Յուլիս 15–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՅՈՒԼԻՍ 15–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 48 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Երեմիա գլուխ 12 պարբ. 1-7 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Գործք 18-21 (10 վրկ.)
Թիւ 1. Գործք 20։17-38 (4 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Քրիստոս ամպի մը վրայ տեսանելի կերպով պիտի երեւնա՞յ, եւ ետքը հաւատարիմ քրիստոնեաները երկինք պիտի առնէ՞ մինչ աշխարհ կը դիտէ (rs էջ 313 պարբ. 1-3 [էջ 383 պարբ. 2-4, արաբ.]) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ հոգիին համաձայն կը մտածենք (Հռով. 8։6) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
10 վյրկ. Աշակերտիդ սրտին հասիր (Ղուկ. 24։32)։ Քննարկութիւն հիմնուած՝ այս հարցումներուն վրայ։ 1) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարելու ատեն, ինչո՞ւ կարեւոր է շեշտել՝ ա) Եհովայի սէրն ու իմաստութիւնը, բ) աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկելուն արժէքը, գ) որոշում մը կայացնելէ առաջ միշտ Եհովային ուղղութիւնը փնտռելուն կարիքը։ 2) Հետեւեալ հարցումները աշակերտիդ հարցնելը քեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնէ, որ գիտնաս եթէ աշակերտիդ սրտին կը հասնիս կամ ոչ։ ա) Ասիկա տրամաբանական կը թուի՞ քեզի։ բ) Կը խորհի՞ս թէ ասիկա Աստուծոյ սիրոյն հետ ներդաշնակ է։ գ) Ըստ քեզի, այս խրատը կիրարկելը ի՞նչ օգուտ ունի։
20 վյրկ. «Պատանի՛ եղբայրներ, կը ձգտի՞ք»։ Հարց–պատասխան։ Հակիրճ հարցազրոյց ունեցիր երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը հետ, որ պատանի տարիքէն ձգտեցաւ։ Օգնական ծառայ նշանակուելէն առաջ, ան ի՞նչ նշանակումներ եւ ինչպիսի՞ մարզում ստացաւ։ Ժողովքին միւս անդամները իրեն ինչպէ՞ս օգնեցին որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Իր ձգտելուն շնորհիւ, ան ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած է։
Երգ 85 եւ աղօթք