Օգոստոս 6–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՕԳՈՍՏՈՍ 6–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 47 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Վկայութիւն տանք գլուխ 24 պարբ. 16-21 (25 վյրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Եզեկիէլ 24-27 (10 վյրկ.)
Թիւ 1. Եզեկիէլ 24։15-27 (4 վյրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Աստուած ի՞նչ պարագաներու ներքեւ թոյլ տուաւ որ իսրայէլացիները պատերազմներ մղեն (rs էջ 271 պարբ. 5–էջ 273 պարբ. 1 [էջ 162 պարբ. 3–էջ 163 պարբ. 3, արաբ.]) (5 վյրկ.)
Թիւ 3. Եզեկիէլ 18։20–ը կը հակասէ՞ Ելից 20։5–ին (5 վյրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Երգ 59
5 վյրկ. Ծանուցումներ։
10 վյրկ. Ուսումնական նոր տարուան համար նախապատրաստուա՞ծ ես։ Քննարկութիւն։ Ներկաներէն խնդրէ որ թուեն, դպրոցին մէջ քրիստոնեայ պատանիներուն դիմագրաւելիք կարգ մը մարտահրաւէրները։ Բացատրէ թէ ծնողներ ինչպէ՛ս կրնան ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին գործածել Ցանկ–ը, Պատանիներ գրքերը եւ աստուածպետական այլ գործիքներ, իրենց զաւակները պատրաստելու որ փորձութիւններու ընդդիմանան եւ իրենց հաւատքը բացատրեն (Ա. Պետ. 3։15)։ Մէկ կամ երկու նիւթ ընտրէ, եւ մեր հրատարակութիւններէն քաղուած յարակից տեղեկութիւններ նշէ։ Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն, թէ ինչպէ՛ս կրցած են դպրոցին մէջ վկայել։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
10 վյրկ. Օգոստոս ամսուան մէջ պարբերաթերթերը առաջարկելու գաղափարներ։ Քննարկութիւն։ 30-60 երկվայրկեան տրամադրէ, որ ցոյց տաս թէ ինչո՛ւ պարբերաթերթերը թաղամասի մարդիկը պիտի հետաքրքրեն։ Ետքը, Դիտարան–ի կողքի յօդուածաշարքը գործածելով, ներկաներէն խնդրէ որ հետաքրքրութիւն արթնցնող հարցում մը առաջարկեն, եւ ապա խնդրէ որ առաջարկեն կարդացուելիք համար մը։ Նոյնը ըրէ Զարթի՛ր–ի կողքի յօդուածաշարքին հետ։ Եւ եթէ ժամանակը ներէ, մէկ պարբերաթերթէ նկատի առ յաւելեալ յօդուած մը։ Ցուցադրէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է իւրաքանչիւր պարբերաթերթ առաջարկել։
Երգ 123 եւ աղօթք