Փետրուար 16–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 16–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 80 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Ուրախ լուրեր գլուխ 5, պարբ. 1-3 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Դատաւորաց 15-18 (8 վրկ.)
Թիւ 1. Դատաւորաց 16։13-24 (3 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Աստուածաշունչին պատգամը ի՞նչ է (Աստուծոյ Խօսքը էջ 8 պարբ. 1-4) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Խոնարհ, ճարտասան եւ նախանձախնդիր տղամարդ մը [Ապօղոս] (դ03 12/1 էջ 16-17 պարբ. 1-6) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. «Բարի գործերու նախանձախնդիր» եղէք (Տիտ. 2։14)։
15 վրկ. Պատրաստուէ բարի լուրը նախանձախնդրութեամբ ծանուցանելու։ Քննարկութիւն։ Ինչո՞ւ Եհովային աղօթելը ծառայութեան պատրաստուելու առաջին քայլն է (Սաղ. 143։10. Գործք 4։31)։ Ուրիշ ի՞նչ բանի պէտք ունինք (Եզր. 7։10)։ Մենք մեզ հոգեւորապէս պատրաստելէ ետք, ի՞նչ գործնական քայլեր պէտք է առնենք մեր հրատարակութիւնները եւ ծառայութեան պայուսակը կարգի դնելու։ Պատրաստուած ըլլալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք (տե՛ս Դիտարան–ի 1 յուլիս 2008 թիւը, էջ 22, պարբ. 9)։ Ծառայութեան ինչպէ՞ս կը նախապատրաստուիս։ Հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ թէ ինչպէ՛ս ծառայութեան կը նախապատրաստուի՝ աչքէ անցնելով այն թերթիկները, պարբերաթերթերը կամ գրքոյկները որոնք պիտի գործածէ։ Յետոյ, ան իր ծառայութեան պայուսակը կը դասաւորէ եւ վստահ կ’ըլլայ որ իր ելեկտրոնային սարքը աշխատցուելու պատրաստ է։ Շեշտէ թէ բոլորը պէտք է լա՛ւ պատրաստուին երբ ծառայութեան կը մեկնին (Բ. Տիմ. 3։17)։
15 վրկ. «Յիշատակատօնի շրջանին Եհովային ու Յիսուսին նախանձախնդրութիւնը պիտի ընդօրինակե՞ս»։ Հարց–պատասխան։ Յիշատակատօնի հրաւիրագիրներէն օրինակ մը բաժնէ հրատարակիչներուն, եւ անոր բովանդակութիւնը քննարկէ։ Հակիրճ ցուցադրութիւն մը ունեցիր, գործածելով էջ 4–ի ներկայացումը։
Երգ 30 եւ աղօթք