Հարցումի տուփ
◼ Ի՞նչ բան պէտք է ի մտի ունենանք, եթէ կ’ուզենք որ մեր մահէն ետք մեր ինչքէն մաս մը կամ ամէնը Եհովայի կազմակերպութեան երթայ։
Երբ մարդիկ մեռնին, այլեւս իրենց նիւթական ստացուածքը իրենց հակակշռին տակ չ’ըլլար (Ժող. 9։5, 6)։ Ուստի, բազմաթիւ մարդիկ կանխաւ կտակ մը կը պատրաստեն, որուն մէջ կը բացատրեն թէ իրենց ստացուածքը ինչպէ՛ս կ’ուզեն որ բաժնուի (Դ. Թագ. 20։1)։ Այս օրինական փաստաթուղթը ընդհանրապէս նաեւ ցոյց կու տայ թէ կտակարարը ո՛վ նշանակած է որպէս կտակակատար։ Եթէ կտակը չէ պատրաստուած, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, իշխանութիւնները իրենք կ’որոշեն մահացած անհատին ինչքը ինչպէ՛ս բաժնել։ Հետեւաբար, եթէ մեր ստացուածքին առնչութեամբ մասնայատուկ փափաքներ ունինք, զոր օրինակ՝ թէ մաս մը կամ ամէնը Եհովայի կազմակերպութեան երթայ, կարեւոր է որ զայն նշող կտակ մը պատրաստենք եւ կտակակատարը ուշադրութեամբ ընտրենք։
Կտակակատարը ծանր պատասխանատուութիւն ունի։ Ունեցուածքը բաժնելը կրնայ բազմաթիւ մանրամասնութիւններ պարփակել եւ շատ ժամանակ սպառել։ Ասկէ զատ, իշխանութիւնները յաճախ կ’ունենան ուղեգծեր, որոնց պէտք է հետեւիլ։ Ժողովքին մէջ ո՛չ մէկ անդամ ինքնաբերաբար լաւ կտակակատար է։ Պէտք է ընտրենք անհատ մը, որ գիտենք թէ ատակ, վստահելի եւ մեր փափաքածը կատարելու յօժար է (տե՛ս «Ունեցուածքը ծրագրելու իմաստութիւնն ու օգուտները» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի 8 դեկտեմբեր 1998 թիւին մէջ [անգլ.])։
Եթէ քեզմէ խնդրուի որ կտակակատար ըլլաս։ Եթէ քեզի հարցուի որ արդեօք կ’ուզե՛ս անհատի մը մահէն ետք այս օրինական պատասխանատուութեան հոգ տանիլ, նախ՝ ծախքը հաշիւ ըրէ եւ աղօթքով որոշէ թէ արդեօք կրնա՛ս այս պատասխանատուութիւնը շալկել (Ղուկ. 14։28-32)։ Անհատին մահէն ետք, կտակին մէջ նշուած բոլոր անհատները տեղեակ պահէ։ Ապա օրէնքին եւ կտակին նշածին համաձայն ունեցուածքը բաշխէ։ Ունեցուածքը ըլլա՛յ շատ թէ քիչ, չես կրնար կտակին ըսածը անտեսել։ Իսկ Եհովայի վկաներու գործածած օրինական հիմնարկի մը տրամադրուած որեւէ նուէր, հիմնադրամ է՝ որ Եհովայի կազմակերպութեան կը պատկանի (Ղուկ. 16։10. 21։1-4)։