Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա19 Հոկտեմբեր էջ 1-13
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 7-13
  • ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 14-20
  • ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 21-27
  • ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 28–ՆՈՅԵՄԲԵՐ 3
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
ժտա19 Հոկտեմբեր էջ 1-13

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 7-13

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱԿՈԲՈՍ 3-5

«Աստուածային իմաստութիւն ցուցաբերեցէք»

(Յակոբոս 3։17) Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։

դ08 3/1 27-28 ¶17-18

«Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ»

17 Կարդալ՝ Յակոբոս 3։17–ն։ Կրնանք օգտուիլ, նկատի առնելով կարգ մը յատկութիւններ, որոնք «վերին իմաստութիւնը» ցուցաբերելէն յառաջ կու գան։ Սուրբ ըլլալը կը պարփակէ՝ մեր արարքներուն ու շարժառիթներուն մէջ մաքուր ու անարատ ըլլալ։ Չար բաները անմիջապէս պէտք է մերժենք, ինքնաբերաբար հակազդելով։ Երբ անհատի մը մատը յանկարծ աչքիդ մօտենայ, իսկոյն գլուխդ կը հեռացնես կամ անոր ձեռքը կը բռնես։ Ասիկա ինքնաբերաբար կ’ըլլայ,– անոր մասին մտածելու պէտք չունիս։ Նոյնը պէտք է ըլլայ, երբ չարութիւն ընելու փորձուինք։ Մեր անարատութիւնը եւ Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքը ինքնաբերաբար մեզ պէտք է մղեն մերժելու ի՛նչ որ չար է։ (Հռովմ. 12։9) Աստուածաշունչը կարգ մը անհատներու օրինակը կու տայ, որոնք այս կերպով հակազդեցին, ինչպէս՝ Յովսէփ ու Յիսուս։—Ծննդ. 39։7-9. Մատթ. 4։8-10

18 Աստուածային իմաստութիւնը նաեւ կը պահանջէ որ խաղաղարար ըլլանք,– խուսափինք ոտնձգութենէ, կռուասիրութենէ կամ խռովեցուցիչ արարքներէ։ Յակոբոս այս կէտը կը մանրամասնէ՝ ըսելով. «Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն»։ (Յակ. 3։18) Նկատէ «խաղաղութիւն կ’ընեն» արտայայտութիւնը։ Ժողովքին մէջ ճանչցուած ենք իբրեւ հաշտարա՞ր անհատներ թէ խռովարարներ։ Ուրիշներու հետ յաճախ տարակարծի՞ք ենք, դիւրաւ ընդվզելով կամ ընդվզեցնելով։ Կը պնդե՞նք որ ուրիշներ մեզ ընդունին ինչպէս որ ենք, թէ ոչ՝ խոնարհաբար կը ջանանք նկարագրի գծեր ջնջել, զորս ուրիշներ իրաւացիօրէն անախորժ կը գտնեն։ Ճանչցուա՞ծ ենք թէ միշտ կը ջանանք խաղաղութիւն յառաջացնել, արագօրէն ներելով ու յանցանքը մոռնալով։ Պարկեշտ ինքնաքննութիւնը կրնայ օգնել տեսնելու թէ այս առնչութեամբ աստուածային իմաստութիւն ցուցաբերելու մէջ բարելաւուելու կարիք ունի՛նք կամ ոչ։

(Յակոբոս 3։17) Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։

դ94 11/1 9 ¶6

Եհովա բանաւոր է

6 Յակոբոս աշակերտ հետաքրքրական բառ մը գործածեց գերազանցօրէն յարմարող այս Աստուծոյն իմաստութիւնը նկարագրելու համար։ Ան գրեց. «Վերին իմաստութիւնը . . . բանաւոր է»։ (Յակոբու 3։17, ՆԱ) Հոս անոր գործածած Յունարէն բառը (epieikes) դժուար է թարգմանել։ Թարգմանիչներ հետեւեալ բառերը գործածած են՝ «քաղցր», «հեզ», «ներողամիտ» եւ «նկատառու»։ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը զայն կը թարգմանէ «բանաւոր», ստորանշումով մը որ ցոյց կու տայ թէ բառացի նշանակութիւնը «տեղի տուող» է։ Այս բառը նաեւ օրէնքին տառը չպնդելու, անտեղիօրէն խիստ կամ դաժան չըլլալու իմաստը կը հաղորդէ։ Ուսումնական Ուիլիըմ Պարգլէ, իր բառագրքին մէջ (New Testament Words), հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կու տայ. «Էբիէյքէիա–ի մասին հիմնական ու գլխաւոր բանը այն է թէ անիկա Աստուծմէ կու գայ։ Եթէ Աստուած իր իրաւունքները պնդէր, եթէ Աստուած միայն օրէնքին անճկուն չափանիշները մեր վրայ կիրարկէր, ո՞ւր պիտի ըլլայինք։ Աստուած էբիէյքես եղող եւ ուրիշներու հետ էբիէյքէիա–ով վարուողի մը գերագոյն տիպարը կը հանդիսանայ»։

cl 224-225 ¶14-15

«Վերին իմաստութիւնը» կեանքիդ մէջ կը գործէ՞

14 «Հլու»։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ ասիկա միակ տեղն է, ուր կը գտնուի «հլու» թարգմանուած յունարէն բառը։ Ըստ ուսումնականի մը, այս բառը «շատ անգամ կ’ակնարկէ զինուորական կարգապահութեան»։ Ատիկա կու տայ այն գաղափարը թէ անհատը «շուտով կը համոզուի» եւ «ենթարկուող է»։ Այն անձը որ վերին իմաստութեամբ կ’առաջնորդուի, յօժար սրտով կ’ենթարկուի Սուրբ Գրութիւններուն ըսածներուն։ Ան չի ճանչցուիր որպէս անձ մը, որ իր որոշումները առնելէ ետք կը մերժէ իր տեսակէտին հակասող իրողութիւնները։ Հապա՝ շուտով փոփոխութիւններ կ’ընէ, երբ Սուրբ Գիրքէն յստակ փաստեր տրուին իրեն, թէ իր կեցուածքը սխալ է կամ սխալ եզրակացութիւններու հասած է։ Դուն այսպէս ճանչցուա՞ծ ես։

«Ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն»

15 «Ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն»։ Վերին իմաստութեան մէջ շատ կարեւոր է ողորմութիւնը։ Այս իմաստութիւնը ողորմութիւնով լեցուն կ’ըլլայ։ Նկատէ թէ «ողորմութիւն»ը եւ «բարի պտուղներ»ը միասին կը նշուին։ Ասիկա տեղին է, քանի որ ողորմութիւն ունեցող անձը գործերով կը ցուցնէ որ ուրիշներով հետաքրքրուած է եւ անոնց կը կարեկցի։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ «ողորմիլ» բառը կը նշանակէ՝ «նեղանալ մէկու մը գէշ վիճակին համար եւ փորձել բան մը ընել անոր նկատմամբ»։ Ուրեմն, աստուածային իմաստութիւնը չոր չէ, զգացումներէ զերծ չէ եւ պարզապէս մտային կարողութիւն մը չէ։ Ընդհակառակը, ատիկա ջերմ ու զգայուն է եւ սրտէն կը բխի։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ ողորմութեամբ լեցուն ենք։

