Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ հոկտեմբեր 1-19. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ, Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու քննարկեցէք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով։ Հոկտեմբեր 20–նոյեմբեր 16. Մասնայատուկ արշաւ՝ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը բաշխելու համար։ Նոյեմբեր 17-30. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տանտէրը ըսէ թէ զաւակներու տէր է, Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը ներկայացուցէք։ Յունուարին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը այս գիրքը ունի, կրնաք ներկայացնել 192 էջնոց հին գիրքեր կամ 1992–էն առաջ հրատարակուած գիրքեր, բացի հետեւեալ գիրքերէն. Կեանքը ի՞նչպէս գոյացաւ՝ բարեշրջութեա՞մբ թէ ստեղծագործութեամբ, Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը, Մարդկութիւնը որ Աստուած կը փնտռէ եւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ։
◼ Որովհետեւ նոյեմբեր ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան հոյակապ ամիս մը ըլլալ։
◼ Ծանօթութիւն՝ վերակացու տեսուչին եւ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի տեսուչին։ Ժողովքային հանդիպումի նոր ծրագիրը պիտի սկսի դեկտեմբեր 29–ով սկսող շաբաթը, ինչպէս ցոյց պիտի տայ դեկտեմբեր 2008–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը։ Երբ սոյն շաբթուան Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղը կը վարէք, «2009–ի Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի ծրագիր»ին մէջ նշուած հրահանգներուն կառչեցէք։ Այդ երեկոյ, խօսակցութեան յատկութիւնը նկատի պիտի չառնուի։
◼ Բժշկութիւնը կը դիմագրաւէ արիւն չգործածելու մարտահրաւէրը խորագրով տեսաերիզը նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան ժողովի մը մէջ՝ յունուարի ընթացքին։ Ի պահանջել հարկին, ժողովքին միջոցով կրնաք զայն ապսպրել՝ կարելի եղածին չափ շուտ։