Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ22 Մարտ էջ 5
  • Կրնաս երեք կերպերով Եհովային վստահիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնաս երեք կերպերով Եհովային վստահիլ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Անձնական որոշումներդ ինչպէ՞ս կ’առնես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
ժտ22 Մարտ էջ 5

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կրնաս երեք կերպերով Եհովային վստահիլ

Դաւիթ կրցաւ Գողիաթին յաղթել, քանի որ Եհովային վստահեցաւ (Ա. Թագ. 17։45)։ Եհովան կ’ուզէ իր բոլո՛ր ծառաներուն օգնել (Բ. Մն. 16։9)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի՛ն վստահիլ, փոխանակ մեր փորձառութեան եւ կարողութեան վստահելու։ Տեսնենք երեք կերպեր.

  • Միշտ աղօթէ. Ոչ թէ միայն սխալ մը ընելէ ետք աղօթէ ներողութիւն խնդրելու համար, հապա նաեւ աղօթէ երբ փորձութեան առջեւ ըլլաս (Մատ. 6։12, 13)։ Ոչ թէ միայն որոշում մը առնելէ ետք աղօթէ որ Եհովան օրհնէ զայն, հապա նաեւ աղօթէ առաջ որ որոշումներ առնես՝ իմաստութիւն եւ ուղղութիւն խնդրելու համար (Յակ. 1։5)։

  • Սուրբ Գիրքը կարդալու եւ սերտելու ռութին ունեցիր։ Ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդա՛ (Սաղ. 1։2)։ Խոկա՛ Սուրբ Գիրքի անձնաւորութիւններու վրայ եւ ատոնցմէ սորված դասերդ գործադրէ (Յակ. 1։23-25)։ Ծառայութեան պատրաստուէ՝ հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ընելով, փոխանակ փորձառութեանդ վստահելու։ Ժողովներուն նիւթերը նախապէս պատրաստէ, որպէսզի ժողովներէն լաւ օգտուիս։

  • Եհովային կազմակերպութեան հետ համագործակցէ։ Լաւ գիտցիր թէ կազմակերպութեան վերջին ուղղութիւնները ի՛նչ են, եւ շուտով ատոնց հետեւէ (Թւ. 9։17)։ Երէցներուն մտիկ ըրէ, երբ խրատ եւ ուղղութիւն տան (Եբ. 13։17)։

Ոստիկանները եղբայր մը բանտ կը տանին, մինչ լրագրողներ եւ ուրիշ եղբայրներ իրենց կը նային։

ԴԻՏԷ ՀԱԼԱԾԱՆՔԷՆ ՎԱԽՆԱԼՈՒ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԻՆՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

• Եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ վախեր ունեցան։

• Ինչը՞ անոնց օգնեց որ իրենց վախերուն հետ գլուխ ելլեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել