Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա23 Մարտ էջ 1-10
  • Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2023)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՐՏ 6-12
  • ՄԱՐՏ 13-19
  • ՄԱՐՏ 20-26
  • ՄԱՐՏ 27–ԱՊՐԻԼ 2
  • ԱՊՐԻԼ 10-16
  • ԱՊՐԻԼ 17-23
  • ԱՊՐԻԼ 24-30
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2023)
ժտա23 Մարտ էջ 1-10

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

© 2022 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania

ՄԱՐՏ 6-12

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 23-26

«Տաճարին մէջ պաշտամունքը շատ լաւ կը կազմակերպուի»

խա-2 241

Ղեւտացիներ

Դաւիթ շատ լաւ կերպով կազմակերպեց ղեւտացիներուն գործը։ Ան վերակացուներ, ոստիկաններ, դատաւորներ, դռնապաններ եւ գանձապետներ նշանակեց։ Ասկէ զատ, ան շատ մը ուրիշ ղեւտացիներ նշանակեց, որ տաճարին, գաւիթներուն եւ սենեակներուն մէջ քահանաներուն օգնեն զոհեր մատուցանելու, մաքրելու, կշռելու, չափելու եւ պահակութիւն ընելու մէջ։ Քահանաներուն բաժանումներուն պէս, ղեւտացի երաժիշտները բաժնուած էին 24 բաժանումներու եւ կարգով ծառայութիւն կ’ընէին։ Ղեւտացիներուն գործը վիճակ ձգելով որոշուեցաւ։ Պահակագունդերուն պահպանութիւն ընելիք դռներն ալ վիճակ ձգելով որոշուեցան (Ա. Մն. 23. 25. 26. Բ. Մն. 35։3-5, 10)։

խա-2 686

Քահանայ

Տաճարին մէջ, քահանաներուն վրայ վերակացուներ կային։ Քահանաներուն կարգ մը գործերը նշանակելու ատեն վիճակ ձգուեցաւ։ Քահանաները 24 բաժանումներու բաժնուած էին եւ ամէն շաբաթ միայն մէկ բաժանում կը ծառայէր։ Այսպիսով, ամէն մէկ բաժանում տարին երկու անգամ կը ծառայէր։ Ըստ երեւոյթին, լման քահանայութիւնը կը ծառայէր տօներու ժամանակ (ինչպէս տաճարին նաւակատիքին պարագան էր), երբ ժողովուրդը հազարաւոր զոհեր կը մատուցանէր (Ա. Մն. 24։1-18, 31. Բ. Մն. 5։11. համեմատէ՛ Բ. Մն. 29։31-35. 30։23-25. 35։10-19)։ Քահանայ մը կրնար իր նշանակուած ժամանակէն դուրս ծառայել, եթէ ասիկա այդ ժամանակ ծառայող քահանաներուն գործը չէր խանգարեր։ Ըստ ռաբունական աւանդութիւններու, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, շատ քահանաներ կային։ Ասոր համար, ամէն մէկ շաբաթը, որ որոշ բաժանումի նշանակուած էր, կը բաժնուէր այդ բաժանումին մէջ ինկող ընտանիքներուն միջեւ։ Այսպիսով, ամէն մէկ ընտանիք այդ շաբթուան մէջ մէկ–երկու օր կը ծառայէր. անշուշտ ասիկա կախեալ էր անոնց թիւէն։

խա-2 451-452

Երաժշտութիւն

Երբ Դաւիթ Եհովային տաճարին համար պատրաստութիւններ կը տեսնէր, 4000 ղեւտացիներ նշանակեց որ երաժշտութեամբ զբաղին (Ա. Մն. 23։4, 5)։ Անոնցմէ 288 հոգին «Տէրոջը երգեր սորված [էին] իրենց եղբայրներուն հետ՝ այսինքն բոլոր[ը] հանճարեղներ» էին (Ա. Մն. 25։7)։ Անոնց բոլորին վրայ կային երեք վարպետ երաժիշտներ՝ Ասափ, Եման եւ Իդիթուն (որ ըստ երեւոյթին նաեւ կը կոչուէր Եթան)։ Ասափը՝ Ղեւիին որդիին Գերսոնին սերունդէն էր, Եմանը՝ Ղեւիին որդիին Կահաթին սերունդէն էր, իսկ Իդիթուն՝ Ղեւիին որդիին Մերարիին սերունդէն էր։ Այսպիսով, Ղեւիին երեք որդիներուն սերունդները ներկայացուած էին տաճարին երաժշտական խումբին մէջ (Ա. Մն. 6։16, 31-33, 39-44. 25։1-6)։ Այս երեք անհատները ընդամէնը 24 տղաներ ունէին, որոնք սկիզբը նշուած 288 վարպետ երաժիշտներուն մէջ էին։ Վիճակ ձգելով որոշուեցաւ որ այս 24 տղաներէն ամէն մէկը ո՛ր երաժշտական խումբին վրայ պիտի վերահսկէր։ Ասկէ զատ անոնցմէ ամէն մէկը կը վերահսկէր 11 ուրիշ «հանճարեղներ»ու վրայ, որոնց մէջ կային թէ՛ իրենց տղաները եւ թէ ուրիշ ղեւտացիներ։ Այսպիսով, 288 ([1 + 11] × 24 = 288) վարպետ ղեւտացի երաժիշտները բաժնուած էին 24 բաժանումներու, ճիշդ քահանաներուն պէս։ Եթէ մնացեալ 3712 երաժշտութիւն սորվողները բաժնենք այս 24 բաժանումներուն միջեւ, ամէն մէկ բաժանումին կ’աւելնայ միջին հաշուով 155 անհատ։ Այսինքն՝ 288 հանճարեղ երաժիշտներէն ամէն մէկը կը մարզէր մօտ 13 ղեւտացիներ (Ա. Մն. 25։1-31)։ Այս ղեւտացի երաժիշտներէն զատ կային փող հնչեցնողներ, որոնք քահանաներ էին (Բ. Մն. 5։12. համեմատէ՛ Թւ. 10։8)։

