Ընթերցելու սահմանափակ կարողութիւն ունեցողներուն սորվեցնել
1. Ծառայութեան մէջ ի՞նչ մարտահրաւէր կրնանք դիմագրաւել։
1 Երբ մեր ծառայութեան կը մասնակցինք, երբեմն կը դիմագրաւենք կարդալու դժուարութիւն ունեցող անհատներու ճշմարտութիւնը սորվեցնելու մարտահրաւէրը։ Ի՞նչ կրնանք ընել։
2. Ընթերցելու սահմանափակ կարողութիւն ունեցողներուն արժանապատուութիւնը ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ կը յարգենք։
2 Անոնց արժանապատուութիւնը յարգէ։ Եհովայի համար կարեւորը անհատին սիրտի վիճակն է, եւ ո՛չ թէ անոր աշխարհիկ ուսումը (Ա. Թագ. 16։7. Առ. 21։2)։ Հետեւաբար, ընթերցելու սահմանափակ կարողութիւն ունեցողներուն ցած աչքով չենք նայիր։ Այսպիսիներ մեր օգնութիւնը դիւրաւ կ’ընդունին, երբ յարգանք ու համբերութիւն ցուցաբերենք (Ա. Պետ. 3։15)։ Ասիկա թերեւս պարփակէ չպնդել որ անհատը համար մը կամ պարբերութիւն մը կարդայ։ Աստուածաշունչի թանկագին ճշմարտութիւնները սորվելու մէջ յառաջդիմելով, ան պիտի ցանկայ իր կարդալու կարողութիւնը բարելաւել, որպէսզի ուրախութեամբ «ցորեկ ու գիշեր» Աստուծոյ Խօսքը կարդայ (Սաղ. 1։2, 3)։
3. Ուսուցանելու ի՞նչ մեթոտներ կրնան գործածուիլ՝ ընթերցելու սահմանափակ կարողութիւն ունեցողներուն սորվեցնելու համար։
3 Սորվեցնելու ի՛նչ մեթոտներով վարել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները։ Պատկերները՝ ուսուցանելու եւ յիշելու նպաստող հոյակապ գործիք են։ Կրնաս աշակերտին հարցնել, թէ հրատարակութեան մէկ պատկերին մէջ ի՛նչ կը տեսնէ։ Ապա մասնայատուկ հարցումներ ուղղէ, իրեն օգնելու որ պատկերին սորվեցուցած կէտը հասկնայ։ Գործածէ այնպիսի համարներ, որոնք պատկերին հետ կապ ունին։ Պատկերներուն միջոցաւ կրնաս նաեւ դասը վերաքաղ ընել։ Մէկ նիստի մէջ շատ նիւթ մի՛ ծածկեր։ Ընդգծէ դասին բնաբանը եւ գլխաւոր կէտերը, եւ մի՛ մէջբերեր յաւելեալ մանրամասնութիւններ։ Համարները ուղղակի Աստուածաշունչէն կարդա՛, եւ հարցումներ ուղղելով վստահ եղիր թէ աշակերտը բովանդակութիւնը կը հասկնայ։ Ասիկա կրնայ անոր փափաքը աւելցնել, որ իր կարդալու կարողութիւնը բարելաւէ, որպէսզի կարենայ յաւելեալ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ պրպտել։
4. Ի՞նչպէս կրնանք մեր աշակերտին օգնել, որ ընթերցելու իր կարողութիւնը բարելաւէ։
4 Ընթերցանութիւնը բարելաւելու նպաստող բաներ։ Ընթերցելու սահմանափակ կարողութիւն ունեցող կամ սահունութեամբ չկարդացող անհատներ, տեղեկութիւնները շատ լաւ կերպով կրնան հասկնալ ու մտաբերել։ Զանոնք քաջալերէ, որ մեր հրատարակութիւններուն ձայնագրութիւնները գործածեն։ Անհատը իր կարդալու հմտութիւնը պիտի բարելաւէ, ընթերցողին ուշի–ուշով մտիկ ընելով, մինչ գործածուած հրատարակութեան կը հետեւի ու նոյնիսկ բառերը մեղմաձայն կը կրկնէ։ Օգտաշատ է նաեւ Միտք դիր կարդալու եւ գրելու գրքոյկը։ Իսկ կարգ մը շրջաններու մէջ, երէցները կրնան ժողովքին մէջ ընթերցանութեան դասարաններ կազմակերպել։ Այս գործնական թելադրութիւններէն օգտուելով, օգնենք ընթերցելու սահմանափակ կարողութիւն ունեցողներուն, որ հասկնան «սուրբ գրքերը», որոնք կրնան իմաստուն ընել զիրենք՝ փրկուելու (Բ. Տիմ. 3։15)։