(Յակոբոս 3։17) Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։

cl 226-227 ¶18-19

«Վերին իմաստութիւնը» կեանքիդ մէջ կը գործէ՞

18 «Անկողմնակալ»։ Աստուածային իմաստութիւնը աւելի բարձր է ցեղային խտրականութենէն եւ ազգային հպարտութենէն։ Եթէ այս իմաստութեամբ առաջնորդուինք, ջանք պիտի ընենք որ մեր սրտէն արմատախիլ ընենք՝ աչառութիւն ընելու որեւէ նշոյլ (Յակ. 2։9)։ Մենք ուրիշներուն հետ յատուկ կերպով չենք վարուիր պարզապէս քանի որ ուսում, դրամ կամ ժողովքային պատասխանատուութիւններ ունին։ Ոչ ալ ցած աչքով կը նայինք մեր հաւատակիցներուն, ինչքա՛ն ալ գէշ պայմաններ ունենան։ Եթէ Եհովան կը սիրէ այսպիսի անհատներ, մենք ալ անկասկած պէտք է սիրենք զանոնք։

19 «Անկեղծ»։ «Կեղծաւոր» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ ակնարկել «դերասանի մը որ դեր մը կը կատարէր»։ Անցեալին, յոյն եւ հռոմայեցի դերասանները մեծ դիմակներ կը դնէին դերասանութեան ատեն։ Այդպիսով, «կեղծաւոր» թարգմանուած յունարէն բառը սկսաւ գործածուիլ ակնարկելու համար այն անձին, որ կը ձեւացնէ կամ կը խաբէ։ Աստուածային իմաստութեան այս երեսակը ոչ միայն հաւատակիցներուն հանդէպ մեր վարուելակերպին պէտք է ազդէ, հապա նաեւ անոնց հանդէպ ունեցած մեր զգացումներուն։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յակոբոս 4։5) Կամ թէ կը կարծէք որ գիրքը պարա՞պ տեղ կ’ըսէ. «Նախանձի կը փափաքի մեր մէջ բնակող հոգին»։

դ08 11/1 12 ¶6

Յակոբոսի եւ Պետրոսի նամակներէն աչքառու կէտեր

4։5—Յակոբոս հոս ո՞ր համարը կը մէջբերէ։ Յակոբոս մասնայատուկ համար մը չի մէջբերեր։ Աստուծմէ ներշնչուած այս խօսքերը հաւանաբար հիմնուած են կարգ մը համարներու ետին եղող ընդհանուր գաղափարին վրայ, ինչպէս՝ Ծննդոց 6։5. 8։21. Առակաց 21։10 եւ Գաղատացիս 5։17։

(Յակոբոս 4։11, 12) Մէկզմէկ մի՛ բամբասէք. ան որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ իր եղբայրը կը դատէ, օրէնքը կը բամբասէ եւ օրէնքը կը դատէ։ Եթէ օրէնքը դատես, ա՛լ դուն օրէնքը կատարող չես, հապա դատաւոր։ 12 Միայն մէկ Օրէնսդիր ու Դատաւոր կայ, որ կարող է փրկել եւ կորսնցնել։ Դուն ո՞վ ես որ ուրիշը կը դատես։

դ98 4/1 28-29 ¶8

Հաւատքը մեզ համբերող եւ ջերմեռանդ կը դարձնէ

8 Հաւատակիցի մը մասին բամբասելը մեղք մըն է։ (Յակոբու 4։11, 12) Սակայն, ոմանք իրենց Քրիստոնեայ հաւատակիցները կը քննադատեն, թերեւս իրենց ինքնարդարութեան պատճառաւ, կամ քանի որ կ’ուզեն իրենց անձերը մեծարել՝ ուրիշները վարկաբեկելով։ (Սաղմոս 50։20. Առակաց 3։29) Հոս՝ ‘բամբասել’ թարգմանուած Յունարէն բառը, թշնամութիւն ցոյց կու տայ եւ կ’ակնարկէ չափազանցուած, կամ սուտ ամբաստանութեան։ Ասիկա եղբայր մը դատապարտելու հաւասար է։ Սակայն, ասիկա ի՞նչպէս ‘օրէնքը բամբասել եւ օրէնքը դատել’ է։ Դպիրները ու Փարիսեցիները ‘Աստուծոյ պատուիրանքը կ’անարգէին’ եւ իրենց չափանիշներով կը դատէին։ (Մարկոս 7։1-13) Նոյնպէս, եթէ եղբայր մը դատապարտենք, որու Եհովա չէ դատապարտած, Աստուծոյ ‘օրէնքը դատելու’ եւ զայն անորակելի սեպելու մեղքին մէջ ինկած չե՞նք ըլլար։ Իսկ անիրաւօրէն մեր եղբայրը քննադատելով, սիրոյ օրէնքը կատարած չենք ըլլար։—Հռովմայեցիս 13։8-10

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 86 ¶8-17

ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ

ՂՈՒԿԱՍ 15։11-32

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ

Յիսուս կը նկարագրէ թէ հայրը ինչպէ՛ս կը զգայ եւ կը վարուի. «Մինչդեռ ինք [որդին] շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա» (Ղուկաս 15։20)։ Նոյնիսկ եթէ հայրը լսած էր որ իր որդին անառակ կեանք կը վարէր, ան զինք ջերմօրէն կ’ընդունի։ Հրեայ առաջնորդները, որոնք կը դաւանին որ Եհովան կը ճանչնան ու կը պաշտեն, այս առակէն պիտի հասկնա՞ն, որ մեր երկնաւոր Հայրը ի՛նչ կը զգայ զղջացող մեղաւորներուն հանդէպ։ Արդեօք անոնք պիտի անդրադառնա՞ն, որ Յիսուս նոյն ջերմ վերաբերմունքը ունեցած է զղջացած մեղաւորներուն հանդէպ։

Այնպէս կ’երեւի որ հայրը կը տեսնէ, որ իր որդին ինչքա՜ն յուսահատ վիճակի մէջ է եւ սրտանց զղջացած է իր ըրածներուն համար։ Բայց ջերմ ընդունելութիւնը կ’օգնէ որդիին, որ իր մեղքերը խոստովանի։ Յիսուս կը պատմէ. «Որդին ալ ըսաւ անոր. ‘Հա՜յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու’» (Ղուկաս 15։21)։

Հայրը իր ծառաներուն կը հրամայէ. «Հանեցէք առաջին պատմուճանը ու հագցուցէք անոր եւ մատանի դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ՝ անոր ոտքերը եւ պարարտ զուարակը բերէք, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախ ըլլանք. վասն զի այս իմ որդիս մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ»։ Ետքը, «սկսան ուրախութիւն ընել» (Ղուկաս 15։22-24)։

Մինչ այդ, մեծ որդին ագարակն է։ Յիսուս անոր մասին կ’ըսէ. «Երբ եկաւ ու տանը մօտեցաւ, նուագարաններու եւ պարերու ձայն լսեց։ Ծառաներէն մէկը իրեն կանչելով՝ հարցուց, թէ ‘Այս ի՞նչ է’։ Անիկա ալ ըսաւ անոր. ‘Եղբայրդ եկաւ ու հայրդ պարարտ զուարակը մորթեց, վասն զի ողջ առողջ ձեռք ձգեց զանիկա’։ Իսկ ինք բարկացաւ ու չէր ուզեր ներս մտնել, ուստի իր հայրը դուրս ելլելով կ’աղաչէր անոր։ Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ հօրը. ‘Ահա այսչափ տարի է, որ քեզի կը ծառայեմ ու բնաւ քու խօսքէդ դուրս չելայ ու ինծի երբեք ուլ մը չտուիր, որ իմ բարեկամներուս հետ ուրախութիւն ընէի։ Բայց երբ եկաւ այդ քու որդիդ, որ քու ստացուածքդ բոզերու հետ կերաւ, անոր մորթեցիր պարարտ զուարակը’» (Ղուկաս 15։25-30)։