խա-1 898

Դռնապաններ

Տաճարին մէջ. Դաւիթ թագաւոր իր մահէն քիչ առաջ մանրամասնօրէն կազմակերպեց ղեւտացիները եւ տաճարին մէջ աշխատողները, մէջը ըլլալով դռնապանները, որոնք 4000 հոգի էին։ Անոնք բաժանումներ ունէին եւ ամէն մէկ բաժանում եօթը օր կը ծառայէր։ Անոնց պատասխանատուութիւնն էր Եհովային տան պահպանութիւն ընել եւ վստահ ըլլալ որ դռները ճիշդ ժամանակին կը բացուին ու կը գոցուին (Ա. Մն. 9։23-27. 23։1-6)։ Պահակութիւն ընելէ զատ, անոնցմէ ոմանք հոգ կը տանէին ժողովուրդին բերած նուիրատուութիւններուն, որոնք կը գործածուէին տաճարին համար (Դ. Թագ. 12։9. 22։4)։ Անգամ մը, երբ Յովիադա քահանայապետը Յովասը թագաւոր օծեց, յատուկ պահապաններ նշանակուեցան տաճարին դռներուն քով, որպէսզի Յովասը պաշտպանեն չար Գոթողիա թագուհիէն (Դ. Թագ. 11։4-8)։ Երբ Յովսիա թագաւորը մէջտեղէն կը վերցնէր կռապաշտութիւնը, դռնապանները օգնեցին որ Բահաղին պաշտամունքին մէջ գործածուած բաները տաճարէն դուրս հանուին։ Ատոնք ետքը քաղաքէն դուրս այրուեցան (Դ. Թագ. 23։4)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ22.03 22 ¶10

Ճշմարիտ պաշտամունքը ուրախութիւնդ պիտի աւելցնէ

10 Եհովան կը պաշտենք, երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կ’երգենք (Սաղ. 28։7)։ Իսրայէլացիները երգելը իրենց պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասը սեպեցին։ Դաւիթ թագաւոր 288 ղեւտացիներ նշանակեց որպէս երգողներ տաճարին մէջ (Ա. Մն. 25։1, 6-8)։ Այսօր, կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը արտայայտել՝ փառաբանութեան երգեր երգելով։ Պայման չէ որ աղուոր ձայն ունենանք։ Նկատի առ այս բաղդատութիւնը. խօսելու ատեն «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք», բայց ասիկա մեզ ետ չի պահեր խօսելէ ժողովքին մէջ եւ ծառայութեան մէջ (Յակ. 3։2)։ Նոյնպէս, տակաւին կրնանք երգերով Եհովան փառաբանել, նոյնիսկ եթէ կը խորհինք որ լաւ չենք երգեր։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

դ11 6/1 14-15

Աստուած կազմակերպութիւն մը ունի՞

Առաջին դարուն, Ասիայի եւ Եւրոպայի մէջ շատ մը քրիստոնէական ժողովքներ հաստատուեցան, քանի որ առաքեալները եւ Յիսուսին աշակերտները նախանձախնդրութեամբ քարոզեցին։ Ճիշդ է որ այդ ժողովքները իրարմէ հեռու էին, բայց իրարու հետ կապ ունէին, լաւ կազմակերպուած էին եւ առաքեալներուն սիրալիր վերակացութեան տակ էին։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ Տիտոսը Կրետէ կղզին նշանակեց, ‘որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկէ’ (Տիտոս 1։5)։ Ասկէ զատ, Պօղոս Կորնթոսի ժողովքին գրեց որ կարգ մը եղբայրներ «կառավարողներ» կամ «վարչական կարողութեամբ օժտուածներ» (ՆԹ) էին, ուրիշ խօսքով կազմակերպողներ էին (Ա. Կորնթացիս 12։28)։ Բայց այս կարգուկանոնը որո՞ւ շնորհիւ էր։ Պօղոս ըսաւ որ Աստուա՛ծ է ժողովքը ‘բարեխառնողը’, կամ՝ կազմակերպողը (Ա. Կորնթացիս 12։24)։

Քրիստոնէական ժողովքին վրայ վերակացութիւն ընողները չէին իշխեր հաւատակիցներուն վրայ, հապա՝ անոնց «գործակից» էին եւ սուրբ հոգիին ուղղութեան կը հետեւէին։ Անոնցմէ կ’ակնկալուէր որ ‘հօտին օրինակ ըլլան’ (Բ. Կորնթացիս 1։23. Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Յիսուսն էր ժողովքին «գլուխը», եւ ոչ թէ մարդ արարած մը (Եփեսացիս 5։23)։

Երբ Կորնթոսի ժողովքը սկսաւ հարցերը ձեռք չառնել այն կերպով, որ ուրիշ ժողովքներ ձեռք կ’առնէին, Պօղոս անոնց գրեց. «Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ կամ թէ միայն ձեզի՞ հասաւ» (Ա. Կորնթացիս 14։36)։ Պօղոս այս հարցումը հարցուց որ անոնց մտածելակերպը շտկէ եւ օգնէ որ հասկնան, թէ անոնք չեն կրնար իրենց ուզածին պէս վարուիլ։ Ժողովքները կ’աճէին երբ առաքեալներուն ուղղութիւններուն կը հետեւէին (Գործք 16։4, 5)։

Աստուած մեզ կը կազմակերպէ քանի որ մեզ կը սիրէ

Մեր օրերուն, կարգ մը մարդիկ չեն ուզեր որոշ կրօնական կազմակերպութեան մը մաս կազմել։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ Աստուած միշտ իր կազմակերպութիւնը գործածած է որ իր նպատակը կատարէ։ Անցեալին, ան զինք պաշտող իսրայէլացիները կազմակերպեց, եւ յետագային՝ առաջին քրիստոնեաները կազմակերպեց։

Լաւ, կրնա՞նք եզրակացնել, որ Եհովա Աստուած մինչեւ այսօր կ’ուղղէ իր ժողովուրդը։ Այո՛։ Ան զինք պաշտողները կը կազմակերպէ եւ միացած կը պահէ, քանի որ զանոնք կը սիրէ եւ կը հոգայ։ Այսօր, Եհովան իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ որ մարդոց նկատմամբ իր կամքը կատարէ։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ որ իր կազմակերպութիւնը ո՛ր մէկն է։ Այս կէտերը մեզի կ’օգնեն.

