Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 յունիս
«Բնաւ հարց տուա՞ծ ես, թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատէ թէ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը ինչպէ՛ս արտայայտեց հարց մը, որ շատերու կողմէ յարուցուած է։ [Կարդա՛ Սաղմոս 10։1–ը։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչին հիման վրայ կը քննարկէ, թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ եւ ամոքում բերելու համար ի՛նչ կ’ընէ»։
Դիտարան 1 յուլիս
«Անցեալ տարիներուն հակառակը, ներկայիս շատ մը եկեղեցիներ մեղքի մասին չեն խօսիր։ Կը խորհի՞ս թէ մեղքը հնաձեւ գաղափար մըն է, թէ ոչ՝ անոր ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։12–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչը մեղքին մասին ի՛նչ կ’ըսէ»։