Ապրիլ 20–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԱՊՐԻԼ 20–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 3 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Ուրախ լուրեր գլուխ 10, հարցում 1-4 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Ա. Թագաւորաց 23-25 (8 վրկ.)
Թիւ 1. Ա. Թագաւորաց 23։13-23 (3 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Աստուածաշունչը ապագային նկատմամբ ի՞նչ կը խոստանայ (Աստուծոյ Խօսքը էջ 16 պարբ. 1-3) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Անձնուրացօրէն Եհովային ծառայէ [Բարուք] (դ08 10/1 էջ 16 պարբ. 7, 8) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. իմաստուններու պէս քալեցէք՝ ‘ժամանակը ծախու առնելով’ (եփ. 5։15, 16)։
15 վրկ. «Հրատարակութիւններու սայլակ գործածելով ինչպէ՛ս վկայել»։ Քննարկութիւն։ Հետեւեալը ցուցադրէ. երկու հրատարակիչներ սայլակի մը կամ ցուցասեղանի մը քով կեցած են։ Հրատարակիչներէն մէկը անցորդի մը պարզապէս կը ժպտայ։ Ապա միւս հրատարակիչը ուրիշ անցորդի մը կը ժպտայ, հարցում մը կ’ուղղէ անոր մինչ ան սայլակին կամ ցուցասեղանին կը մօտենայ եւ խանդավառ խօսակցութիւն մը կը սկսի։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս մօտեցումը գործածել, նոյնիսկ երբ ցուցասեղան կամ հրատարակութիւններու սայլակ չենք գործածեր։
15 վրկ. Ուրախանալու կանոնաւոր առիթներ։ Քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 2012 թիւին վրայ, էջ 31, 32, պարբ. 15-19։ Գալիք մարզային համաժողովին համար ներկաները խանդավառէ։ Բոլորին հետաքրքրութիւնը արթնցուր ներկայացուելիք նիւթերուն նկատմամբ, զիրենք քաջալերելով որ համաժողովի յայտագիրը աչքէ անցընեն jw.org կայքէն։
Երգ 75 եւ աղօթք