Որո՞նք մեծ որդիին պէս կը քննադատեն Յիսուսին ողորմութիւնն ու հոգատարութիւնը սովորական մարդոց եւ մեղաւորներուն հանդէպ։ Դպիրներն ու փարիսեցիները։ Իրենց քննադատութեան պատճառով է որ Յիսուս այս առակը կը պատմէ։ Ուրեմն, անոնք որ քննադատական աչքով կը նային Աստուծոյ ողորմութեան, պէտք է դաս քաղեն այս առակէն։

Յիսուս իր առակը կ’եզրափակէ՝ պատմելով, թէ հայրը ի՛նչ կ’ըսէ իր մեծ որդիին. «Որդեակ, դուն միշտ ինծի հետ ես ու իմ բոլոր ունեցածս քուկդ է։ Սակայն պէտք է ուրախ ըլլալ եւ խնդալ, վասն զի այս քու եղբայրդ մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ» (Ղուկաս 15։31, 32)։

Յիսուս չ’ըսեր որ մեծ որդին ի վերջոյ ի՛նչ կ’ընէ։ Բայց ոմանք՝ որոնք այդ օրը Յիսուսին մտիկ կ’ընէին, թերեւս հասկցան այն դասը, որ կը փորձէր սորվեցնել այս ազդու առակին միջոցաւ։ Ինչո՞ւ այսպէս կրնանք ըսել։ Քանի որ Յիսուսին մահէն եւ յարութենէն ետք, «քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին» (Գործք 6։7)։ Այո, նոյնիսկ անոնք առիթ ունէին որ իրենք իրենց գան, զղջան եւ Աստուծոյ վերադառնան։

Յիսուսին աշակերտները կարեւոր դասեր պէտք է սորվին այս առակէն։ Առաջին, իրապէս իմաստութիւն է մնալ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ՝ մեր սիրառատ եւ հոգատար Հօր ապահով թեւերուն տակ, փոխանակ հաճոյքներու ետեւէ ըլլալով՝ «հեռու երկիր» անցնելու։

Երկրորդ, եթէ պատահի որ Աստուծոյ ճամբէն շեղինք, պէտք է խոնարհաբար մեր Հօր վերադառնանք, որպէսզի նորէն իր հաճութիւնը վայելենք։

Եւ երրորդ դաս մը կարելի է քաղել, երբ հօր ջերմ եւ ներողամիտ վերաբերմունքը համեմատենք մեծ որդիին ոխակալ ու խիստ կեցուածքին հետ։ Յստակ է որ Աստուծոյ ծառաները պէտք է ներող ըլլան եւ ընդունին բոլոր այն մոլորածները, որոնք սրտանց կը զղջան եւ Եհովայի ժողովուրդին կը վերամիանան։ Թող որ ուրախանանք որ անոնք ‘մեռած էին ու ողջնցան, կորսուած էին ու գտնուեցան’։

◇ Երբ կրտսեր որդին կը վերադառնայ, իր հայրը ինչպէ՞ս կը հակազդէ։

◇ Կարեկից հօր վերաբերմունքը ինչպէ՞ս նման է Եհովայի եւ Յիսուսի վերաբերմունքին։

◇ Ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ մեծ որդիին վերաբերմունքը կը նմանի փարիսեցիներուն ու դպիրներուն վերաբերմունքին։

◇ Ի՞նչ դասեր կը քաղենք այս առակէն։

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 14-20

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՊԵՏՐՈՍ 1-2

«Սո՛ւրբ եղէք»

(Ա. Պետրոս 1։14, 15) Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, 15 հապա ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։

դ17.02 9 ¶5

Փրկանքը Աստուծոյ կողմէ «կատարեալ պարգեւ» մըն է

5 Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ Եհովային անունը կը սիրենք։ Մեր վարքով։ Եհովան կ’ուզէ որ սուրբ ըլլանք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։15, 16)։ Ասիկա կը նշանակէ՝ միայն Եհովան պաշտել եւ լման սրտով իրեն հնազանդիլ։ Նոյնիսկ երբ հալածանքի տակ ըլլանք, մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ իր արդար սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն համաձայն ապրինք։ Այսպիսով, Եհովային անուան փառք կը բերենք (Մատ. 5։14-16)։ Մեր ապրելակերպով կը փաստենք որ Եհովային օրէնքները օգտակար են եւ թէ Սատանան ստախօս է։ Անկատար ըլլալով, երբ սխալներ ընենք՝ անկեղծօրէն կը զղջանք եւ այլեւս չենք ըներ այն բաները որոնք Եհովային անունը կ’անարգեն (Սաղ. 79։9)։

(Ա. Պետրոս 1։16) Վասն զի գրուած է. «Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ»։

ասմ 64-65 ¶6

Ինչպէ՛ս օգտակար ժամանց ընտրել

6 Պօղոս Հռոմի քրիստոնեաները խրատեց. «Ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք»։ Ան նաեւ անոնց ըսաւ, որ ‘մարմնին գործերը սպաննեն’ (Հռովմայեցիս 6։12-14. 8։13)։ Իր նամակին սկիզբները, ան «մարմնին գործեր»ուն վերաբերեալ կարգ մը օրինակներ նշած էր։ Մեղաւոր մարդկութեան ակնարկելով, ան ըսաւ. «Անոնց բերանը անէծքով ու դառնութիւնով լեցուն է», «անոնց ոտքերը կ’աճապարեն արիւն թափելու» եւ «Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ» (Հռովմայեցիս 3։13-18)։ Քրիստոնեան իր մարմինը կ’արատաւորէ, եթէ իր «անդամները» գործածէ այսպիսի մեղաւոր սովորութիւններու անձնատուր ըլլալու համար։ Օրինակ՝ ներկայիս եթէ քրիստոնեայ մը դիտումնաւոր կերպով դիտէ պոռնկագրութիւն կամ վայրագութիւն ցուցադրող ֆիլմեր, ան իր աչքերը ‘մեղքի կ’ընծայէ’ եւ այսպէս՝ իր ամբողջ մարմինը կ’արատաւորէ։ Որեւէ պաշտամունք որ ան կը մատուցանէ հաւասար է զոհի մը, որ այլեւս անսուրբ է եւ Աստուծոյ անընդունելի (Բ. Օրինաց 15։21. Ա. Պետրոս 1։14-16. Բ. Պետրոս 3։11)։ Վնասակար ժամանց մը ընտրելուն պատճառով վճարուելիք ինչ սո՜ւղ գին մը։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ա. Պետրոս 1։10-12) Այդ փրկութեան համար փնտռեցին ու քննեցին մարգարէները, որ մարգարէացան ձեզի ըլլալու շնորհքը։ 11 Ու կը քննէին թէ ե՞րբ կամ ի՞նչպիսի ատեն կ’իմացնէր իրենց մէջ եղած Քրիստոսին Հոգին, որ առաջ կը վկայէր Քրիստոսին չարչարուիլը ու անկէ յետոյ փառաւորուիլը։ 12 Անոնց յայտնուեցաւ, որոնք ո՛չ թէ իրենց՝ հապա մեզի մատակարարեցին այն բաները, որոնք հիմա ձեզի պատմուեցան անոնց ձեռքով՝ որ աւետարանը քարոզեցին ձեզի Սուրբ Հոգիով, որ երկնքէն ղրկուեցաւ. որոնց հրեշտակները կը ցանկան տեսնել ակնկառոյց։

