Նոյեմբեր 2–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 52 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գլուխ 1 պարբ. 14-27, եւ վերաքաղի հարցումները էջ 16 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Ա. Մնացորդաց 16-20 (8 վրկ.)
Թիւ 1. Ա. Մնացորդաց 17։15-27 (3 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Ուխտին տապանակը ի՞նչ էր եւ ի՞նչ կը պարունակէր (w06 1/15 էջ 31) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Եհովան կ’ատէ ստախօս լեզուն [Եղիփազ] (դ95 3/1 էջ 20 պարբ. 19, էջ 25 պարբ. 18) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. ‘Արմատ կապեցէք’ եւ ‘հաւատքի մէջ հաստատուեցէք’ (Կող. 2։6, 7)։
10 վրկ. Պարբերաթերթերը առաջարկէ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին։ Քննարկութիւն։ Նախ ցուցադրէ իւրաքանչիւր ներկայացումի նմոյշ։ Ապա ներկայացումի իւրաքանչիւր նմոյշ վերլուծէ, սկիզբէն մինչեւ վերջ։
10 վրկ. Տեղական կարիքներ։
10 վրկ. Ինչպէ՞ս աշխատեցանք։ Քննարկութիւն։ Հրատարակիչներէն խնդրէ որ ըսեն թէ ինչպէ՛ս օգտուեցան, երբ կարգ մը կէտեր կիրարկեցին «Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Աստուածաշունչի աշակերտները մարզել որ ուսումնասիրելու լաւ սովորութիւն զարգացնեն» յօդուածէն։ Նաեւ, խնդրէ որ լաւ փորձառութիւններ պատմեն։
Երգ 140 եւ աղօթք
Յիշեցում. Հաճեցէք նախ դաշնամուրի ձայնագրութիւնը մտիկ ընել, ապա ժողովքը թող երգէ նոր երգը։