■ Ճշմարիտ քրիստոնեաները կազմակերպուած են, որպէսզի որոշ գործ մը ընեն (Մատթէոս 24։14. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեն բոլոր ազգերուն։ Ասիկա անկարելի կ’ըլլայ եթէ անոնք ամբողջ աշխարհին մէջ կազմակերպուած չըլլան։ Օրինակով մը բացատրենք. անձ մը դիւրութեամբ կրնայ մէկ անհատ կերակրել, բայց եթէ կ’ուզես հազարաւոր կամ միլիոնաւոր անհատներ կերակրել, պէտք ունիս լաւ կազմակերպուած խումբի, որոնք իրարու հետ կը համագործակցին։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները «մէկ ուսով» կը քարոզեն բարի լուրը (Սոփոնիա 3։9, ստորանիշ)։ Անոնք տարբեր երկիրներէ, լեզուներէ եւ ազգերէ են. եթէ կազմակերպուած եւ միացած չըլլան, կրնա՞ն այս գործը ընել։ Շատ յստակ է որ ո՛չ։

■ Ճշմարիտ քրիստոնեաները կազմակերպուած են, որպէսզի իրարու օգնեն եւ քաջալերեն։ Անհատ մը, որ առանձին կը մագլցի, ի՛նքը կ’որոշէ ուր կ’ուզէ մագլցիլ, եւ ուրիշ մագլցողներու հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը չ’ունենար։ Բայց եթէ ան արկած մը կամ դժուարութիւն մը ունենայ, լուրջ խնդիրի առջեւ կրնայ ըլլալ, քանի որ մէկը չկայ որ իրեն օգնէ։ Իմաստութիւն չէ որ մէկը ‘զատուի’ կամ առանձնանայ (Առակաց 18։1, ստորանիշ)։ Քրիստոնեաները պէտք է իրարու օգնեն, որ կարենան Յիսուսին ըսածը ընել (Մատթէոս 28։19, 20)։ Քրիստոնէական ժողովքը պէտք եղած ուղղութիւնը, մարզումը եւ քաջալերութիւնը կու տայ բոլորին, որպէսզի չյանձնուին։ Եթէ ուղղութիւն առնելու համար եւ պաշտամունքի համար կազմակերպուած ժողովներ չըլլային, ո՞ւր կրնայինք երթալ Եհովային ուղղութիւնը ստանալու համար (Եբրայեցիս 10։24, 25)։

■ Ճշմարիտ քրիստոնեաները կազմակերպուած են, որպէսզի միութեամբ Աստուծոյ ծառայեն։ Երբ Յիսուսին ոչխարները իր ձայնը մտիկ կ’ընեն, «մէկ հօտ» կ’ըլլան (Յովհաննէս 10։16)։ Անոնք տարբեր եկեղեցիներու եւ խումբերու մէջ ցրուած չեն ըլլար, ոչ ալ տարբեր բաներու կը հաւատան։ Ընդհակառակը, անոնք ‘միեւնոյն խօսքը կ’ունենան’ (Ա. Կորնթացիս 1։10)։ Միութիւն ունենալու համար, անոնք կարգուկանոն պէտք է պահեն. եւ կարգուկանոն պահելու համար, անոնք պէտք է կազմակերպուած ըլլան։ Միայն միացած եղբայրութիւն մը կրնայ Աստուծոյ օրհնութիւնը ունենալ (Սաղմոս 133։1, 3)։

Միլիոնաւորներ, որոնք կը սիրեն Աստուած եւ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները, ընտրած են մաս կազմել որոշ կազմակերպութեան մը, որուն վրայ կը կիրարկուին բոլոր այս կէտերը։ Աշխարհի չորս կողմը, Եհովայի վկաները կազմակերպուած կերպով եւ միութեամբ ջանք կ’ընեն, որ Աստուծոյ կամքը կատարեն։ Աստուծոյ այս խոստումը կը քաջալերէ զիրենք. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց մէջ պիտի քալեմ եւ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան» (Բ. Կորնթացիս 6։16)։ Դուն ալ կրնաս այս օրհնութիւնը ունենալ, եթէ Եհովան պաշտես իր կազմակերպութեան հետ։

ՄԱՐՏ 13-19

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 27-29

«Հայր մը սիրալիր խրատներ կու տայ իր տղուն»

դ05 3/1 11 ¶9

Մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանենք

9 Աստուածաշունչի ճշմարտութեան նկատմամբ համոզումդ հաստատէ։ Որպէս Եհովայի ծառաներ մեր ինքնութեան ըմբռնումը կրնայ տկարանալ, եթէ Սուրբ Գրութիւններու գիտութեան վրայ ամրօրէն հիմնուած չէ։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10) Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ,– երիտասարդ թէ տարեց,– պէտք է ստուգէ թէ իր հաւատացած բանը արդարեւ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած ճշմարտութիւնն է։ Պօղոս իր հաւատակիցները յորդորեց. «Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին ամուր բռնեցէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Աստուածավախ ընտանիքներու պատկանող դեռատի Քրիստոնեաները պէտք է գիտակցին թէ չեն կրնար իրենց ծնողքին հաւատքէն կախեալ ըլլալ։ Սողոմոնի հայրը՝ Դաւիթ, յորդորեց զինք որ ‘իր հօրը Աստուածը ճանչնայ ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ընէ’։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Բաւարար պիտի չըլլար որ պատանի Սողոմոն դիտէր թէ իր հայրը ի՛նչպէս Եհովայի հանդէպ հաւատք կը կերտէր։ Ան Եհովան անձամբ պէտք էր ճանչնար, եւ այդպէս ալ ըրաւ։ Ան Աստուծոյ աղաչեց. «Ինծի իմաստութիւն ու գիտութիւն տուր, որպէս զի այս ժողովուրդին առջեւ ելլեմ ու մտնեմ»։—Բ. Մնացորդաց 1։10