դ08 11/1 13 ¶9

Յակոբոսի եւ Պետրոսի նամակներէն աչքառու կէտեր

1։10-12. Հրեշտակները ցանկացին զննել ու հասկնալ խոր հոգեւոր ճշմարտութիւնները, զորս օծեալ քրիստոնէական ժողովքին առնչութեամբ Աստուծոյ վաղեմի մարգարէները գրեցին։ Սակայն այս բաները բացորոշ դարձան միայն երբ Եհովա սկսաւ ժողովքին հետ գործառնութիւն ունենալ (Եփ. 3։10)։ Հրեշտակներուն օրինակին պէտք չէ՞ հետեւինք եւ ջանանք «Աստուծոյ խորունկ բաները» քննել (Ա. Կոր. 2։10)։

(Ա. Պետրոս 2։25) Վասն զի մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք։

it-2 565 ¶3

Տեսուչ

Գերագոյն Տեսուչը։ Ա. Պետրոս 2։25–ը բացայայտօրէն կը մէջբերէ Եսայի 53։6–ը, երբ կը խօսի «մոլորեալ ոչխարներու» մասին, եւ ետքը կ’ըսէ. «Բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք»։ Հոս «Հովիւ» բառը պէտք է որ ակնարկէ Եհովա Աստուծոյ, քանի որ այն անձերը, որոնց Պետրոս գրեց, Յիսուս Քրիստոսէն չէին մոլորած, հապա՝ Եհովա Աստուծմէ, եւ Յիսուսին միջոցաւ վերադարձած էին Եհովա Աստուծոյ, որ իր ժողովուրդին Մեծագոյն հովիւն է (Սաղ. 23։1. 80։1. Եր. 23։3. Եզեկ. 34։12)։ Կրնանք Եհովան նաեւ կոչել տեսուչ, քանի որ ան կը ստուգէ (Սաղ. 17։3, ՆԱ)։ Իր ստուգման (յունարէն՝ e·pi·sko·peʹ) արդիւնքը կրնայ ըլլալ դատաստան տալ, ճիշդ ինչպէս որ առաջին դարուն պատահեցաւ Երուսաղէմին պարագային, քանի որ չգիտցաւ ‘իր ստուգման ժամանակը’ [յունարէն՝ e·pi·sko·pesʹ] (Ղուկ. 19։44, ՆԱ)։ Կամ ալ արդիւնքը կրնայ լաւ ըլլալ եւ օգուտներ բերել, ճիշդ ինչպէս որ է պարագան այն անհատներուն, որոնք Աստուած կը փառաւորեն այն օրը, «երբ ան ստուգելու գայ» [յունարէն՝ e·pi·sko·pesʹ] (Ա. Պետ. 2։12)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 87

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՆԽԱՒ ԾՐԱԳՐԷ

ՂՈՒԿԱՍ 16։1-13

• ԽՈՐԱՄԱՆԿ ՏՆՏԵՍԻՆ ԱՌԱԿԸ

• «ԱՆԻՐԱՒ ՄԱՄՈՆԱՅԷՆ ՁԵԶԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԸՐԷՔ»

Յիսուսին պատմած անառակ որդիին առակը պէտք էր հասկցուցած ըլլար իրեն մտիկ ընող մաքսաւորներուն, դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն, որ Աստուած պատրաստ է զղջացող մեղաւորներուն ներելու (Ղուկաս 15։1-7, 11)։ Հիմա Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ուղղէ իր խօսքը՝ պատմելով ուրիշ առակ մը։ Այս անգամ կը խօսի հարուստ մարդու մը մասին, որ կը տեղեկանայ թէ իր տնտեսը պարկեշտութեամբ չէ աշխատած։

Յիսուս կ’ըսէ որ տնտեսին մասին գանգատ կու գայ որ իր տիրոջ ունեցածը կը փճացնէ, եւ տէրն ալ կ’որոշէ անոր տնտեսութիւնը ձեռքէն առնել։ Տնտեսը հարց կու տայ. «Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ իմ տէրս տնտեսութիւնը ինձմէ կ’առնէ. հողագործութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ’ամչնամ»։ Դիմագրաւելիք բաներուն պատրաստուելու համար, ան կ’եզրակացնէ. «Գիտեմ ի՛նչ պիտի ընեմ, որպէս զի երբ իմ տնտեսութենէս հանուիմ, զիս իրենց տունը ընդունին»։ Ան անմիջապէս կը կանչէ իր տիրոջ պարտականները եւ ամէն մէկուն կը հարցնէ. «Դուն իմ տիրոջս ո՞րչափ պարտք ունիս» (Ղուկաս 16։3-5)։

Առաջինը կը պատասխանէ. «Հարիւր մար ձէթ»։ Այսինքն՝ 2200 լիդր ձէթ։ Կրնայ ըլլալ որ այս պարտականը ձիթենիի մեծ պարտէզ ունի կամ ալ ձէթի վաճառականութեամբ կը զբաղի։ Տնտեսը անոր կ’ըսէ. «Գիրդ առ ու շուտով նստէ յիսուն [1100 լիդր] գրէ» (Ղուկաս 16։6)։

Ետքը տնտեսը ուրիշ պարտականի մը կը հարցնէ. «Դո՞ւն որչափ պարտք ունիս»։ Ան կը պատասխանէ. «Հարիւր քոռ ցորեն»։ Այսինքն՝ մօտ 22,000 լիդր։ Տնտեսը անոր կ’ըսէ. «Գիրդ առ եւ ութսուն գրէ»։ Այսպիսով ան պարտքը 20 առ հարիւր կը նուազեցնէ (Ղուկաս 16։7)։

Տնտեսը դեռ պատասխանատու է իր տիրոջ ֆինանսական գործերուն, ուրեմն, կարելի է ըսել, որ ան իրաւասութիւն ունի իր տիրոջ պարտականներուն պարտքերը պակսեցնելու։ Այսպիսով ան կ’ունենայ բարեկամներ, որոնք կրնան իրեն օգնել, երբ իր գործը կորսնցնէ։

Տէրը կը գիտնայ պատահածին մասին։ Եւ հակառակ անոր որ տնտեսին առած քայլերը իրեն կը վնասեն, ան շատ կը տպաւորուի տնտեսին ըրածով եւ զինք կը գովէ, քանի որ «անիրաւ» ըլլալով հանդերձ ‘խելացի’ գտնուեցաւ։ Յիսուս կ’աւելցնէ. «Այս աշխարհին որդիները իրենց ցեղին մէջ՝ լուսոյ որդիներէն աւելի խելացի են» (Ղուկաս 16։8)։

Յիսուս տնտեսին ըրածը չ’արդարացներ, ոչ ալ իր խօսքերով մարդիկը կը քաջալերէ, որ խորամանկ գործեր տեսնեն։ Լաւ իր կէտը ի՞նչ է։ Ան իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին» (Ղուկաս 16։9)։ Յիսուս այս առակով կը սորվեցնէ, որ պէտք է հեռատես ըլլան եւ իմաստութեամբ շարժին։ Աստուծոյ ծառաները՝ «լուսոյ որդիներ»ը՝ պէտք է իրենց նիւթական միջոցները իմաստութեամբ գործածեն, յաւիտենական ապագան ի մտի ունենալով։

Միայն Եհովա Աստուած եւ իր Որդին կրնան մէկը ընդունիլ երկնքի Թագաւորութեան մէջ կամ այդ Թագաւորութեան ներքեւ ապրելու՝ երկրային Դրախտին մէջ։ Անոր համար, պէտք է ամէն ջանք թափենք որ իրենց բարեկամները դառնանք՝ մեր նիւթական միջոցները գործածելով Թագաւորութեան գործին աջակցելու համար։ Այսպիսով, մեր յաւիտենական ապագան ապահոված կ’ըլլանք, երբ ոսկին, արծաթը եւ ուրիշ թանկարժէք բաներ պակսին կամ փճանան։

