ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Ինչպէ՛ս ուսումնասիրութիւն մը վարել՝ գործածելով Ուրախ լուրեր գրքոյկը
Թիւ ունեցող սեւատիպ հարցումը կարդա՛, տանտիրոջ օգնելու որ գլխաւոր կէտին վրայ կեդրոնանայ։
Յաջորդ պարբերութիւնը կարդա՛։
Շեղագիր համարները կարդա՛ եւ փափկանկատ հարցումներ ուղղէ, տանտիրոջ օգնելու որ տեսնէ թէ համարները ինչպէ՛ս հարցումին կը պատասխանեն։
Եթէ հարցումին տակ ուրիշ պարբերութիւն մըն ալ կայ, 2–րդ եւ 3–րդ քայլերը կրկնէ։ Եթէ jw.org կայքին վրայ տեսաերիզ մը կայ որ կապ ունի թիւ ունեցող հարցումին հետ, զայն դիտել տուր քննարկութեան որոշ մէկ հանգրուանին։
Վստահ ըլլալու համար որ տանտէրը գլխաւոր կէտը կը հասկնայ, իրմէ խնդրէ որ թիւ ունեցող հարցումին պատասխանէ։