Յունիս 28–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՅՈՒՆԻՍ 28–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 113
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Գ. Թագաւորաց 3-6
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
□ Ծառայութեան ժողով
Երգ 129
5 վյրկ. Ծանուցումներ։
15 վյրկ. Պատրաստուէ Դիտարան–ը առաջարկելու։ Քննարկում ներկաներուն հետ։ Մէկ կամ երկու վայրկեան տրամադրէ, պարբերաթերթին բովանդակութիւնը աչքէ անցընելու։ Ապա ընտրէ երկու կամ երեք յօդուած, եւ ներկաներէն խնդրէ որ թելադրեն հարցումներ ու համարներ, զորս կրնան ներկայացման մը մէջ գործածել։ Ցուցադրէ թէ պարբերաթերթը ինչպէ՛ս կրնայ ներկայացուիլ։ Եզրափակէ յաւելեալ ցուցադրութեամբ մը, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերայցելութեան ընթացքին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ (տե՛ս թծ 8/07 էջ 3)։
15 վյրկ. Մանկութենէն մարզուած։ Քննարկում ներկաներուն հետ։ Տիմոթէոս ճանչցուած էր որպէս նախանձախնդիր ու հմուտ աւետարանիչ (Փլպ. 2։20-22)։ Ասիկա որոշ չափով այն հոգեւոր հիման շնորհիւ էր, զոր ստացաւ իր մօրմէն ու մեծ մօրմէն, մինչ մանուկ էր (Բ. Տիմ. 1։5. 3։15)։ Հետեւեալ աստուածաշնչական թելադրութիւնները ծնողներուն պիտի օգնեն, որ իրենց զաւակները մարզեն լաւ աւետարանիչներ ըլլալու։ 1) Զաւակդ ծառայութեան տար, անմիջապէս որ կարելի ըլլայ. իր տարիքին ու կարողութեան համաձայն, զինք մարզէ որ մասնակցի (Առ. 22։6)։ 2) Ծառայութեան նախապատուութիւն տալով, լաւ օրինակ հանդիսացիր (Փլպ. 1։9, 10)։ 3) Ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին եւ այլ առիթներով, քարոզչութեան հանդէպ սէր ու գնահատանք քանդակէ (Բ. Օր. 6։6, 7)։ 4) Վերաբերմունքիդ ու խօսքիդ մէջ, ծառայութեան նկատմամբ դրական եղիր (Փլպ. 3։8. 4։8. Ա. Տիմ. 1։12)։ 5) Ընտանեօք ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցեցէք, զայն սովորութիւն դարձնելով (Գործք 5։41, 42)։ 6) Նախանձախնդիր քարոզիչներու ընկերակցեցէք (Առ. 13։20)։ Ներկաներէն խնդրէ, որ թուեն մասնայատուկ բաներ, զորս իրենց ծնողները ըրին, իրենց օգնելով որ ծառայութիւնը հաճոյալի եւ ազդու դառնայ։
Երգ 59