Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, յունիս 28–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը պիտի վարէ 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը, որ կ’ընդգրկէ մայիս 3–ով սկսող շաբաթէն մինչեւ յունիս 28–ով սկսող շաբաթը ներկայացուած նիւթերը։
1. Աբենների վրայ Դաւիթի ողբալէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ (Բ. Թագ. 3։31-34)։ [դ05 6/1 էջ 29 պարբ. 5. դ06 8/1 էջ 10 պարբ. 9-10]
2. Նաթան ի՞նչ սխալ գործեց, եւ ինչո՞ւ որպէս Եհովայի մարգարէ չմերժուեցաւ (Բ. Թագ. 7։3)։ [rs էջ 134 պարբ. 8 (կամ՝ էջ 80 պարբ. 4, արաբ.)]
3. Բ. Թագաւորաց 7։14–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։ [it-1 էջ 273 պարբ. 3. it-2 էջ 818 պարբ. 2]
4. Ինչպէ՞ս սիրառատ բարութեան արտայայտութիւն մըն էր՝ ի՛նչ որ Դաւիթ Մեմփիբոսթէի համար ըրաւ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեզի (Բ. Թագ. 9։7)։ [դ02 6/1 էջ 15 պարբ. 5]
5. Գեթացի Եթթիի եւ Դաւիթ թագաւորի փոխյարաբերութենէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել (Բ. Թագ. 15։19-22)։ [w09 5/15 էջ 27-28]
6. Ինչպէ՞ս կրնանք Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել, թէ Մեմփիբոսթէի դէմ Սիբայի ամբաստանութիւնը սուտ էր (Բ. Թագ. 16։1-4)։ [դ02 3/1 էջ 8 պարբ. 11, ստորանիշ]
7. Երբ Դաւիթ 80 տարեկան Բերզելիի առաջարկեց, որ իր պալատի անձնակազմին միանայ, Բերզելի ինչո՞ւ Քամաամը յանձնարարեց (Բ. Թագ. 19։33-37)։ [դ07 6/1 էջ 25 պարբ. 13]
8. Եհովայի խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս Դաւիթը մեծցուց (Բ. Թագ. 22։36, ՆԱ)։ [w07 11/1 էջ 5 պարբ. 2. w04 11/1 էջ 29]
9. Ադոնիա ինչո՞ւ փորձեց գահին տիրանալ, մինչ Դաւիթ տակաւին ողջ էր (Գ. Թագ. 1։5)։ [դ05 7/1 էջ 8 պարբ. 5]
10. Երբ Սողոմոն աղօթքով խնդրեց իմաստութիւն ու խորատեսութիւն, Եհովա ինչո՞ւ պատասխանեց (Գ. Թագ. 3։9)։ [դ05 7/1 էջ 9 պարբ. 5]