Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա18 Մարտ էջ 1-7
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2018)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՐՏ 5-11
  • ՄԱՐՏ 12-18
  • ՄԱՐՏ 19-25
  • ՄԱՐՏ 26–ԱՊՐԻԼ 1
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2018)
ժտա18 Մարտ էջ 1-7

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՄԱՐՏ 5-11

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 20-21

«Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ»

(Մատթէոս 20։3) Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին։

nwtsty գծագրութիւն

Շուկան

Ինչպէս կը տեսնենք ժողովի տետրին մէջ, կարգ մը շուկաներ ճամբու մը երկու կողմերը կ’ըլլային։ Ծախողները ընդհանրապէս փողոցը այնքան շատ ապրանք կը դնէին, որ ճամբան կը գոցէին։ Տեղացիները կրնային գնել տունի ապրանքներ, կաւէ ամաններ, սուղ ապակեղէններ եւ թարմ ուտելիքներ։ Քանի՛ որ այն ատեն սառնարան չկար, մարդիկ պէտք էր որ ամէն օր շուկայ երթային՝ իրենց պէտքերը գնելու համար։ Շուկային մէջ, խանութպանը կրնար լուրեր առնել վաճառականներէն կամ ուրիշ այցելուներէ, երեխաները կրնային խաղալ, իսկ անգործ մարդիկ կրնային գործ գտնել։ Շուկաներուն կամ հրապարակներուն մէջ, Յիսուս հիւանդները բժշկեց եւ Պօղոս քարոզեց (Գործք 17։17)։ Անդին, հպարտ դպիրներն ու փարիսեցիները կը սիրէին այս տեսակ հանրային վայրերու մէջ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել եւ բարեւ ստանալ։

(Մատթէոս 20։20, 21) Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը որդիներուն հետ եկաւ անոր, երկրպագութիւն կ’ընէր ու բան մը կը խնդրէր անկէ։ 21 Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ»։

nwtsty սերտելու նոթեր. Մատ. 20։20, 21

Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը։ Այսինքն Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն մայրը։ Մարկոսի արձանագրութեան համաձայն, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը իրե՛նք մօտեցան Յիսուսին։ Ուրեմն, այնպէս կ’երեւի որ իրենք ըրին այս խնդրանքը, բայց իրենց մօր՝ Սողովմէի միջոցաւ, որ թերեւս Յիսուսին մօրաքոյրն էր (Մատ. 27։55, 56. Մար. 15։40, 41. Յովհ. 19։25)։

մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ։ Հոս, երկու դիրքերն ալ պատիւի եւ իշխանութեան կ’ակնարկեն, բայց պատուոյ արժանի ամէնէն մեծ դիրքը միշտ աջ կողմն է (Սաղ. 110։1. Գործք 7։55, 56. Հռով. 8։34)։

(Մատթէոս 20։25-28) Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. 26 բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ 27 ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ. 28 ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։

nwtsty սերտելու նոթեր. Մատ. 20։26, 28

սպասաւոր։ Կամ «ծառայ»։ Սուրբ Գիրքը շատ անգամ յունարէն di·a’ko·nos բառը կը գործածէ ակնարկելու համար այն անձին, որ խոնարհաբար եւ շարունակ ուրիշներուն կը ծառայէ։ Սուրբ Գիրքը այս բառը կը գործածէ, երբ կը խօսի Քրիստոսի (Հռով. 15։8), Քրիստոսի պաշտօնեաներուն կամ սպասաւորներուն (Ա. Կոր. 3։5-7. Կող. 1։23), սարկաւագներուն, այսինքն՝ օգնական ծառաներուն (Փլպ. 1։1. Ա. Տիմ. 3։8), տան սպասաւորներուն (Յովհ. 2։5, 9) եւ կառավարական պաշտօնեաներուն մասին (Հռով. 13։4)։

չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու։ Կամ «չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, հապա ծառայելու»։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Մատթէոս 21։9) Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ’երթար, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։

nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 21։9

Ովսա՛ննա։ Այս յունարէն բառը եկած է եբրայերէն արտայայտութենէ մը, որ կը նշանակէ՝ «Կ’աղաչենք, փրկէ» կամ «Հաճիս, փրկէ»։ Հոս այս արտայայտութիւնը կը գործածուի Աստուծոյ աղաչելու, որ փրկանք կամ յաղթանակ շնորհէ. անիկա կարելի է թարգմանել «հաճիս փրկանք շնորհէ [Դաւիթի Որդիին]»։ Ժամանակի ընթացքին, անիկա թէ՛ աղօթքի եւ թէ փառաբանութեան արտայայտութիւն դարձաւ։ Եբրայերէն արտայայտութիւնը կը գտնուի Սաղ. 118։25–ին մէջ, որ մաս կը կազմէր Հալլէլի Սաղմոսներուն (Սաղմոս 113-118), որոնք կ’երգուէին Պասեքի ատեն։ Անոր համար այս արտայայտութիւնը ժողովուրդին միտքը եկաւ այս առիթին։ Յիսուսին յարութիւն տալը կերպերէն մէկն էր, որով Աստուած Դաւիթի Որդին փրկելու այս աղօթքին պատասխանեց։ Մատ. 21։42–ին մէջ, Յիսուս ինք կը մէջբերէ Սաղ. 118։22, 23–ը եւ կը կիրարկէ Մեսիային։

Որդի Դաւթի։ Այս արտայայտութիւնով ժողովուրդը կը գիտակցի թէ Յիսուս ո՛ր շառաւիղէն եկած էր, ինչպէս նաեւ՝ իր դերը որպէս խոստացեալ Մեսիան։

(Մատթէոս 21։18, 19) Առտուն, երբ ինք քաղաքը կը դառնար, անօթեցաւ։ 19 Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով քովը գնաց։ Անոր վրայ տերեւներէն զատ բան մը չգտաւ. ու ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ պտուղ պիտի չտաս յաւիտեան»։ Եւ իսկոյն թզենին չորցաւ։

jy էջ 244 պարբ. 4-6

Թզենիին օրինակը հաւատքի մասին դաս կը սորվեցնէ

Բայց Յիսուս ինչո՞ւ թզենին չորցուց։ Ան կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։ Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք» (Մատ. 21։21, 22)։ Այս կէտը նոր կէտ մը չէ. Յիսուս ասկէ առաջ ըսած էր որ հաւատքը կրնայ լեռ մը փոխադրել (Մատթէոս 17։19)։

Ուրեմն թզենին չորցնելով, Յիսուս կը սորվեցնէ թէ որքա՛ն կարեւոր է Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենալ։ Ան կ’ըսէ. «Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի» (Մարկոս 11։24)։ Ասիկա շատ կարեւոր դաս մըն է Յիսուսի բոլոր հետեւորդներուն համար, յատկապէս առաքեալներուն համար, քանի որ անոնք մօտ օրէն դժուար փորձութիւններու առջեւ պիտի գտնուին։ Բայց ուրիշ դաս մըն ալ կը սորվինք թզենիին չորնալուն եւ հաւատքին միջեւ եղած կապէն։

Թզենիին պէս, իսրայէլ ազգը խաբէական երեւոյթ ունի։ Այս ազգը Աստուծոյ հետ ուխտի մէջ է, եւ դուրսէն այնպէս կրնայ երեւիլ որ Օրէնքը կը պահէ։ Բայց իսրայէլը որպէս ազգ փաստած է, որ հաւատք չունի եւ պտղաբեր չէ։ Այս ազգը նոյնիսկ Աստուծոյ Որդին կը մերժէ։ Ուրեմն, անպտղաբեր թզենին չորցնելով, Յիսուս ցոյց կու տայ այս անպտուղ եւ անհաւատ ազգին վախճանը։

ՄԱՐՏ 12-18

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 22-23

«Երկու մեծագոյն պատուիրաններուն հնազանդէ՛»

(Մատթէոս 22։36-38) «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ 37 Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ 38 Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը»։

nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 22։37

սրտովդ։ Երբ այս բառը այլաբանօրէն գործածուի, անիկա ընդհանրապէս կ’ակնարկէ ամբողջ ներքին անձին։ Բայց երբ նշուի «անձ» եւ «միտք» բառերուն հետ, անիկա գլխաւորաբար կ’ակնարկէ անհատին զգացումներուն եւ փափաքներուն։ Համարին մէջ գործածուած երեք բառերը (սիրտ, անձ, միտք) իմաստով գրեթէ իրարու նման են. անոնք կը շեշտեն թէ որքա՛ն կարեւոր է որ Աստուած լիովին սիրենք։

