Նոյեմբեր 16–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 16–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 17 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գլուխ 2 պարբ. 13-23, եւ էջ 24–ի վերաքաղի հարցումները (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Ա. Մնացորդաց 26-29 (8 վրկ.)
Թիւ 1. Ա. Մնացորդաց 29։20-30 (3 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Ի՞նչ կը նշանակէ «Քաւութիւն» (դ09 9/1 էջ 29-31 պարբ. 6-10, 15) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Աստուածավախ ու անմեղադրելի եղիր [Եղիսաբէթ] (it-1 էջ 719) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. «Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց» (Ա. Կոր. 3։6)։
10 վրկ. Շարունակեցէք ‘ջրել’ հետաքրքրութիւն ցոյց տուողները (Ա. Կոր. 3։6-8)։ Հարցազրոյց ունեցիր կանոնաւոր ռահվիրայի մը եւ հրատարակիչի մը հետ։ Անոնք վերայցելութիւններ ընելու ի՞նչ յայտագիր դրած են։ Անոնք ինչպէ՞ս կը նախապատրաստուին։ Եւ անհատ մը դարձեալ տունը գտնելու մարտահրաւէրին հետ ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլեն։ Ի՞նչ լաւ փորձառութիւններ ունեցած են։
20 վրկ. «Ձայնագրութիւնները ինչպէ՛ս գործածել»։ Հարց–պատասխան։ Բացատրէ թէ հրատարակիչներ ինչպէ՛ս կրնան ձայնագրութիւններ ունենալ jw.org կայքէն։ Ձայնագրութիւններէն մէկը մտիկ ընել տուր ներկաներուն։ Նաեւ խաղարկէ այն փորձառութիւնը, որ նշուած է Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին նոյեմբեր 2014 թիւին «Ծառայութեան մէջ մեր կայքը գործածէ. ‘Աստուածաշունչին պատասխանները’» խորագրով յօդուածին վերջաւորութեան։
Երգ 108 եւ աղօթք