դ12 4/1 22 ¶13

Եհովայի հանդէպ կատարեալ սիրտ պահպանէ

13 Դասը բացայայտ է։ Գովելի բան է եթէ ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ ծառայութեան մասնակցելու նման օգտակար եւ գոհացուցիչ գործունէութիւններու կանոնաւորաբար կը մասնակցինք։ Սակայն, կատարեալ սրտով Եհովային ծառայելը աւելի՛ն կը պարփակէ (Բ. Մն. 25։1, 2, 27)։ Եթէ քրիստոնեան իր սրտին խորը կը շարունակէ «ետին» գտնուող բաները սիրել,– այսինքն՝ աշխարհային կենցաղակերպին որոշ երեսակներ,– ան Աստուծոյ առջեւ իր ընդունելի կեցուածքը կորսնցնելու վտանգին մէջ է (Ղուկ. 17։32)։ Միայն եթէ իսկապէս ‘չարէն զզուինք եւ բարիին յարինք’, «Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար» պիտի ըլլանք (Հռով. 12։9. Ղուկ. 9։62)։ Ուստի, բոլորս պէտք է վստահ ըլլանք որ Սատանային աշխարհին մէջ ո՛չ մէկ բան, որքա՛ն ալ գործնական կամ հաճելի թուի, մեզ ետ կը պահէ Թագաւորութեան շահերը լման սրտով հոգալէ (Բ. Կոր. 11։14. կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։13, 14)։

դ17.09 32 ¶20-21

«Քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր»

20 Դաւիթ թագաւոր Սողոմոնին յիշեցուց որ Եհովան իրեն հետ պիտի ըլլար, մինչեւ որ տաճարին շինարարութիւնը վերջանար (Ա. Մն. 28։20)։ Սողոմոն վստահաբար խոկաց այս խօսքին վրայ, եւ չձգեց որ իր պատանեկութիւնը եւ անփորձ ըլլալը արգելք ըլլան որ այս գործը կատարէ։ Ան մեծ քաջութեամբ վարուեցաւ, գործի անցաւ եւ Եհովային օգնութեամբ եօթուկէս տարուան մէջ լրացուց շքեղ տաճարը։

21 Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան օգնեց Սողոմոնին, մեզի ալ կրնայ օգնել որ քաջ ըլլանք եւ մեր գործը ամբողջացնենք, թէ՛ ընտանիքէն ներս եւ թէ ժողովքին մէջ (Եսա. 41։10, 13)։ Եթէ քաջութեամբ վարուինք մինչ Եհովային կը ծառայենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզ պիտի օրհնէ հիմա եւ ապագային։ Ուրեմն, «քաջասիրտ եղի՛ր ու. . . գործը լրացո՛ւր»։

Հոգեւոր գոհարներ

դ17.03 29 ¶6-7

Բարեկա՛մ եղիր երբ վտանգի մէջ է բարեկամութիւնդ

Դաւիթ ուրիշ բարեկամներ ալ ունէր, որոնք իր կողքին կեցան դժուար ժամանակներուն։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը Քուսիին համար կ’ըսէ թէ «Դաւիթին բարեկամ»ն էր (Բ. Թագ. 16։16. Ա. Մն. 27։33)։ Ան թերեւս պալատական մըն էր եւ թագաւորին սրտակիցը, որ ատեններ թագաւորին գաղտնի հրամանները կը գործադրէր։

Երբ Դաւիթին տղան Աբիսողոմ փորձեց իր հօրը տեղը թագաւոր ըլլալ, բազմաթիւ իսրայէլացիներ անոր կողմը դիրք բռնեցին, բայց Քուսին՝ ո՛չ։ Երբ Դաւիթ կը փախչէր, Քուսին իրեն քով գնաց։ Դաւիթ շա՜տ վիրաւորուած կը զգար, քանի որ իր տղան եւ ուրիշ վստահելի անձեր իրեն դաւաճանած էին։ Քուսին հաւատարիմ մնաց եւ իր կեանքը վտանգեց, որպէսզի Դաւիթին դէմ եղող ծրագիրը ձախողեցնէ։ Ան ասիկա առ ի պարտականութիւն չըրաւ. հապա փաստեց որ իսկական բարեկամ մըն էր (Բ. Թագ. 15։13-17, 32-37. 16։15–17։16)։

ՄԱՐՏ 20-26

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 1-4

«Սողոմոն թագաւորը անմիտ որոշում մը կ’առնէ»

խա-1 174 ¶5

Զօրագունդ

Սողոմոնին ժամանակ Իսրայէլի զօրագունդը տարբեր էր իր իշխանութենէն առաջ եղող զօրագունդերէն։ Հակառակ անոր որ իր ժամանակ խաղաղութիւն կար, բայց ան զօրագունդին ձիերը եւ կառքերը շատցուց։ Ձիերուն մեծամասնութիւնը Եգիպտոսէն կը բերուէր։ Ատոնց բաւարար տեղ ապահովելու համար, նոր քաղաքներ շինուեցան Իսրայէլի մէջ (Գ. Թագ. 4։26. 9։19. 10։26, 29. Բ. Մն. 1։14-17)։ Բայց Եհովան Սողոմոնին ըրածը չօրհնեց։ Երբ Սողոմոն մահացաւ եւ թագաւորութիւնը երկուքի բաժնուեցաւ, զօրագունդին թիւը սկսաւ պակսիլ։ Եսային յետագային գրեց. «Վա՜յ անոնց, որ օգնութեան համար Եգիպտոս կ’իջնեն ու ձիերու կը վստահին եւ կառքերու կ’ապաւինին, որովհետեւ շատ են ու ձիաւորներու՝ որովհետեւ խիստ զօրաւոր են, սակայն Իսրայէլի Սուրբին չեն նայիր ու Տէրը չեն փնտռեր» (Եսա. 31։1)։ Այս խօսքը որքա՜ն ճիշդ է։