Յիսուս նաեւ կ’ըսէ որ անոնք՝ որոնք իրենց հարստութիւնը կամ նիւթական միջոցները հաւատարմօրէն կը գործածեն, կարող պիտի ըլլան հաւատարմօրէն հոգ տանիլ աւելի կարեւոր բաներու։ Ան կ’աւելցնէ. «Ուստի եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը [օրինակի համար Թագաւորութեան շահերը] ո՞վ պիտի հաւատայ ձեզի» (Ղուկաս 16։11)։

Յիսուս իր աշակերտներուն ցոյց կու տայ, որ շատ ջանք պէտք է թափեն որ «յաւիտենական բնակարաններու մէջ» ընդունուին։ Մէկը չի կրնար թէ՛ Աստուծոյ ճշմարիտ ծառան ըլլալ եւ թէ անիրաւ մամոնային ծառան ըլլալ։ Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային» (Ղուկաս 16։9, 13)։

◇ Յիսուսին պատմած առակին մէջ, տնտեսը ինչպէ՞ս բարեկամներ ձեռք կը ձգէ։

◇ Ի՞նչ է ‘անիրաւ մամոնան’, եւ քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ անոր միջոցաւ ‘բարեկամներ ընել’։

◇ Ո՞վ կրնան մեզ ընդունիլ «յաւիտենական բնակարաններու մէջ», եթէ անիրաւ մամոնան հաւատարմօրէն գործածենք։

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 21-27

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՊԵՏՐՈՍ 3-5

«Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է»

(Ա. Պետրոս 4։7) Սակայն ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք։

դ13 11/15 3 ¶1

«Աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք»

«ԱՐԹՈՒՆ մնալու ամէնէն դժուար ժամանակը, արեւածագին նախորդող պահն է», կ’ըսէ տղամարդ մը՝ որ նախապէս գիշերը կ’աշխատէր։ Շատ հաւանաբար անոր հետ համամիտ կը գտնուին անոնք՝ որոնք ստիպուած են գիշերները արթուն մնալ։ Ներկայիս, քրիստոնեաները համանման մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւեն, քանի որ Սատանայի չար աշխարհին երկար գիշերը այժմ իր ամէնէն խաւար պահուն հասած է (Հռով. 13։12)։ Որքա՜ն վտանգաւոր պիտի ըլլար քնանալ այս ուշ ժամանակին։ Ուստի, «զգաստ» եւ «աղօթքի մէջ արթուն» մնալու սուրբ գրային խրատին անսալը հրատապ է (Ա. Պետ. 4։7)։

(Ա. Պետրոս 4։8) Եւ ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։

w99 4/15 22 ¶3

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հոգեւոր տկարութիւնները տեսնել եւ ատոնց հետ գլուխ ելլել

Բնաւ մի՛ մոռնաք Պետրոս առաքեալին սիրալիր խրատը. «Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք։ Եւ ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետրոս 4։7, 8)։ Մարդկային անկատարութիւնները,– ըլլա՛յ մերինները կամ ուրիշներունը,– շատ դիւրութեամբ կրնան մեր մտքին ու սրտին ազդել եւ մեզ գայթակղեցնել։ Սատանան շատ լաւ գիտէ այս մարդկային տկարութիւնը։ Ան խորամանկօրէն կ’ուզէ բաժանումներ պատճառել եւ մեր վրայ տիրել։ Ասոր համար, մենք պէտք է իրարու հանդէպ զօրաւոր սէր ունենանք, որ շուտով ծածկենք այսպիսի մեղքեր եւ Սատանային ‘տեղի չտանք’ (Եփեսացիս 4։25-27)։

(Ա. Պետրոս 4։9) Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու։

դ18.03 14-15 ¶2-3

Հիւրասէր ըլլալը թէ՛ շատ պէտք է եւ թէ հաճելի է

2 Պետրոս եղբայրները քաջալերեց որ կարգ մը բաներ ընեն, մէջը ըլլալով՝ ‘իրարու հիւրասիրութիւն ցուցնել’ (Ա. Պետ. 4։9)։ «Հիւրասիրութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «օտարներու հանդէպ համակրանք կամ ազնուութիւն»։ Բայց նկատէ որ Պետրոս իր եղբայրներն ու քոյրերը կը քաջալերէր, որ «իրարու» հիւրասիրութիւն ցուցնէին, հակառակ որ իրար արդէն գիտէին եւ միասին ժամանակ կ’անցընէին։ Հիւրասէր ըլլալը ինչպէ՞ս պիտի օգնէր իրենց։

3 Ատիկա զիրենք իրարու պիտի մօտեցնէր։ Նկատի առ հետեւեալը։ Պատահա՞ծ է որ մէկու մը տունը հրաւիրուած ես։ Այդ օրուընէ մնացած աղուոր յիշատակներ չո՞ւնիս։ Իսկ պատահա՞ծ է որ դուն ժողովքէն մէկը հրաւիրած ես տունդ։ Ձեր բարեկամութիւնը աւելի չզօ՞րացաւ։ Երբ հիւրասիրութիւն ցուցնենք իրարու, ուրիշ առիթներէ աւելի՝ մօտէն պիտի ճանչնանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Պետրոսի ժամանակներուն, քրիստոնեաները պէտք ունէին աւելի իրարու մօտենալու, մինչ վիճակները աւելի գէշ կ’ըլլային։ Այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին պէտք է նոյնը ընենք (Բ. Տիմ. 3։1)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ա. Պետրոս 3։19, 20) Որով բանտի մէջ եղած հոգիներուն ալ գնաց ու քարոզեց. 20 որոնք ատեն մը ապստամբ էին, երբ Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը՝ երբ տապանը կը շինուէր, որուն մէջ քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան։

դ13 6/15 23

Հարցումներ ընթերցողներէն

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Յիսուս ‘բանտի մէջ եղած հոգիներուն քարոզեց’ (Ա. Պետ. 3։19)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

▪ Պետրոս առաքեալ այս հոգիները կը բնորոշէ, ըսելով թէ անոնք «ատեն մը ապստամբ էին, երբ Աստուծոյ երկայնամտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը» (Ա. Պետ. 3։20)։ Յստակ է որ Պետրոս կ’ակնարկէր հոգեղէն արարածներուն, որոնք Սատանայի ըմբոստութեան միացան։ Յուդան կը նշէ հրեշտակներ, որոնք «իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա իրենց բնակութիւնը ձգեցին», եւ կ’ըսէ թէ Աստուած զանոնք «մշտնջենաւոր կապերով խաւարի մէջ պահեց մեծ օրուան դատաստանին համար» (Յուդա 6)։

Ի՞նչ կերպով այդ հոգեղէն արարածները Նոյի օրերուն անհնազանդ գտնուեցան։ Ջրհեղեղէն առաջ, անոնք մարդկային մարմիններ հագան,– բան մը՝ որ Աստուած իրենց համար չէր նպատակադրած (Ծն. 6։2, 4)։ Ասկէ զատ, այդ չար հրեշտակները, որոնք կիներու հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցան, անբնական արարք կը գործէին։ Եւ Աստուած զիրենք այդ նպատակով չէր ստեղծած (Ծն. 5։2)։ Այս չար եւ անհնազանդ հրեշտակները Աստուծոյ որոշած ժամանակին պիտի բնաջնջուին։ Իսկ այժմ, ինչպէս որ Յուդա կը նշէ, անոնք «խաւարի»՝ հոգեւոր բանտի մը՝ մէջ են։

