Դեկտեմբեր 12–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 12–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 27 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Վկայութիւն տանք գլուխ 14 պարբ. 1-5, էջ 112–ի շրջանակը (25 վյրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Եսայի 6-10 (10 վյրկ.)
Թիւ 1. Եսայի 6։1-13 (4 վյրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Աստուած ինչո՞ւ շատ ժամանակ կը թոյլատրէ՝ ամբարիշտները կործանելէ առաջ (rs էջ 241 պարբ. 1-3 [էջ 90 պարբ. 4-6, արաբ.]) (5 վյրկ.)
Թիւ 3. Սէրը ինչո՛ւ բնաւ չ’իյնար (Ա. Կոր. 13։8. Ա. Յովհ. 4։8) (5 վյրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Երգ 112
5 վյրկ. Ծանուցումներ։
15 վյրկ. 2012–ի Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը։ Դպրոցի տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ 2012–ի յայտագրէն քննարկէ կէտեր, որոնք տեղականօրէն պէտք է շեշտուին։ Օժանդակ խրատատուին դերը վերաքաղ ըրէ։ Բոլորը քաջալերէ, որ ժրաջանօրէն իրենց նշանակումները կատարեն, Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերուն մասնակցին եւ Ծառայութեան դպրոց–ի գրքէն ամէն շաբաթ տրուած թելադրութիւնները կիրարկեն։
15 վյրկ. «Մենք ամէն ատեն քարոզիչներ ենք»։ Հարց–պատասխան։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, հակիրճ հարցազրոյց մը ունեցիր հրատարակիչի մը հետ, որ անպաշտօն ծառայութեան մէջ ազդու է։ Հրատարակիչէն խնդրէ որ բացատրէ թէ ինչպէ՛ս նախապէս կը պատրաստուի, եւ թող որ գեղեցիկ փորձառութիւն մը պատմէ։
Երգ 10 եւ աղօթք