խա-1 427

Կառք

Իսրայէլի բանակին մէջ մեծ թիւով կառքեր չկային մինչեւ Սողոմոնին ժամանակը, քանի որ Աստուած զգուշացում տուած էր, որ թագաւորը ձիեր չշատցնէ։ Եթէ շատցնէր, ան կարծես թէ ատոնց վստահած կ’ըլլար ժողովուրդին ապահովութեան համար։ Ասոր համար, բանակին մէջ շատ կառքեր չկային, քանի որ կառք ունենալու համար ձիեր պէտք էին (Բ. Օր. 17։16)։ Երբ Սամուէլ մարգարէն ժողովուրդին ըսաւ, որ մարդկային թագաւոր ունենալը ի՛նչ նեղութիւններ պիտի պատճառէր ժողովուրդին, անոնց ըսաւ. «Ձեր տղաքը պիտի առնէ ու զանոնք իրեն համար իր կառքերուն ու ձիերուն վրայ պիտի դնէ» (Ա. Թագ. 8։11)։ Երբ թէ՛ Աբիսողոմը եւ թէ Ադոնիան կը փորձէին գահը խլել, ամէն մէկը ինքն իրեն համար պատրաստեց կառք մը եւ ատոր առջեւէն վազող 50 մարդ (Բ. Թագ. 15։1. Գ. Թագ. 1։5)։ Երբ Դաւիթ Սուբայի թագաւորին յաղթեց, ինքն իրեն համար պահեց 100 կառքի ձիեր (Բ. Թագ. 8։3, 4. 10։18)։

Երբ Սողոմոն թագաւոր իսրայէլի բանակը կը կազմէր, կառքերուն թիւը հասցուց 1400–ի (Գ. Թագ. 10։26, 29. Բ. Մն. 1։14, 17)։ Թէ՛ Երուսաղէմը եւ թէ ուրիշ քաղաքներ, որոնք կը կոչուէին «կառքերու քաղաքները», այնպէս մը պատրաստուած էին, որ հոն կարելիութիւնը ըլլար հոգ տանելու բոլոր այս պատերազմական կառքերուն ու ձիերուն (Գ. Թագ. 9։19, 22. Բ. Մն. 8։6, 9. 9։25)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ05 12/1 7 ¶4

Երկրորդ Մնացորդաց գիրքէն աչքառու կէտեր

1։11, 12. Սողոմոնի խնդրանքը ցոյց տուաւ Եհովայի թէ թագաւորին սիրտին փափաքն էր իմաստութիւն ու գիտութիւն ձեռք ձգել։ Արդարեւ Աստուծոյ ուղղուած մեր աղօթքները կը յայտնեն մեր սիրտին փափաքած բաները, ուստի խոհեմութիւն է որ անոնց բովանդակութիւնը վերլուծենք։

ՄԱՐՏ 27–ԱՊՐԻԼ 2

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 5-7

«Սիրտս ամէն ատեն հոն պիտի ըլլայ»

դ02 12/1 5 ¶1

Իրարու հետ ժողվուիլը մի՛ թողուք

Հետագային, երբ Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ թագաւոր էր, ան Եհովայի փառքին համար մնայուն տուն մը շինելու զօրաւոր փափաք արտայայտեց։ Սակայն, քանի որ Դաւիթ պատերազմի մարդ էր, Եհովա իրեն ըսաւ. «Դուն ինծի տուն պիտի չշինես»։ Փոխարէն, ան Դաւիթի որդին՝ Սողոմոնը ընտրեց, որ տաճարը շինէ։ (Ա. Մնացորդաց 22։6-10) Հ.Դ.Ա. 1026–ին, եօթուկէս տարի շինարարական աշխատանքներէ ետք, Սողոմոն տաճարին նաւակատիքը ըրաւ։ Եհովա այս կառոյցին նկատմամբ իր հաճութիւնը յայտնեց, ըսելով. «Այս շինած տունդ սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն դնեմ ու իմ աչքերս ու սիրտս միշտ հոն պիտի ըլլան»։ (Գ. Թագաւորաց 9։3) Այնքան ատեն որ Իսրայելացիները հաւատարիմ էին, Եհովայի հաճութիւնը այդ տան վրայ պիտի ըլլար։ Սակայն, եթէ ուղիղ ճամբէն շեղէին, Եհովա իր հաճութիւնը պիտի վերցնէր, եւ այդ ‘տունը քարուքանդ պիտի ըլլար’։—Գ. Թագաւորաց 9։4-9, ՆԱ. Բ. Մնացորդաց 7։16, 19, 20

խա-2 1077-1078

Տաճար

Սողոմոնին տաճարին պատմութիւնը։ Այս տաճարը գոյութիւն ունեցաւ մինչեւ Ք.Ա. 607, երբ կործանուեցաւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին զօրքին կողմէ (Դ. Թագ. 25։9. Բ. Մն. 36։19. Եր. 52։13)։ Երբ իսրայէլացիները սուտ կրօնքի հետեւէին, Աստուած թոյլ կու տար որ ուրիշ ազգեր նեղութիւն տան Յուդային ու Երուսաղէմին, եւ ատեններ տաճարին գանձերը կողոպտեն։ Ասկէ զատ, կային ժամանակաշրջաններ, երբ իսրայէլացիները անտեսեցին տաճարը։ Ք.Ա. 993–ին, Սողոմոնի տղուն Ռոբովամի օրերուն (տաճարին նաւակատիքէն միայն 33 տարի ետք), Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը կողոպտեց տաճարին գանձերը (Գ. Թագ. 14։25, 26. Բ. Մն. 12։9)։ Ասա թագաւորը, որ իշխեց Ք.Ա. 977-937, կը յարգէր Եհովային տունը։ Բայց ան անգամ մը, Երուսաղէմը պաշտպանելու համար, յիմարօրէն տաճարին արծաթն ու ոսկին տուաւ ասորիներու Բենադադ Ա. թագաւորին, որպէսզի ան Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ իր ըրած դաշինքը աւրէ (Գ. Թագ. 15։18, 19. Բ. Մն. 15։17, 18. 16։2, 3)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ11 1/1 10 ¶7

