Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբեր. Աստուածաշունչը ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ։ Դեկտեմբեր. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տան մէջ երեխաներ կան, ներկայացուցէք Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը։ Յունուար. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, ներկայացուցէք ժողովքին ունեցած գիրքերը, ինչպէս՝ Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ եւ Երկրպագէ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ, կամ այլ հրատարակութիւններ, որոնք դաշտի ծառայութեան մէջ կը գործածուին։