [si էջ 214 պարբ. 1-2]
8. Քրիստոնեաները ծառայութեան հանդէպ ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենան։ [si էջ 216-217 պարբ. 18]
9. Փիլիպպէի եղբայրներուն պէս, ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ եւ մեր եղբայրներուն ուրախութեան պատճառ մը ըլլալ։ [si էջ 225 պարբ. 12]
10. Պօղոս եւ իր ընկերակիցները Թեսաղոնիկէի ժողովքին վրայ ի՞նչ դրական ազդեցութիւններ ունեցան։ [si էջ 231 պարբ. 13]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘չար անհատը Սատանային մատնել, մարմնին կորսուելուն համար, որպէսզի հոգին փրկուի’ (Ա. Կոր. 5։5)։ [դ08 7/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է. Ա. եւ Բ. Կորնթացիս նամակներէն աչքառու կէտեր»]
12. Յիսուսի մահը ո՞րքան յաճախ պէտք է յիշատակուի եւ մինչեւ ե՞րբ (Ա. Կոր. 11։26)։ [դ08 7/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է. Ա. եւ Բ. Կորնթացիս նամակներէն աչքառու կէտեր»]
13. Բ. Կորնթացիս 12։2-4–ի մէջ ի՞նչ տեսիլք կը նշուի, եւ հաւանաբար ո՞վ զայն տեսաւ։ [դ04 11/1 էջ 8 պարբ. 4. էջ 10 պարբ. 9]
14. Պօղոս ինչո՞ւ մովսիսական օրէնքը նմանցուց «դաստիարակ»ի մը, որ աստուածավախ հրեաները ‘Քրիստոսին բերաւ’ (Գաղ. 3։24)։ [w08 3/1 էջ 18-21]
15. Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ աղօթեց որ եղբայրներուն «բոլոր հոգին եւ շունչը ու մարմինը անարատ պահուի» (Ա. Թես. 5։23)։ [դ08 9/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է. թեսաղոնիկեցիներուն եւ Տիմոթէոսի յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր»]