Ան «մարդոց որդիներուն սիրտը» գիտէ

Սողոմոնի աղօթքէն կրնանք մխիթարութիւն ստանալ։ Մարդիկ կրնան լիովին չհասկնալ մեր ներքին զգացումները,– մեր «ախտն» ու «ցաւը» (Առակաց 14։10)։ Բայց Եհովա մեր սիրտը գիտէ եւ մեզմով խորապէս հետաքրքրուած է։ Աղօթքով մեր սիրտը իրեն առջեւ պարպելը կրնայ մեր բեռները թեթեւցնել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7)։

ԱՊՐԻԼ 10-16

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 8-9

«Ան իմաստութիւնը կ’արժեւորէր»

դ99 11/1 20 ¶4

Յորդ առատաձեռնութիւն

Անշուշտ, Սաբայի թագուհին ալ Սողոմոնին այցելելու համար մեծ զոհողութիւն ըրաւ թէ՛ ժամանակի եւ թէ ջանքի կողմէ։ Երեւութապէս Սաբան ներկայ Եէմէնի Հանրապետութեան շրջանին մէջ կը գտնուէր. ուստի թագուհին եւ իր ուղտերու կարաւանը աւելի քան 1,600 քմ. ճամբորդեցին, մինչեւ Երուսաղէմ հասան։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ՝ ան «երկրի ծայրերէն եկաւ»։ Սաբայի թագուհին ինչո՞ւ այսքան դժուարութեան մատնեց ինքզինք։ Ան եկաւ գլխաւորաբար «Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու»։—Ղուկաս 11։31

դ99 7/1 30 ¶4-5

Շատ օգտակար այցելութիւն մը

Սաբայի թագուհին Երուսաղէմ հասաւ «շատ հետեւորդներով, խունկեր ու խիստ շատ ոսկի ու պատուական քարեր բեռցած ուղտերով» (Գ. Թագաւորաց 10։2ա)։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ «հետեւորդներ»ուն մէջ կային զինուած անհատներ։ Ասիկա տրամաբանական է, քանի որ թագուհին բարձր դիրք ունէր եւ միլիոնաւոր տոլար արժող ապրանքներով կը ճամբորդէր։

Բայց նկատէ թէ թագուհին լսած էր Սողոմոնին համբաւին մասին, որ ան ձեռք ձգած էր «Եհովային անուան շնորհիւ» (Գ. Թագաւորաց 10։1, ՆԱ)։ Ուրեմն, ան պարզապէս առեւտուր ընելու չէր եկած, հապա՝ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու եկած էր, եւ թերեւս նոյնիսկ՝ անոր Եհովա Աստուծոյն մասին լսելու։ Թագուհին հաւանաբար Նոյին տղաներէն մէկուն՝ Սէմին կամ Քամին սերունդէն էր, որոնք Եհովան կը պաշտէին։ Ասոր համար, ան հաւանաբար հետաքրքրուած էր գիտնալու իր նախահայրերուն կրօնքին մասին։

դ99 7/1 30-31

Շատ օգտակար այցելութիւն մը

Սաբայի թագուհին այնքա՛ն տպաւորուեցաւ Սողոմոնին իմաստութեամբ եւ անոր թագաւորութեան հարստութեամբ, որ «խելքը գլխէն գնաց» (Գ. Թագաւորաց 10։4, 5)։ Ուսումնական մը նոյնիսկ կ’ըսէ որ թագուհին մարեցաւ։ Յստակ է որ թագուհին շատ զարմացաւ իր տեսած եւ լսած բաներուն վրայ։ Ան երանի տուաւ Սողոմոնին ծառաներուն, քանի որ առիթը ունին թագաւորին իմաստուն խօսքերը լսելու։ Թագուհին նաեւ օրհնեց Եհովան, քանի որ Սողոմոնը թագաւոր ըրաւ։ Ետքը, թագուհին սուղնոց նուէրներ տուաւ թագաւորին, որոնց մէջի ոսկիին գինը միայն՝ հիմակուան արժէքով $40,000,000 է։ Սողոմոնն ալ «թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ» անոր (Գ. Թագաւորաց 10։6-13)։

խա-2 990-991

Սողոմոն

Երբ թագուհին տեսաւ տաճարին ու Սողոմոնի տունին փառքը, սպասաւորներուն սեղան սպասարկելը ու անոնց հագուստները, ինչպէս նաեւ ողջակէզները, որոնք կանոնաւորաբար կը զոհուէին տաճարին մէջ, «խելքը գլխէն գնաց»։ Անոր համար ըսաւ. «Ահա ինծի ասոր կէսը պատմած չէին։ Քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ իմ լսած համբաւէս աւելի է»։ Ետքը աւելցուց, թէ այս տեսակ թագաւորի մը ծառաները երանելի են։ Այս բոլորը տեսնելէն ետք, ան մղուեցաւ Եհովան փառաբանելու եւ զինք օրհնելու, քանի որ ան Իսրայէլի հանդէպ իր սէրը ցոյց տուած էր՝ Սողոմոնը թագաւոր նշանակելով, որպէսզի ան իրաւունք ու արդարութիւն ընէ (Գ. Թագ. 10։4-9. Բ. Մն. 9։3-8)։

Հոգեւոր գոհարներ

խա-2 1097

Գահ

Աթոռին կամ գահին տանող վեց աստիճանները յիշելէ ետք, արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։ Վեց աստիճաններուն վրայ՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային» (Բ. Մն. 9։17-19)։ Առիւծը իշխանութիւն կը խորհրդանշէր եւ ատոր գործածութիւնը տեղին էր (Ծն. 49։9, 10. Յայտ. 5։5)։ Այնպէս կ’երեւի որ 12 առիւծները կ’ակնարկեն իսրայէլի 12 ցեղերուն, հաւանաբար խորհրդանշելով անոնց հպատակութիւնը եւ աջակցութիւնը այս գահին վրայ նստողին։

ԱՊՐԻԼ 17-23

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 10-12

«Իմաստուն խրատներէ օգտուէ»

դ18.06 13 ¶3

Ան կրնար ունենալ Աստուծոյ հաճութիւնը

Ռոբովամ երկու քարի միջեւ մնաց։ Եթէ ժողովուրդին ըսածը ընէր, ինք, իր ընտանիքը եւ պալատին մէջ եղողները ստիպուած պիտի զրկուէին իրենց կարգ մը հաճոյքներէն։ Իսկ եթէ ժողովուրդին խնդրանքը մերժէր, անոնք կրնային իրեն դէմ ըմբոստանալ։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Նախ խօսեցաւ այն ծերերուն, որոնք Սողոմոնին խրատ կու տային։ Բայց ետքը, ան խրատ առաւ իրեն տարեկից եղող երիտասարդներէն։ Անոնց խրատին հետեւելով, Ռոբովամ որոշեց խստութեամբ վարուիլ ժողովուրդին հետ։ Ան պատասխանեց. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես զանիկա աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ» (Բ. Մն. 10։6-14)։

դ01 9/1 28-29

Ի՛նչպէս կրնաք իմաստուն որոշումներ կայացնել

Եհովա նաեւ ժողովքին մէջ հասուն անհատներ կը հայթայթէ, որոնց հետ կրնանք մեր որոշումներուն մասին խօսակցիլ։ (Եփեսացիս 4։11, 12) Սակայն, երբ ուրիշներու հետ կը խորհրդակցինք, պէտք չէ նմանինք անոնց, որոնք մէկ անհատէն միւսին կ’երթան, մինչեւ որ գտնեն մէկը՝ որ իրենց ըսէ ինչ որ իրե՛նք կ’ուզեն լսել։ Ապա կը հետեւին անոր խրատին։ Ռոբովամի ազդարարական օրինակն ալ պէտք չէ մոռնանք։ Երբ լուրջ որոշումի մը դիմաց գտնուեցաւ, ան իր հօրը հետ ծառայած ծերերէն հոյակապ խրատ ստացաւ։ Սակայն, փոխանակ անոնց խրատին հետեւելու, ան իր հետ մեծցած երիտասարդներուն դիմեց։ Անոնց խրատին հետեւելով, շատ գէշ որոշում մը տուաւ, որու պատճառաւ իր թագաւորութեան մեծ մասը կորսնցուց։—Գ. Թագաւորաց 12։1-17

Երբ խրատ կը փնտռէք, գացէք անոնց մօտ, որոնք կեանքի մէջ փորձառու են, Սուրբ Գրութիւններէն լաւ գիտութիւն եւ արդար սկզբունքներուն հանդէպ խոր յարգանք ունին։ (Առակաց 1։5. 11։14. 13։20) Երբ կարելի ըլլայ, հարցին հետ առնչուած սկզբունքներուն եւ ձեր հաւաքած տեղեկութիւններուն մասին խոկալու ժամանակ տրամադրեցէք։ Երբ սկսիք հարցերը Եհովայի Խօսքին լոյսին տակ տեսնել, հաւանաբար շիտակ որոշումը աւելի բացայայտ պիտի ըլլայ։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

խա-2 768 ¶1

Ռոբովամ

Երբ հպարտ Ռոբովամը առանց ժողովուրդին շահերը հաշուի առնելու անոնց բեռը ծանրացուց, պատճառ դարձաւ որ անոնց մեծամասնութիւնը այլեւս թիկունք չկանգնի Դաւիթին տան։ Դաւիթին տան թիկունք կանգնեցան միայն Յուդայի ցեղը, Բենիամինի ցեղը, տասը–ցեղեան եւ երկու–ցեղեան թագաւորութիւններուն մէջ ապրող քահանաներն ու ղեւտացիները, ինչպէս նաեւ տասը ցեղերէն կարգ մը անհատներ (Գ. Թագ. 12։16, 17. Բ. Մն. 10։16, 17. 11։13, 14, 16)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ18.06 14 ¶1-3

Ան կրնար ունենալ Աստուծոյ հաճութիւնը

Ռոբովամին համար դիւրի՞ն էր Եհովային մտիկ ընել։ Ժողովուրդը ի՞նչ պիտի մտածէր իրեն մասին,– ինք ըսած էր թէ զիրենք «կարիճներով» պիտի խրատէր, բայց հիմա բան մը պիտի չընէր ըմբոստութիւնը կեցնելու համար (համեմատէ՛ Բ. Մնացորդաց 13։7)։ Ամէն պարագայի, թագաւորը եւ իր զօրքը «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Տէրոջը ըսածին պէս ետ դարձան»։

Ի՞նչ դաս կը քաղենք ասկէ։ Իմաստութիւն է Աստուծոյ հնազանդիլ, նոյնիսկ եթէ մարդիկ մեր վրայ պիտի խնդան։ Եթէ Աստուծոյ հնազանդինք, միշտ մեզ պիտի օրհնէ (Բ. Օր. 28։2)։

