Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ20 թիւ 3 էջ 4-5
  • Մեր սիրառատ Ստեղծիչը մեզ կը հոգայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր սիրառատ Ստեղծիչը մեզ կը հոգայ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1. ՄԵՐ ՍՏԵՂԾԻՉԸ ԱՐԵՒԸ ԿԸ ԾԱԳԵՑՆԷ
  • 2. ՄԵՐ ՍՏԵՂԾԻՉԸ ԱՆՁՐԵՒ ԿԸ ՏԵՂԱՑՆԷ
  • 3. ՄԵՐ ՍՏԵՂԾԻՉԸ ՄԵԶԻ ՈՒՏԵԼԻՔ ՈՒ ՀԱԳՈՒԵԼԻՔ ԿԸ ՀԱՅԹԱՅԹԷ
  • Թագաւորութեան ետեւէ եղիր, եւ ոչ թէ՝ նիւթական բաներու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ձեր Ստեղծիչը—սորվեցէք թէ ան ի՛նչպիսի մէկն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Մեր Մեծ Ստեղծիչը Հոգածու Է Մեզի Հանդէպ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
դհ20 թիւ 3 էջ 4-5
Լեռներուն ետեւէն արեւը կը ծագի։

Մեր սիրառատ Ստեղծիչը մեզ կը հոգայ

1. ՄԵՐ ՍՏԵՂԾԻՉԸ ԱՐԵՒԸ ԿԸ ԾԱԳԵՑՆԷ

Կրնա՞ս երեւակայել երկրի վրայ կեանքը առանց արեւալոյսին։ Արեւը ծառերուն ուժանիւթ կու տայ, որպէսզի տերեւներ, ծաղիկներ, պտուղներ, պիստակեղէն եւ հունտեր արտադրեն։ Անիկա նաեւ պատճառ կ’ըլլայ, որ ծառերը իրենց արմատներուն միջոցաւ հողէն ջուր քաշեն, զայն տերեւներուն հասցնեն եւ ապա արձակեն որպէս շոգի։

Լեռնային շրջանի մը մէջ թէյի փարթամ դաշտեր։

2. ՄԵՐ ՍՏԵՂԾԻՉԸ ԱՆՁՐԵՒ ԿԸ ՏԵՂԱՑՆԷ

Անձրեւը Աստուծոյ կողմէ թանկագին նուէր է, որ կարելի կը դարձնէ որ երկիրը մեզի համար ուտելիք արտադրէ։ Աստուած երկինքէն անձրեւ կը տեղացնէ ու պտղաբեր եղանակներ կու տայ, մեզ կշտացնելով եւ մեր սրտերը ուրախութեամբ լեցնելով։

Ծառի մը ճիւղին վրայ թառած թռչուն մը կը ծռի՝ ինկող հատապտուղ մը բռնելու։

3. ՄԵՐ ՍՏԵՂԾԻՉԸ ՄԵԶԻ ՈՒՏԵԼԻՔ ՈՒ ՀԱԳՈՒԵԼԻՔ ԿԸ ՀԱՅԹԱՅԹԷ

Բազմաթիւ հայրեր մտահոգ են իրենց ընտանիքներուն բաւարար ուտելիք ու հագուելիք ապահովելով։ Նկատէ թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն. «Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք» (Մատթէոս 6։25, 26)։

«Նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ . . . Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն [թագաւոր] ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ Ուստի եթէ դաշտի խոտը. . . Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ» (Մատթէոս 6։28-30)։

Որովհետեւ Աստուած կրնայ մեզի ուտելիք ու հագուելիք հայթայթել, վստահաբար նաեւ կրնայ մեզի օգնել, որ կեանքի միւս անհրաժեշտ պէտքերը ապահովենք։ Եթէ կը ջանանք Աստուծոյ կամքը ընել, ան կրնայ օրհնել ուտելիք մշակելու մեր ջանքերը կամ մեզի օգնել գործ գտնելու, որպէսզի կարենանք պէտք եղածը գնել (Մատթէոս 6։32, 33)։

Իրապէս, արեւուն, անձրեւին, թռչուններուն ու ծաղիկներուն մասին մտածելը լաւ պատճառներ կու տայ Աստուած սիրելու։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ մեր Ստեղծիչը ինչպէ՛ս մարդկութեան հետ հաղորդակցած է։

Մեր Ստեղծիչը «իր արեւը կը ծագեցնէ. . . եւ անձրեւ կը ղրկէ» (ՄԱՏԹԷՈՍ 5։45)

Մեր Ստեղծիչը մեզ շատ կը սիրէ եւ մեզմով հետաքրքրուած է։ Գթասիրտ հօր մը պէս, ան իր ընտանիքին հոգ կը տանի։ Սուրբ Գրութիւնները Աստուած կը նկարագրեն որպէս առատաձեռն Հայթայթիչ, որ քեզի «պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ [դուն] իրմէ չխնդրած» (Մատթէոս 6։8)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել