Դաշտի ծառայութեան վերաբերող ուշագրաւ կէտեր
Ուրախութեամբ կը նշենք թէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, յունիս ամսուան ընթացքին՝ 5042 հրատարակիչներ մկրտուեցան։ Նաեւ, կանոնաւոր ռահվիրաներուն թիւը՝ 7,7 տոկոսով բարձրացաւ անցեալ ծառայութեան տարուան թիւին վրայ։ Թըրքս եւ Գայգըս Կղզիներուն մէջ, հրատարակիչները արդարեւ ‘հոգիով կը բորբոքին’ (Հռով. 12։11)։ Այս նոյն ժամանակամիջոցին, անոնք վերայցելութիւններուն մէջ 44,3 առ հարիւր յաւելում արձանագրեցին, իսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն մէջ՝ 48,9 առ հարիւր յաւելում։ Յունիսին ձեռք ձգուեցաւ աննախընթաց բարձրագոյն թիւը՝ 251 հրատարակիչներ։