Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 յունիս
«Քու կարծիքովդ, ի՞նչ բան կը դժուարացնէ որ անհատ մը Աստուծոյ հաւատայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հետեւեալ համարին համաձայն, հաւատքը կարեւոր է։ [Կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ չորս քայլեր, զորս կրնանք առնել մեր հաւատքը զօրացնելու համար»։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 յուլիս
«Երեխաներու դաստիարակութեան, սիրոյ եւ անձնական իրագործումներու շուրջ դիւրուսոյց գիրքերը ժողովրդական են։ Անձամբ զանոնք օգտակար գտա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր վստահելի խրատներու սա աղբիւրը կ’անտեսեն։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ եւ օրինակներ կու տայ անոր բովանդակած գործնական խրատներուն մասին»։