Յիսուս ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս «բանտի մէջ եղած հոգիներուն» քարոզեց։ Պետրոս կը գրէ, թէ ասիկա պատահեցաւ, երբ Յիսուս ‘կենդանի եղաւ հոգիով’ (Ա. Պետ. 3։18, 19)։ Նկատի առ նաեւ, թէ Պետրոս ըսաւ որ Յիսուս «քարոզեց»։ Անցեալ կատարեալ եղանակը գործածելով, Պետրոս ցոյց տուաւ, թէ այդ քարոզչութիւնը կատարուեցաւ իր առաջին նամակը գրելէ առաջ։ Այնպէս կը թուի, թէ Յիսուս իր յարութենէն ժամանակ մը ետք, չար հոգեղէն արարածներուն դէմ յայտարարութիւն մը ըրաւ, որ կապ ունէր անոնց ապագայ պատիժին հետ։ Այս քարոզչութիւնը յուսոյ պատգամ մը չունէր անոնց համար։ Փոխարէն, ատիկա դատաստանի պատգամ էր (Յովն. 1։1, 2)։ Յիսուս իր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը մինչեւ մահ ցոյց տալով եւ ապա յարութիւն առնելով, փաստեց թէ Սատանան իր վրայ բան մը չունէր։ Այս հիման վրայ ան կրցաւ այսպիսի դատապարտական յայտարարութիւն մը ընել (Յովհ. 14։30. 16։8-11)։

Ապագային, Յիսուս Սատանան եւ այդ հրեշտակները պիտի կապէ եւ անդունդը նետէ (Ղուկ. 8։30, 31. Յայտ. 20։1-3)։ Մինչեւ այդ ժամանակ, այս անհնազանդ հոգեղէն արարածները հոգեւոր թանձր խաւարի մէջ են, իսկ իրենց վերջնական բնաջնջումը ստոյգ է (Յայտ. 20։7-10)։

(Ա. Պետրոս 4։6) Քանզի ասոր համար մեռելներուն ալ աւետարանը քարոզուեցաւ, որպէս զի դատուին մարդոց կողմանէ մարմնով ու հոգիով կենդանի ըլլան Աստուծոյ կողմանէ։

դ08 11/1 13 ¶7

Յակոբոսի եւ Պետրոսի նամակներէն աչքառու կէտեր

4։6—Որո՞նք էին այն «մեռելներ»ը, որոնց «աւետարանը քարոզուեցաւ»։ Անոնք բարի լուրը լսելէ առաջ՝ «յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած» կամ հոգեւորապէս մեռած անհատներ էին (Եփ. 2։1)։ Սակայն բարի լուրին հաւատք ընծայելէ ետք, անոնք սկսան հոգեւորապէս ‘ապրիլ’։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 88 ¶1-11

ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՒ ՂԱԶԱՐՈՍԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻՆ

ՂՈՒԿԱՍ 16։14-31

• ԱՂՔԱՏ ՂԱԶԱՐՈՍԻՆ ԱՌԱԿԸ

Յիսուս իր աշակերտներուն ընտիր խրատ կու տայ նիւթական միջոցները ինչպէ՛ս գործածելու նկատմամբ։ Բայց իր աշակերտները միակ անձերը չեն որ իրեն մտիկ կ’ընեն։ Հոն ներկայ են նաեւ փարիսեցիները, որոնք պէտք է Յիսուսին խրատին ականջ տան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «արծաթասէր» են։ Բայց Յիսուսին խօսքերը լսելով կը սկսին զինք ‘քամահրել’ կամ ծաղրել (Ղուկաս 15։2. 16։13, 14)։

Բայց Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Դուք էք որ մարդոց առջեւ ինքզինքնիդ կ’արդարացնէք, բայց Աստուած գիտէ ձեր սրտերը. վասն զի մարդոց մէջ բարձր եղածը Աստուծոյ առջեւ պիղծ է» (Ղուկաս 16։15)։

Երկար ժամանակէ ի վեր, փարիսեցիները «բարձր» դիրք ունին մարդոց առջեւ։ Բայց ժամանակը հասած է որ այս վիճակը բոլորովին փոխուի։ Մեծ փառք վայելող մարդիկը, որոնք հարուստ են եւ քաղաքական հեղինակութիւն ու կրօնական իշխանութիւն ունին, պէտք է ցածնան։ Իսկ հասարակ ժողովուրդը, որ իր հոգեւոր կարիքներուն կը գիտակցի, պէտք է բարձրանայ։ Յիսուս յստակօրէն կը խօսի մեծ փոփոխութեան մը մասին, երբ կ’ըսէ.

«Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի եւ ամէն մէկը անոր մէջ մտնելու կ’արտորայ։ Աւելի դիւրին է, որ երկինք ու երկիր անցնին, քան թէ օրէնքէն մէկ նշանագիր իյնայ» (Ղուկաս 3։18. 16։16, 17)։ Յիսուսին խօսքերը ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ փոփոխութիւն մը տեղի կ’ունենայ։

Հրեայ կրօնական առաջնորդները հպարտօրէն կ’ըսեն, որ Մովսիսական օրէնքին կը հետեւին։ Յիշենք որ երբ Յիսուս Երուսաղէմի մէջ կոյր մարդու մը աչքերը բացաւ, փարիսեցիները հպարտօրէն ըսին. «Մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։ Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ» (Յովհաննէս 9։13, 28, 29)։ Մովսէսին միջոցաւ տրուած Օրէնքին նպատակներէն մէկն էր՝ խոնարհները առաջնորդել Մեսիային, այսինքն՝ Յիսուսին։ Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսին համար ըսաւ որ Աստուծոյ Գառն է (Յովհաննէս 1։29-34)։ Յովհաննէսին ծառայութենէն սկսեալ, խոնարհ հրեաները, մասնաւորաբար աղքատները, կը լսեն «Աստուծոյ թագաւորութեան» բարի լուրը։ Այո, բարի լուր կայ բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալ եւ անկէ օգտուիլ։

Մովսիսական օրէնքը իր նպատակին հասա՞ւ։ Այո՛։ Ատիկա մարդիկը առաջնորդեց Մեսիային։ Եւ մէյ մը որ Օրէնքը կատարուի, Աստուծոյ ժողովուրդը այլեւս պարտաւորուած պիտի չըլլայ զայն պահելու։ Օրինակ, Օրէնքը արտօնեց ամուսնալուծումը կարգ մը պատճառներու համար։ Բայց Յիսուս հիմա կ’ըսէ. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ եւ ով որ էրիկէն արձակուած կին մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Ղուկաս 16։18)։ Անշուշտ, այս խօսքը կը կատղեցնէ փարիսեցիները, որոնք կը սիրեն ամէն բանի համար կանոններ դնել։

Հիմա Յիսուս կը պատմէ առակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ ի՜նչ մեծ փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ։ Առակը կը խօսի երկու տղամարդոց մասին, որոնց պարագաները հարիւր ութսուն աստիճան կը փոխուին։ Առակը նկատի առած ժամանակ ի մտի ունենանք, որ Յիսուսին մտիկ ընողներուն մէջ կան արծաթասէր փարիսեցիները, որոնք «բարձր» դիրք ունին մարդոց առջեւ։