անձովդ։ Կամ «ամբողջ էութեամբ»։

մտքովդ։ Այսինքն մտային կարողութիւններով։ Անհատ մը պէտք է իր մտային կարողութիւնները գործածէ, որ Աստուած ճանչնայ եւ աւելի սիրէ (Յովհ. 17։3. Հռով. 12։1)։ Մատ. 22։37–ը մէջբերուած է Բ. Օր. 6։5–էն։ Հոն եբրայերէն բնագիրը կը գործածէ երեք բառեր՝ ‘սիրտ, անձ եւ զօրութիւն’։ Բայց Մատթէոսի յունարէն արձանագրութեան մէջ «զօրութիւն» բառին տեղ կ’երեւի «միտք» բառը։ Տարբեր պատճառներ կրնան ըլլալ թէ ինչո՛ւ տարբեր բառեր կը գործածուին։ Առաջին, ճիշդ է որ հին եբրայերէն լեզուն «միտք» բառին համար որոշ արտայայտութիւն մը չունէր, բայց այս գաղափարը պարփակուած էր «սիրտ» թարգմանուած եբրայերէն բառին մէջ։ «Սիրտ» թարգմանուած եբրայերէն բառը երբ այլաբանօրէն գործածուի, կ’ակնարկէ ամբողջ ներքին անձին, մէջը ըլլալով անհատին մտածումները, զգացումները, կեցուածքները եւ մղումները (Բ. Օր. 29։4. Սաղ. 26։2. 64։6. տե՛ս Մատ. 22։37–ին մէջ նշուած սրտովդ բառին սերտելու նոթը)։ Անոր համար, երբ եբրայերէնը գործածէ «սիրտ» բառը, յունարէն Եօթանասնից–ը շատ անգամ կը գործածէ «միտք» բառին յունարէնը (Ծն. 8։21. 17։17. Առ. 2։10. Եսա. 14։13)։ Երկրորդ, Մատթէոս աւետարանագիրը Բ. Օր. 6։5–ը մէջբերելու ատեն «զօրութիւն» բառին տեղ «միտք» բառին յունարէնը գործածեց, թերեւս քանի որ «զօրութիւն» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ պարփակել թէ՛ ֆիզիքական զօրութիւն եւ թէ մտային կարողութիւն։ Պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, հիմա որ տեսանք թէ ինչպէ՛ս եբրայերէն եւ յունարէն արտայայտութիւնները իրարու հետ կապուած են, կրնանք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ աւետարանագիրները Բ. Օրինաց գիրքէն մէջբերած ատեն նոյն բառերը չգործածեցին։

(Մատթէոս 22։39) Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։

nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 22։39

երկրորդը։ Մատ. 22։37–ին մէջ կը գտնենք Յիսուսին պատասխանը փարիսեցիին ուղղած հարցումին։ Բայց Յիսուս ո՛չ միայն անոր հարցումին կը պատասխանէ, հապա նաեւ կը մէջբերէ երկրորդ պատուիրան մը (Ղեւ. 19։18)։ Այսպէս, ան կը սորվեցնէ թէ երկու պատուիրանները իրարու հետ կապուած են (այսինքն՝ անբաժանելի են) եւ թէ ամբողջ օրէնքը ու մարգարէները կարելի է այդ երկու պատուիրաններով ամփոփել (Մատ. 22։40)։

ընկերդ։ Հոս գործածուած յունարէն բառը նաեւ կրնայ թարգմանուիլ «դրացի» եւ բառացիօրէն կը նշանակէ «մօտ եղող անձ»։ Բայց այս արտայայտութիւնը միայն չ’ակնարկեր անոնց՝ որոնք անհատին տան մօտ կ’ապրին, հապա նաեւ այն անձին՝ որուն հետ անհատը կապի մէջ կը մտնէ (Ղուկ. 10։29-37. Հռով. 13։8-10)։

(Մատթէոս 22։40) «Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։

nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 22։40

օրէնքը. . . մարգարէները։ «Օրէնքը» կ’ակնարկէ Ծննդոցէն մինչեւ Բ. Օրինաց գիրքերուն։ Իսկ «մարգարէները» կ’ակնարկէ Եբրայերէն Գրութիւններու մարգարէական գիրքերուն։ Բայց երբ այս բառերը միասին նշուին, կրնայ ըլլալ որ անոնք կ’ակնարկեն բոլոր Եբրայերէն Գրութիւններուն (Մատ. 7։12. 22։40. Ղուկ. 16։16)։