Աստուած Ռոբովամը օրհնե՞ց իր հնազանդութեան համար։ Ռոբովամին հնազանդութեան պատճառով իր թագաւորութիւնը զօրացաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ան շարունակեց թագաւորել Յուդայի ու Բենիամինի ցեղերուն վրայ, եւ որոշեց նոր քաղաքներ շինել։ Ան նաեւ կարգ մը քաղաքներ «խիստ շատ ամրացուց» (Բ. Մն. 11։5-12)։ Ամէնէն կարեւորը, ան ժամանակ մը հնազանդեցաւ Եհովային օրէնքներուն։ Որովհետեւ հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը սկսած էր կուռքեր պաշտել, այդտեղէն շատեր ճամբորդեցին Երուսաղէմ, որպէսզի թիկունք կանգնին Ռոբովամին եւ ճշմարիտ պաշտամունքին (Բ. Մն. 11։16, 17)։

ԱՊՐԻԼ 24-30

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 13-16

«Ե՞րբ պէտք է Եհովային վստահիս»

դ21.03 5 ¶12

Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ուրիշներուն վստահութիւնը շահիլ

12 Ասա թագաւորը պատանի եղած ատեն խոնարհ ու քաջ էր։ Օրինակ, երբ իր հայրը՝ Աբիան մեռաւ, ան թագաւոր եղաւ եւ սկսաւ երկրէն կուռքերը վերցնել։ Ան նաեւ «Յուդային հրամայեց, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը փնտռեն ու օրէնքն ու պատուիրանքները կատարեն» (Բ. Մն. 14։1-7)։ Եւ երբ եթովպիացի Զարան 1,000,000 զինուորներով Յուդային վրայ յարձակեցաւ, Ասան իմաստութեամբ վարուելով, Եհովայի օգնութեան դիմեց, ըսելով. «Ո՛վ Տէր, քու առջեւդ տարբերութիւն մը չկայ թէ՛ շատով եւ թէ՛ քիչով օգնութիւն ընելու մէջ։ Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք»։ Այս գեղեցիկ խօսքերը ցոյց կու տան, թէ Ասան մեծ վստահութիւն ունէր, որ Եհովան կրնա՛յ զինք եւ իր ժողովուրդը ազատել։ Ասան իր երկնաւոր Հօր վստահեցաւ եւ Եհովան «Եթովպիացիները. . . զարկաւ» (Բ. Մն. 14։8-12)։

դ21.03 5 ¶13

Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ուրիշներուն վստահութիւնը շահիլ

13 Անշուշտ կը համաձայնիք որ 1,000,000 զինուորներու դէմ դնելը դիւրին բան մը չէր։ Բայց քանի որ Ասան Եհովային ապաւինեցաւ, յաջողեցաւ դէմ դնել։ Սակայն, ցաւօք սրտի, երբ Ասան աւելի դիւրին պարագայի մը առջեւ գտնուեցաւ, Եհովային չապաւինեցաւ։ Երբ Իսրայէլի չար Բաասա թագաւորը Յուդայի ապահովութիւնը վտանգի տակ դրաւ, Ասան ասորիներու թագաւորին օգնութիւնը խնդրեց։ Այդ որոշումը փորձանք բերաւ։ Եհովան Անանի մարգարէին միջոցաւ Ասային ըսաւ. «Քանի որ Ասորիներուն թագաւորին ապաւինեցար ու քու Տէր Աստուծոյդ չապաւինեցար, անոր համար Ասորիներուն թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ»։ Ատկէ ի վեր, Ասան միշտ պատերազմի մէջ էր (Բ. Մն. 16։7, 9. Գ. Թագ. 15։32)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։

դ21.03 6 ¶14

Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ուրիշներուն վստահութիւնը շահիլ

14 Խոնարհ մնացէք եւ շարունակեցէք Եհովային ապաւինիլ։ Երբ մկրտուեցաք, ցոյց տուիք որ մեծ հաւատք ու վստահութիւն ունիք Եհովային հանդէպ։ Ան ուրախութեամբ ձեզ ընդունեց իր ընտանիքին մէջ։ Հիմա կարեւոր բանը այն է, որ շարունակէք Եհովային ապաւինիլ։ Այս մէկը կրնայ դիւրին թուիլ, երբ կարեւոր որոշումներ պէտք է առնէք։ Բայց ուրիշ առիթներով ի՞նչ պիտի ընէք։ Որքա՜ն կարեւոր է, որ Եհովային ապաւինիք երբ որոշումներ պիտի առնէք, օրինակ՝ ժամանցի, գործի եւ նպատակակէտերու նկատմամբ։ Ձեր իմաստութեան մի՛ վստահիք։ Փոխարէնը, փնտռեցէք աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք ձեր պարագային կը կիրարկուին եւ ետքը անոնց համաձայն վարուեցէք (Առ. 3։5, 6)։ Այդպէս ընելով, Եհովան պիտի ուրախացնէք եւ ձեր ժողովքին եղբայրներուն ու քոյրերուն յարգանքը պիտի շահիք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։12)։

Հոգեւոր գոհարներ

դ17.03 19 ¶7

Կատարեա՛լ սրտով Եհովային ծառայէ

7 Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ լման նուիրուած ենք Եհովային։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովային պիտի հնազանդի՞մ նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ։ Լման մտքով կ’ուզե՞մ իր ժողովքը մաքուր պահել’։ Մտածէ թէ Ասան որքա՜ն քաջ պէտք էր ըլլար, որ իր մեծ մայրը հանէր իր թագաւորական դիրքէն։ Ատեններ պէտք կ’ըլլայ որ Ասային պէս քաջ ըլլաս։ Օրինակ՝ ի՞նչ կ’ընես եթէ ընտանիքիդ մէկ անդամը կամ մտերիմ բարեկամդ մեղք գործէ, չզղջայ եւ վտարուի։ Միտքդ կը դնե՞ս որ անոր հետ պիտի չընկերակցիս։ Սիրտդ քեզ պիտի մղէ ի՞նչ ընելու։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել