Քրիստոնեայ քարոզիչները պէտք է աղօթեն
1. Մեր ծառայութիւնը ամբողջացնելու համար ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։
1 Ծառայութիւնը առանձին չենք կրնար ամբողջացնել։ Գործը կատարելու համար, Եհովա մեզի զօրութիւն կու տայ (Փլպ. 4։13)։ Ան իր հրեշտակները կը գործածէ մեզի օգնելու, որ ոչխարանման անհատներ գտնենք (Յայտ. 14։6, 7)։ Եհովա՛ն կ’աճեցնէ մեր ցանած ու ջրած ճշմարտութեան սերմերը (Ա. Կոր. 3։6, 9)։ Արդ, ո՜րքան կարեւոր է որ քրիստոնեայ քարոզիչները աղօթքով ապաւինին իրենց երկնաւոր Հօր։
2. Ի՞նչ կարգ մը բաներու համար կրնանք աղօթել։
2 Մեր անձին համար։ Ամէն անգամ որ քարոզչութեան կը մասնակցինք, պէտք է աղօթենք (Եփ. 6։18)։ Ի՞նչ կարգ մը բաներու համար կրնանք աղօթել։ Կրնանք աղօթքով խնդրել, որ մեր թաղամասին հանդէպ դրական կեցուածք ունենանք ու համարձակ ըլլանք (Գործք 4։29)։ Կրնանք Եհովայէ խնդրել, որ մեզի օգնէ պարկեշտամիտ անհատներու հանդիպելու, որոնք կ’ուզեն Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Եթէ տանտէրը մեզի հարցում մը ուղղէ, կրնանք լռելեայն աղօթել օգնութիւն խնդրելով, որ պատշաճօրէն պատասխանենք (Նէ. 2։4)։ Կրնանք նաեւ իմաստութիւն խնդրել, որպէսզի շարունակենք ծառայութեան նախապատուութիւն տալ (Յակ. 1։5)։ Ասկէ զատ, Եհովա կը հաճի, երբ իր ծառաները ըլլալու առանձնաշնորհումին համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք (Կող. 3։15)։
3. Ուրիշներու համար աղօթելը ինչպէ՞ս քարոզչութեան կը նպաստէ։
3 Ուրիշներու համար։ Նաեւ պէտք է աղօթենք «իրարու համար», նոյնիսկ հաւատակիցներուն անունները նշելով, երբ յարմար է (Յակ. 5։16. Գործք 12։5)։ Վատառողջութիւնը՝ քարոզչութեան մէջ բերած բաժինդ կը սահմանափակէ՞։ Ուրեմն աղօթէ՛ ի նպաստ լաւ առողջութիւն ունեցող հաւատակիցներուդ։ Երբեք մի՛ ստորագնահատեր այս աղօթքներուդ զօրութիւնը։ Նաեւ պատշաճ է աղօթել իշխանութիւններուն համար, որ քարոզչութեան հանդէպ դրական կեցուածք ունենան ու մեր եղբայրները կարենան «խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարել» (Ա. Տիմ. 2։1, 2)։
4. Ինչո՞ւ ստէպ աղօթքի պէտք է կենանք։
4 Բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ ծանուցանելը հսկայ նշանակում մըն է։ Եթէ ‘ստէպ աղօթքի կենանք’, Եհովայի օգնութեամբ կրնանք գործը ամբողջացնել (Հռով. 12։12)։