Նոյեմբեր 17–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 17–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 26 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
«Աստուծոյ սէրը» գլուխ 15, պարբ. 1-9 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Բ. Օրինաց 23-27 (10 վրկ.)
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 25։17–26։10 (4 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Աստուածաշունչը հոգիին մասին ի՛նչ կ’ըսէ (rs էջ 375 պարբ. 4–էջ 376 պարբ. 4 [էջ 388 պարբ. 1-5, արաբ.]) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Զարդարանք,– ի՞նչ է Աստուածաշունչին տեսակէտը զարդարանքի առնչութեամբ (it-1 էջ 51 պարբ. 4-7) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
10 վրկ. Իսկական բարեկամը ո՞վ է։ Քննարկութիւն։ Աղբիւրը՝ Իսկական բարեկամը ո՞վ է խորագրով գրատախտակի վրայ շարժուն գծանկարը (Բաց jw.org կայքը եւ նայէ՛ անգլերէնով BIBLE TEACHINGS > TEENAGERS)։ Նիւթը սկսէ տեսաերիզը աշխատցնելով։ Ապա, հետեւեալ հարցումները ուղղէ ներկաներուն։ 1) Իսկական բարեկամը ո՞վ է։ 2) Բարեկամի մը մէջ ո՞ր յատկութիւնները պէտք է փնտռես։ 3) Ինչպէ՞ս կրնաս լաւ բարեկամ մը գտնել։ 4) Ի՞նչ ջանք պէտք է թափես, որպէսզի բարեկամութիւններդ աճին։
10 վրկ. Սէրը մեզ կը բնորոշէ։ Քննարկութիւն հիմնուած 2014–ի Տարեգիրք–ին վրայ, էջ 48–ի առաջին պարբերութենէն մինչեւ էջ 49–ի 3–րդ պարբերութիւնը. եւ էջ 69–ի առաջին պարբերութենէն մինչեւ էջ 70–ի 2–րդ պարբերութիւնը։ Ներկաներէն խնդրէ որ քաղուած դասերուն մասին մեկնաբանեն։
10 վրկ. «Հանրային վկայութեան հետաքրքրաշարժ եւ նոր մօտեցում մը»։ Հարց–պատասխան։ Եթէ ժողովքը ունի թաղամասեր, որոնց մէջ կան մարդոցմով խճողուած շրջաններ, հարցազրոյց ունեցիր ծառայութեան տեսուչին հետ, որպէսզի խօսի հանրային վկայութեան տեղական կարգադրութիւններուն մասին, եւ ներկաներէն խնդրէ որ փորձառութիւններ պատմեն։
Երգ 92 եւ աղօթք