Մենք ամէն ատեն քարոզիչներ ենք
1. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ առաջին դարու աւետարանիչները իրենք զիրենք ամէն ատեն քարոզիչներ կը նկատէին։
1 Առաջին դարու նախանձախնդիր աւետարանիչները բարի լուրը ‘անդադար’ հռչակեցին՝ ուր որ մարդիկ կը գտնուէին (Գործք 5։42)։ Ուստի, չենք կրնար երեւակայել, թէ երբ տունէ–տուն կ’երթային, ճամբուն վրայ իրենց հանդիպած մարդոց չէին քարոզեր։ Ո՛չ ալ դաշտի ծառայութիւնը վերջացնելէ ետք, շուկան գնում ընելու ժամանակ, անոնք անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւն մը պիտի փախցնէին։ Յիսուսի նման, անոնք իրենք զիրենք ամէն ատեն քարոզիչներ կը նկատէին (Մար. 6։31-34)։
2. Մեր անուան համաձայն ապրելուն մէջ ի՞նչ պարփակուած է։
2 Միշտ պատրաստ։ Մեր անունը՝ Եհովայի վկաներ, միայն չի նկարագրեր թէ ի՛նչ կ’ընենք, այլ՝ ո՛վ ենք (Եսա. 43։10-12)։ Ուստի, մենք միշտ պատրաստ ենք մեր յոյսին մասին պատասխան տալու, նո՛յնիսկ երբ տունէ–տուն չենք երթար (Ա. Պետ. 3։15)։ Արդեօք կ’ակնկալե՞ս պարագաներ, որոնք քեզի թոյլ կրնան տալ որ անպաշտօն կերպով վկայես, եւ ապա կը մտածե՞ս թէ ի՛նչ կրնաս ըսել։ Քեզի հետ հրատարակութիւններ կը պահե՞ս, որպէսզի հետաքրքրուող անհատներու բաժնես (Առ. 21։5)։ Միա՞յն տունէ–տուն կը քարոզես, թէ ոչ բարի լուրը այլ վայրերու մէջ գտնուող մարդոց ալ կը տարածես, եթէ պարագաները ներեն։
3. Ինչո՞ւ «տարբեր» բառը լաւագոյն բառը չէ, որ կը նկարագրէ փողոցին, կառավայրերուն, զբօսայգիներուն, առեւտրական թաղամասերուն եւ այլ շրջաններու մէջ կատարուող քարոզչութիւնը։
3 Ոչ թէ «տարբեր» վկայութիւն։ Անցեալին, ատեններ «տարբեր» բառը գործածեցինք, ակնարկելու համար այն քարոզչութեան որ կը կատարենք փողոցին, կառավայրերուն, զբօսայգիներուն, առեւտրական թաղամասերուն եւ այլ շրջաններու մէջ։ Սակայն, «տարբեր» բառը այնպէս մը կրնայ հասկցուիլ, թէ այսպիսի ջանքեր արտասովոր, արտակարգ կամ ընտրողական են։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, թէ ինք «հրապարակաւ» եւ տունէ– տուն քարոզեց (Գործք 20։20)։ Ուստի, «հրապարակաւ» վկայել արտայայտութիւնը աւելի յարմար պիտի ըլլայ, քան՝ «տարբեր» վկայութիւնը։ Ճիշդ է որ տունէ–տուն ծառայութիւնը կը շարունակէ մեր գլխաւոր եւ ամէնէն ազդու կերպը ըլլալ՝ Թագաւորութեան պատգամը մարդոց հասցնելու. սակայն, առաջին դարու աւետարանիչները մարդո՛ց վրայ կեդրոնացան եւ ոչ թէ տուներու վրայ։ Անոնք ամէն պատեհութիւն օգտագործեցին ճշմարտութեան մասին խօսելու,– հրապարակաւ, անպաշտօն կերպով եւ տունէ–տուն։ Թող որ նոյն մտավիճակը ունենանք, որպէսզի մեր ծառայութիւնը լիովին կատարենք (Բ. Տիմ. 4։5)։