կախուած են։ «Կախուիլ» յունարէն բառը հոս գործածուած է այլաբանական իմաստով եւ կը նշանակէ «կախեալ ըլլալ. հիմնուած ըլլալ»։ Ուրեմն Յիսուս ըսել ուզեց որ ո՛չ միայն Օրէնքը իր տասը պատուիրաններով, հապա ամբողջ Եբրայերէն Գրութիւնները հիմնուած են սիրոյ վրայ (Հռով. 13։9)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Մատթէոս 22։21) Ըսին անոր. «Կայսրին»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։

nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 22։21

զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին։ Յիսուս հռոմայեցի կայսրին կ’ակնարկէ միայն այս դէպքին մէջ, որ արձանագրուած է Մատ. 22։21–ին, Մար. 12։17–ին եւ Ղուկ. 20։25–ին մէջ։ «Զայն որ Կայսրինն է» արտայայտութիւնը կը պարփակէ աշխարհիկ կառավարութեան մատուցած ծառայութիւններուն գումարը վճարել, ինչպէս նաեւ այս տեսակ հեղինակութիւններ պատուել եւ անոնց որոշ չափով հպատակիլ (Հռով. 13։1-7)։

զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ։ Ասիկա կը պարփակէ Աստուած ամբողջ սրտով պաշտել, ամբողջ անձով սիրել եւ իրեն հաւատարմօրէն հնազանդիլ (Մատ. 4։10. 22։37, 38. Գործք 5։29. Հռով. 14։8)։

(Մատթէոս 23։24) Կո՛յր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամէք եւ ո՛ւղտը կը կլլէք։

nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 23։24

որ մժղուկը կը քամէք եւ ո՛ւղտը կը կլլէք։ Մժղուկը (մանր մժեղը) եւ ուղտը ամէնէն պզտիկ եւ ամէնէն մեծ անմաքուր էակներն էին ըստ Օրէնքին (Ղեւ. 11։4, 21-24)։ Յիսուս հոս չափազանցութիւն գործածելով եւ քիչ մըն ալ ծաղրելով կ’ըսէ, թէ կրօնական առաջնորդները իրենց խմելիքները մաղէ կ’անցընեն, որ մժղուկէ մը չպղծուին, մինչդեռ անոնք ամբողջովին կ’անտեսեն Օրէնքին աւելի ծանրակշիռ բաները,– ինչ որ կը նմանի ուղտ մը կլլելուն։

ՄԱՐՏ 19-25

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 24

«Հոգեւորապէս արթուն մնա՛ վերջին օրերուն»

(Մատթէոս 24։12) Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի։

it-2 էջ 279 պարբ. 6

Սէր

Մէկու մը սէրը կրնայ պաղիլ։ Երբ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն կը խօսէր գալիք բաներուն մասին, ըսաւ որ շատերուն սէրը (a·ga’pe) Աստուծոյ հանդէպ պիտի պաղէր (Մատ. 24։3, 12)։ Պօղոս առաքեալ երբ դժուար ժամանակները կը նկարագրէր, ըսաւ որ մարդիկ «արծաթասէր» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Ուրեմն յստակ է, որ անձ մը կրնայ սկսիլ չար բաները սիրել եւ իր առաջուան սէրը կորսնցնել։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կարեւոր է, որ յարատեւ սէր ցոյց տանք եւ շարունակենք զայն մշակել՝ Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալով եւ Աստուծոյ սկզբունքներուն համաձայն ապրելով (Եփ. 4։15, 22-24)։

(Մատթէոս 24։39) Չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։

դ99 11/15 էջ 19 պարբ. 5

Աստուծոյ հանդէպ ձեր ամբողջ պարտականութիւնը կը կատարէ՞ք

5 Յիսուս Քրիստոս մեր դժուարին ժամանակներուն մասին ըսաւ. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։37-39)։ Չափաւոր կերպով ուտելու եւ խմելու մէջ սխալ բան չկայ, իսկ ամուսնութիւնը՝ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած կարգադրութիւն մըն է (Ծննդոց 2։20-24)։ Այսուհանդերձ, եթէ նկատենք որ կեանքի բնական հետապնդումները մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը դարձած են, ինչո՞ւ ասիկա աղօթքի նիւթ չդարձնենք։ Եհովա կրնայ մեզի օգնել որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը պահենք, շիտակը ընենք, եւ իրեն հանդէպ մեր պարտականութիւնը կատարենք (Մատթէոս 6։33. Հռովմայեցիս 12։12. Բ. Կորնթացիս 13։7)։

