ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12-13
Եհովային տուած կրթութիւնը իր սէրը կը յայտնէ
Կրթութիւն տալը կ’ըլլայ սրբագրելով, խրատ տալով, նաեւ ուղղութիւն եւ տեղեկութիւն տալով։ Եհովան մեզ կը կրթէ ճիշդ ինչպէս որ սիրալիր հայր մը կը կրթէ իր զաւակները։ Մենք կրթութիւն կը ստանանք այս կերպերով.
Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք, անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընենք, ժողովներու կ’երթանք եւ կը խոկանք։
Երբ հաւատակից մը կը խրատէ կամ կը սրբագրէ մեզ։
Երբ մեր սխալներուն հետեւանքները կը կրենք։
Երբ դատական յանձնախումբին կողմէ յանդիմանութիւն կը ստանանք կամ կը վտարուինք։
Երբ Եհովան թոյլ տայ որ փորձութիւններ կամ հալածանք դիմագրաւենք (դ15 9/15 21 ¶13. it-1 629)։