Յունիս 25–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՅՈՒՆԻՍ 25–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 38 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Վկայութիւն տանք գլուխ 22 պարբ. 15-21 (25 վյրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Եզեկիէլ 1-5 (10 վյրկ.)
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ (20 վյրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Երգ 143
10 վյրկ. Ծանուցումներ։ Էջ 4–ի վրայ գտնուող ներկայացումի նմոյշը գործածէ, ցուցադրելու համար թէ ինչպէ՛ս կարելի է պարբերաթերթերը գործածելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսիլ յուլիսի առաջին շաբաթ օրը։
15 վյրկ. Ծառայութեան ատեն, ժամանակդ իմաստութեամբ գործածէ (Եփ. 5։15, 16)։ Քննարկութիւն հիմնուած՝ հետեւեալ հարցումներուն վրայ. 1) Մեր ժամանակը ինչպէ՞ս կրնանք իմաստութեամբ գործածել, երբ ա) դաշտի ծառայութեան ժողովը կը վարենք, բ) դաշտի ծառայութեան ժողովը աւարտի, գ) մեր ինքնաշարժի խումբին մէջ հրատարակիչ մը, հետաքրքրուած անհատի հետ երկար խօսակցութիւն ունենայ, դ) ընդարձակ շրջանի մէջ վերայցելութիւններ կ’ընենք։ 2) Ժամանակը ինչպէ՞ս կը խնայուի, երբ ա) դաշտի ծառայութեան ժողովէն առաջ մեր ընտանիքը կերակրենք, եթէ կարելի է, բ) բոլորը ճիշդ ժամանակին հասնին դաշտի ծառայութեան ժողովին, գ) ժողովը վարողին լաւ ուշադրութիւն ընծայենք մինչ խումբերը կը կարգաւորէ եւ անհարկի փոփոխութիւններ չընենք դաշտի ծառայութեան ժողովը աւարտելէ ետք, դ) բոլորը գիտնան թէ ո՛ւր պիտի ծառայեն, առաջ որ թաղամաս երթան։
10 վյրկ. Յուլիսին ներկայացուելիք հրատարակութիւնները։ Քննարկութիւն։ Նկատի առ ներկայացուելիք հրատարակութիւններուն յատկանշական երեսակները, եւ մէկ կամ երկու ներկայացում ցուցադրէ։
Երգ 160 եւ աղօթք