(Մատթէոս 24։44) Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր։

jy էջ 259 պարբ. 5

Առաքեալները նշան կը խնդրեն

Յիսուս կ’ըսէ թէ պէտք է որ իր աշակերտները արթուն մնան, հսկեն եւ պատրաստ ըլլան։ Ան այս կէտը կը շեշտէ՝ ուրիշ օրինակ մը տալով. «Բայց այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր» (Մատթէոս 24։43, 44)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Մատթէոս 24։8) Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։

nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 24։8

ցաւերուն։ Յունարէն բառը բառացիօրէն կ’ակնարկէ այն զօրաւոր ցաւին, որ մայր մը կը զգայ ծննդաբերութեան ժամանակ։ Մինչ հոս այս արտայայտութիւնը ընդհանուր առմամբ կ’ակնարկէ նեղութեան, ցաւի եւ տառապանքի, անիկա կրնայ նաեւ ցոյց տալ որ մարգարէացուած խնդիրները եւ տառապանքը՝ ծննդաբերութեան ցաւերու նման՝ երթալէն աւելի յաճախ, աւելի ուժգին եւ աւելի երկար տեւողութեամբ պիտի ըլլան մեծ նեղութեան նախորդող ժամանակամիջոցին։ Մեծ նեղութեան մասին նշուած է Մատ. 24։21–ին մէջ։

(Մատթէոս 24։20) Աղօթք ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ, ոչ ալ շաբաթ օրը։

nwtsty սերտելու նոթ. Մատ. 24։20

ձմեռը։ Այս եղանակին, տեղատարափ անձրեւները, հեղեղները եւ ցուրտ օդը դժուար կը դարձնէին որ անհատ մը ճամբորդէ եւ ուտելիք ու պատսպարան գտնէ (Եզր. 10։9, 13)։

շաբաթ օրը։ Հրէաստանի եւ կարգ մը ուրիշ շրջաններու մէջ, Շաբաթի օրէնքին հետ առնչուող արգելքներ կային, որոնք դժուար կը դարձնէին որ անհատ մը երկար ճամբորդութիւն ընէր եւ բեռ կրէր։ Ասկէ զատ, Շաբաթ օրով քաղաքին դռները գոց կը մնային (տե՛ս Գործք 1։12 եւ ուղ 16)։

ՄԱՐՏ 26–ԱՊՐԻԼ 1

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 25

«Արթուն կեցէք»

(Մատթէոս 25։1-6) «Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ 2 Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին իսկ հինգը՝ յիմար։ 3 Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին. 4 սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։ 5 Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան։ 6 Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’»։

(Մատթէոս 25։7-10) «Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։ 8 Յիմարները ըսին իմաստուններուն. ‘Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են’։ 9 Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. ‘Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար’։ 10 Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ»։

(Մատթէոս 25։11, 12) «Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ 12 Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ես ձեզ չեմ ճանչնար’»։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Մատթէոս 25։31-33) «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ 32 Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ 33 Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը»։

դ15 3/15 էջ 27 պարբ. 7

Քրիստոսի եղբայրներուն հաւատարմօրէն աջակցիլ

7 Այսօր, ոչխարներուն եւ այծերուն առակը յստակօրէն կը հասկնանք։ Նշուած անձնաւորութիւններուն ինքնութեան նկատմամբ, Յիսուսն է «Որդին մարդոյ», Թագաւորը։ Անոնք որոնք «եղբայրներս» կոչուած են, հոգիով օծուած տղամարդիկ ու կիներ են, որոնք երկինքէն Քրիստոսին հետ պիտի իշխեն (Հռով. 8։16, 17)։ «Ոչխարներ»ն ու «այծեր»ը կը ներկայացնեն բոլոր ազգերէն մարդիկ, որոնք սուրբ հոգիով չեն օծուած։ Ե՞րբ է դատելու ժամանակը։ Դատավճիռ արձակելը տեղի պիտի ունենայ մօտալուտ մեծ նեղութեան գրեթէ վերջաւորութեան։ Իսկ ի՞նչ պատճառով մարդիկ պիտի դատուին իբրեւ ոչխար կամ այծ։ Այս հիման վրայ. անոնք ինչպէ՛ս վարուած են Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն հետ։ Ամբարիշտ աշխարհի վերջը շատ մօտեցած ըլլալով, որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովային, որ աստիճանաբար լոյս սփռած է այս առակին եւ յարակից առակներուն վրայ, որոնք Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած են։

(Մատթէոս 25։40) Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամէնէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»։

դ09 10/1 էջ 26-27 պարբ. 16-18

«Դուք իմ բարեկամներս էք»

16 Եթէ կը յուսաս Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ երկրի վրայ ապրիլ, ի՞նչպէս կրնաս Քրիստոսի եղբայրներուն հանդէպ բարեկամութիւնդ դրսեւորել։ Նկատի առնենք երեք կերպեր։ Առաջին, ամբողջ սրտով քարոզչութեան մասնակցելով։ Քրիստոս իր եղբայրներուն պատուիրեց, որ բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզեն (Մատ. 24։14)։ Սակայն երկրի վրայ Քրիստոսի եղբայրներուն մնացորդին համար շատ դժուար պիտի ըլլար այս պատասխանատուութիւնը շալկել, առանց ուրիշ ոչխարներուն աջակցութեան։ Արդարեւ, ամէն անգամ որ ուրիշ ոչխարներ դասակարգին անդամները քարոզչութեան կը մասնակցին, Քրիստոսի եղբայրներուն կ’օգնեն որ իրենց սրբազան յանձնարարութիւնը կատարեն։ Քրիստոս եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը խորապէս կը գնահատեն այս բարեկամական արարքը։

17 Քարոզչութեան նիւթապէս թիկունք կանգնիլը երկրորդ կերպ մըն է, որով ուրիշ ոչխարներ դասակարգին անդամները կրնան Քրիստոսի եղբայրներուն օգնել։ Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց, որ «անիրաւ մամոնայէն» իրենց բարեկամներ ընեն (Ղուկ. 16։9)։ Ասիկա չի նշանակեր թէ Յիսուսի կամ Եհովայի բարեկամութիւնը կրնանք գնել։ Հապա, Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար մեր նիւթական ստացուածքները գործածելով, կը փաստենք մեր բարեկամութիւնն ու սէրը, ո՛չ թէ խօսքով, այլ «գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. Յովհ. 3։16-18)։ Այսպիսի նիւթական օգնութիւն կը մատուցանենք, երբ քարոզչութեան կը մասնակցինք, երբ մեր ժողովի վայրերուն շինարարութեան եւ նորոգութեան համար դրամ կը նուիրենք, եւ երբ համաշխարհային քարոզչութեան ի նպաստ նուիրատուութիւններ կ’ընենք։ Մեր նուիրած գումարները ըլլան մեծ թէ փոքր, Եհովա եւ Յիսուս մեր յօժարակամ տալը վստահաբար կը գնահատեն (Բ. Կոր. 9։7)։

18 Ժողովքի երէցներուն տուած ուղղութիւնը ընդունիլը երրորդ կերպ մըն է, որով բոլորս ալ կրնանք ապացուցանել թէ Քրիստոսի բարեկամներն ենք։ Այս տղամարդիկը սուրբ հոգիէն նշանակուած են, Քրիստոսի ուղղութեան ներքեւ (Եփ. 5։23)։ «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք», գրեց Պօղոս առաքեալ (Եբ. 13։17)։ Երբեմն, ժողովքի երէցներուն կողմէ մեզի տրուած աստուածաշնչական ուղղութեան հնազանդիլը կրնանք դժուար գտնել։ Հաւանաբար անոնց անկատարութիւններուն տեղեակ ըլլալով, կրնանք անոնց խրատը սխալ կերպով նկատել։ Այսուհանդերձ ժողովքին Գլուխը՝ Քրիստոս, կը հաճի այս անկատար տղամարդիկը գործածել։ Հետեւաբար, անոնց հեղինակութեան հանդէպ մեր հակազդեցութիւնը, Քրիստոսի հետ մեր բարեկամութեան վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունի։ Երբ երէցներուն թերութիւնները կ’անտեսենք եւ ուրախութեամբ անոնց ուղղութեան կը հետեւինք, կը փաստենք թէ Քրիստոսը կը սիրենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել