ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ճշմարիտ պաշտամունքին համար վայրեր շինելու եւ նորոգելու մեր առանձնաշնորհումը
Եհովային տաճարը շինելը շատ աշխատանք կը պահանջէր եւ բաւական ծախսի կը նայէր։ Բայց իսրայէլացիները նախանձախնդրօրէն աջակցեցան շինարարութեան (Ա. Մն. 29։2-9. Բ. Մն. 6։7, 8)։ Տաճարը ամբողջանալէ ետք, իսրայէլացիներուն տարած նորոգութիւնները ցոյց կու տային եթէ անոնք հոգեւոր էին կամ ոչ (Դ. Թագ. 22։3-6. Բ. Մն. 28։24. 29։3)։ Ներկայիս քրիստոնեաները շատ ժամանակ եւ կորով կը տրամադրեն Թագաւորութեան եւ համաժողովի սրահները շինելու, մաքրելու եւ նորոգելու համար։ Եհովային հետ այս կերպով գործելը մեզի համար պատիւ է եւ սուրբ ծառայութեան մէկ մասն է (Սաղ. 127։1. Յայտ. 7։15)։
ԿՐՆԱՆՔ. . .
Իւրաքանչիւր ժողովէ ետք սրահը կոկել։ Եթէ մեր պարագաները չեն ներեր, մեր աթոռին չորս կողմը կոկենք։
Սրահի մաքրութեան եւ նորոգման օգնել։ Երբ շատ «օգնող ձեռքեր» ըլլան, գործը հաճոյալի եւ թեթեւ կը դառնայ (Աստուծոյ սէրը էջ 92-93 պարբ. 18)։
Դրամական օգնութիւն տալ։ Նոյնիսկ ‘երկու լումա’ մը սրտանց տալը Եհովան կ’ուրախացնէ (Մար. 12։41-44)։
Աստուածպետական կառոյցներու շինարարութեան եւ նորոգման մէջ կամաւորաբար մասնակցիլ, եթէ մեր պարագաները կը ներեն։ Շինարարութեան մէջ փորձառութիւն ունենալը պահանջուած չէ։