Յիսուս կը պատմէ. «Հարուստ մարդ մը կար, որ ծիրանի ու բեհեզ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւորապէս ուրախութիւն կ’ընէր։ Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար վէրքերով լեցուն, որ անոր դրանը առջեւ դրուած էր։ Ան կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել։ Շուները կու գային եւ անոր վէրքերը կը լզէին» (Ղուկաս 16։19-21)։

Փարիսեցիները դրամասէր են, ուրեմն կասկած չկայ որ Յիսուս իրենց կ’ակնարկէ, երբ կը խօսի «հարուստ մարդ»ուն մասին։ Այս հրեայ կրօնական առաջնորդները նաեւ կը սիրեն սուղ եւ շքեղ հագուստներ հագնիլ։ Իրենց հարստութենէն զատ, անոնք հարուստ կ’երեւին իրենց հոգեւոր առանձնաշնորհումներով։ Անոր համար, առակին մէջի հարուստ մարդուն ծիրանի հագուիլը կ’ակնարկէ փարիսեցիներուն առանձնաշնորհեալ դիրքին, իսկ ճերմակ բեհեզը ցոյց կու տայ, որ անոնք իրենք զիրենք արդար կը սեպեն (Դանիէլ 5։7)։

Հարուստ եւ հպարտ առաջնորդները ի՞նչ աչքով կը նային աղքատներուն կամ հասարակ ժողովուրդին։ Անոնք զիրենք կը կոչեն ամ հա·արեց, այսինքն՝ գետնի մարդիկ, որոնք ո՛չ Օրէնքը գիտեն, ոչ ալ արժանի են ատիկա սորվելու (Յովհաննէս 7։49)։ Այդ մարդոց վիճակը կը նմանի «Ղազարոս անունով աղքատ» մուրացկանին վիճակին, որ ա՛յնքան անօթի էր, որ «կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել»։ Եւ վէրքերով լեցուն Ղազարոսին պէս, հասարակ ժողովուրդը ցած աչքով կը դիտուի, կարծես հոգեւորապէս հիւանդ ըլլայ։

Այս ցաւալի վիճակը երկար ժամանակէ ի վեր կը տիրէ, բայց Յիսուս գիտէ որ ժամանակը եկած է որ մեծ փոփոխութիւն տեղի ունենայ հարուստ մարդուն եւ Ղազարոսին վիճակը ունեցող մարդոց կեանքին մէջ։

◇ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն եւ հասարակ ժողովուրդին պարագաները ինչպէ՞ս իրարմէ տարբեր են։

◇ Ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ Յովհաննէսին ծառայութենէն սկսեալ։

◇ Յիսուսի առակին մէջի հարուստ մարդը եւ Ղազարոսը որո՞նք կը ներկայացնեն։

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 28–ՆՈՅԵՄԲԵՐ 3

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1-3

«Եհովային օրը մտքիդ մէջ վառ պահէ»

(Բ. Պետրոս 3։9, 10) Տէրը չ’ուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։ 10 Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին։

դ07 1/1 19 ¶11

Եհովա ‘իրաւունք պիտի ընէ’

11 Սակայն ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք Յիսուսի երաշխիքը թէ Եհովա «շուտով» իրաւունք պիտի ընէ։ Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ թէ Եհովա ‘թէեւ երկայնամիտ է’, բայց երբ ժամանակը լեցուի, շուտով արդարութիւն պիտի գործադրէ։ (Ղուկաս 18։7, 8. Բ. Պետրոս 3։9, 10) Նոյի ժամանակ, երբ Ջրհեղեղը եկաւ, անյապաղ բոլոր ամբարիշտները կործանեցան։ Նմանապէս Ղովտի օրերուն, երբ երկինքէն կրակ տեղաց, բոլոր չարերը բնաջնջուեցան։ Յիսուս ըսաւ. «Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի»։ (Ղուկաս 17։27-30) Այն ատեն աւերումը դարձեալ «յանկարծակի» պիտի հասնի ամբարիշտներուն վրայ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3) Արդարեւ կրնանք լիովին վստահ ըլլալ որ Եհովա թոյլ պիտի չտայ Սատանայի աշխարհին որ արդարութեան պահանջածէն նոյնիսկ մէկ օր աւելի գոյատեւէ։

(Բ. Պետրոս 3։11, 12) Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով 12 ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին։

դ07 1/1 11 ¶18

«Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»

18 Զարմանալի չէ որ Պետրոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ որ ի մտի ունենանք կամ ջանանք փութացնել «Տիրոջ օրուան գալուստը»։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Կերպերէն մէկն է՝ «մաքուր եւ աստուածապաշտ կեանք մը» ապրելով։ (Բ. Պետրոս 3։11, 12, Անթիլիաս) Այսպիսի գործունէութիւններով զբաղած մնալը կ’օգնէ մեզի որ անձկագին սպասենք «Տիրոջ օրուան» գալուստին։ Իրականութեան մէջ, չենք կրնար Եհովայի օրուան գալուստը փութացնել։ Սակայն, մինչ այդ օրուան կը սպասենք, ժամանակը պիտի թուի թէ շատ աւելի արագ կ’անցնի, եթէ Աստուծոյ ծառայութեամբ զբաղած ենք։—Ա. Կորնթացիս 15։58

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Բ. Պետրոս 1։19) Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի։

դ08 11/1 14 ¶2

Յակոբոսի եւ Պետրոսի նամակներէն աչքառու կէտեր

1։19—Ո՞վ է «արուսեակը», ան ե՞րբ կը ծագի եւ ի՞նչպէս կը գիտնանք թէ ասիկա տեղի ունեցած է։ «Արուսեակը» թագադրուած Յիսուս Քրիստոսն է (Յայտ. 22։16)։ 1914–ին, Յիսուս ամբողջ ստեղծագործութեան առջեւ ծագեցաւ որպէս մեսիական Թագաւոր, նոր օրուան մը արշալոյսը ծանուցանելով։ Այլակերպութիւնը, Յիսուսի փառքին ու թագաւորական հեղինակութեան մասին նմոյշ մը հայթայթեց, Աստուծոյ մարգարէական խօսքին վստահելիութիւնը ընդգծելով։ Այդ խօսքին ուշադրութիւն ընծայելը մեր սրտերը կը լուսաւորէ, եւ այսպէս կը գիտակցինք թէ Արուսեակը ծագած է։

(Բ. Պետրոս 2։4) Վասն զի եթէ Աստուած մեղք գործող հրեշտակներուն չխնայեց, հապա խաւարի կապերով տարտարոսը ձգած՝ դատաստանի պահել տուաւ։

դ08 11/1 14 ¶3

Յակոբոսի եւ Պետրոսի նամակներէն աչքառու կէտեր

2։4—Ի՞նչ է «տարտարոս»ը եւ ե՞րբ ըմբոստ հրեշտակները հոն նետուեցան։ Տարտարոսը բանտանման վիճակ մըն է, որուն կը յանձնուին միայն հոգեղէն արարածներ եւ ո՛չ թէ մարդիկ։ Անիկա Աստուծոյ պայծառ նպատակներուն նկատմամբ մտային թանձր մթութեան կացութիւն է։ Տարտարոսի մէջ եղողները ապագային նկատմամբ որեւէ յոյս չունին։ Աստուած Նոյի օրերուն տարտարոս նետեց անհնազանդ հրեշտակները, եւ անոնք այդ նուաստացած վիճակին մէջ պիտի մնան մինչեւ որ բնաջնջուին։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 88 ¶12-19

ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՒ ՂԱԶԱՐՈՍԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻՆ

ՂՈՒԿԱՍ 16։14-31

ՄԵԾ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ

Յիսուս կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս մեծ փոփոխութիւնը տեղի կ’ունենայ։ Ան կ’ըսէ. «Աղքատը մեռաւ ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զանիկա։ Հարուստն ալ մեռաւ ու թաղուեցաւ։ Երբ դժոխքը՝ տանջանքի մէջ էր հարուստը՝ իր աչքերը վերցնելով հեռուէն տեսաւ Աբրահամը ու Ղազարոսը անոր գոգը հանգիստ նստած» (Ղուկաս 16։22, 23)։

Յիսուսին մտիկ ընողները գիտեն, որ Աբրահամ շատոնց մեռած է եւ գերեզմանն է։ Սուրբ Գրութիւնները յստակ կերպով ցոյց կու տան, թէ գերեզմանին կամ Շէօլին մէջ եղողները ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը խօսին, ոչ ալ կը չարչարուին, մէջը ըլլալով Աբրահամ (Ժողովող 9։5, 10)։ Ուրեմն, կրօնական առաջնորդները ի՞նչ կը հասկնան Յիսուսին այս առակէն։ Ան ի՞նչ կէտ կ’ուզէ բացատրել հասարակ ժողովուրդին եւ դրամասէր կրօնական առաջնորդներուն նկատմամբ։

Յիսուս արդէն քիչ առաջ մեծ փոփոխութեան մասին ակնարկեց, երբ ըսաւ որ «Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի»։ Ուրեմն Յովհաննէսին եւ Յիսուս Քրիստոսին քարոզած պատգամին պատճառով է, որ թէ՛ Ղազարոսին կեանքը եւ թէ հարուստ մարդուն կեանքը կը փոխուին։

Խոնարհ եւ աղքատ մարդիկ երկար ժամանակէ ի վեր հոգեւորապէս անօթի են։ Բայց անոնց օգնութիւն կը տրուի եւ անոնք կ’ընդառաջեն Թագաւորութեան պատգամին, որ նա՛խ Յովհաննէս Մկրտիչ ներկայացուց եւ ապա Յիսուս։ Սկիզբը անոնք ստիպուած էին բաւարարուիլ կրօնական առաջնորդներուն հոգեւոր ‘սեղանէն ինկած փշրանքներով’, այսինքն՝ այն քանի մը ուսուցումներով, որ կրօնական առաջնորդները պատրաստ էին ժողովուրդին սորվեցնելու։ Բայց հիմա անոնք առատ սնունդ կը ստանան հոգեւոր կարեւոր ճշմարտութիւններով, մասնաւորաբար այն հրաշալի ճշմարտութիւններով որ Յիսուս կը բացատրէ։ Այսպիսով, անոնք կարծես նպաստաւոր դիրք կ’ունենան Եհովա Աստուծոյ առջեւ։

Միւս կողմէ, հարուստ եւ բարձր դիրք ունեցող կրօնական առաջնորդները կը մերժեն ընդունիլ Թագաւորութեան պատգամը, որ Յովհաննէս ծանուցանեց եւ որ Յիսուս հիմա ամէն տեղ կը քարոզէ (Մատթէոս 3։1, 2. 4։17)։ Իրականութեան մէջ, այդ պատգամը զանոնք կը բարկացնէ, նոյնիսկ կը չարչարէ, քանի որ կ’ազդարարէ Աստուծոյ մօտալուտ կրակոտ դատաստանին մասին (Մատթէոս 3։7-12)։ Այս դրամասէր կրօնական առաջնորդները կը նախընտրեն, որ Յիսուսն ու իր աշակերտները դադրին Աստուծոյ պատգամը քարոզելէ։ Անոնք առակին մէջի հարուստ մարդուն կը նմանին, որ կ’ըսէ. «Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ ինծի ու ղրկէ Ղազարոսը, որպէս զի իր մատին ծայրը ջուրը թաթխէ ու զովացնէ իմ լեզուս, վասն զի այս բոցին մէջ կը տանջուիմ» (Ղուկաս 16։24)։

Բայց այդ կրօնական առաջնորդներուն չարչարանքը վերջ պիտի չգտնէ, քանի որ անոնց մեծամասնութիւնը պիտի չփոխուի։ Անոնք մերժեցին ‘Մովսէսին ու մարգարէներուն մտիկ ընել’, որոնց արձանագրած տեղեկութիւնները պէտք էր օգնէին Յիսուսը ընդունելու որպէս Աստուծոյ Մեսիան եւ Թագաւորը (Ղուկաս 16։29, 31. Գաղատացիս 3։24)։ Ասկէ զատ, անոնք իրենք զիրենք չեն խոնարհեցներ եւ չեն հետեւիր աղքատ մարդոց օրինակին, որոնք կ’ընդունին Յիսուսը եւ այլեւս կը վայելեն Աստուծոյ հաճութիւնը։ Իսկ միւս կողմէ, Յիսուսին աշակերտները չեն կրնար զիջումներ ընել եւ ճշմարտութեան պատգամը մեղմացնել՝ կրօնական առաջնորդները հաճեցնելու կամ հանգստացնելու համար։ Յիսուս իր պատմած առակին ընդմէջէն այս իրողութիւնը կը նկարագրէ, երբ «հայր Աբրահամ»ը հարուստին կ’ըսէ.

«Ո՛րդեակ, միտքդ բեր, որ դուն քու կեանքիդ մէջ քու բարիքներդ առիր, նոյնպէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա անիկա հոս կը մխիթարուի ու դուն կը տանջուիս։ Այս ամէն բաներէն զատ՝ մեր ու ձեր մէջտեղ մեծ անդունդ մը կայ հաստատուած, որպէս զի ձեզի անցնիլ ուզողները չկրնան, ոչ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները՝ անցնին» (Ղուկաս 16։25, 26)։

Այս փոփոխութիւնը որքա՜ն արդար ու տեղին է։ Յստակ է որ հպարտ կրօնական առաջնորդներուն եւ խոնարհ մարդոց պարագաները ամբողջովին կը փոխուին։ Խոնարհ մարդիկ Յիսուսին լուծը իրենց վրայ կ’առնեն եւ վերջապէս կը թարմանան ու հոգեւորապէս կը սնուցանուին (Մատթէոս 11։28-30)։ Այս փոփոխութիւնը ա՛լ աւելի յստակ պիտի դառնայ քանի մը ամիս ետք, երբ Օրէնքի ուխտը նոր ուխտով փոխարինուի (Երեմիա 31։31-33. Կողոսացիս 2։14. Եբրայեցիս 8։7-13)։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Աստուած իր սուրբ հոգին թափէ, արեւի պէս յստակ պիտի դառնայ, որ Յիսուսին աշակերտնե՛րը ունին Աստուծոյ հաճութիւնը, եւ ոչ թէ փարիսեցիները եւ անոնց կրօնական դաշնակիցները։

◇ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ հարուստ մարդուն եւ Ղազարոսին պարագաները պիտի փոխուին։

◇ Կրօնական առաջնորդները ինչպէ՞ս կը հակազդեն Յովհաննէսի եւ Յիսուսի քարոզած պատգամին եւ Յիսուս ինչպէ՞ս ասիկա ցոյց կու տայ առակին մէջ։

◇ Կրօնական առաջնորդները ի՞նչ կը նախընտրեն, եւ ինչո՞ւ ատիկա տեղի պիտի չունենայ։

◇ Ե՞րբ կրօնական առաջնորդներուն եւ Յիսուսի աշակերտներուն միջեւ եղած անդունդը ա՛լ աւելի պիտի մեծնայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել