Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ23 Նոյեմբեր էջ 26-30
  • Եհովային վստահելով ապահով կը զգամ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային վստահելով ապահով կը զգամ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍԿՍԱՅ ԵՀՈՎԱՆ ՃԱՆՉՆԱԼ ԵՒ ԻՐԵՆ ՎՍՏԱՀԻԼ
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԵՑԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿ
  • ՆԻԿԵՐԻ ՄԷՋ ՀԱԼԱԾՈՒԵՑԱՆՔ
  • «ԿՈՒԻՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ ՇԱՏ ԲԱՆ ՉԵՆՔ ԳԻՏԵՐ»
  • ԿԻՆՍ ԵՒ ԵՍ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻՆՔ
  • ԵՀՈՎԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆ Է
  • Թանկարժէք քրիստոնէական ժառանգութեան շնորհիւ ‘ծաղկեցայ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Աչքերովս տեսայ հաւատարիմներուն աճիլը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
դ23 Նոյեմբեր էջ 26-30
Իզրէյըլ Իթաճոպի։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովային վստահելով ապահով կը զգամ

ԿԸ ՊԱՏՄԷ՝ ԻԶՐԷՅԸԼ ԻԹԱՃՈՊԻ

ԵՐԲ մարդիկ ինծի հարցնեն կեանքիս մասին, ընդհանրապէս իրենց կ’ըսեմ. «Ես Եհովային ձեռքերուն մէջ պայուսակ մըն եմ»։ Այսինքն, ինչպէս որ պայուսակս ուզած տեղս կը տանիմ, կ’ուզեմ որ Եհովան եւ իր կազմակերպութիւնը զիս տանին ո՛ւր որ կ’ուզեն եւ ե՛րբ որ կ’ուզեն։ Ես ընդունած եմ նշանակումներ, որոնք ինձմէ պահանջեցին որ զոհողութիւններ ընեմ եւ ատեններ ալ վտանգաւոր էին։ Բայց ես սորված եմ, որ ապահով զգալուն գաղտնիքն է՝ Եհովային վստահիլ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍԿՍԱՅ ԵՀՈՎԱՆ ՃԱՆՉՆԱԼ ԵՒ ԻՐԵՆ ՎՍՏԱՀԻԼ

Ծնած եմ 1948–ին, Նիկերիոյ հարաւ–արեւմուտքը գտնուող պզտիկ գիւղի մը մէջ։ Ժամանակի ընթացքին, հօրեղբայրս՝ Մուսթաֆան, եւ մեծ եղբայրս՝ Ուահապին, մկրտուեցան որպէս Եհովայի վկաներ։ Երբ 9 տարեկան էի, հայրս մահացաւ։ Սիրտս կտոր–կտոր եղաւ։ Ուահապին ինծի ըսաւ որ կրնամ հայրս նորէն տեսնել, երբ որ յարութիւն առնէ։ Այս խօսքով շատ մխիթարուեցայ եւ սկսայ Սուրբ Գիրքը սերտել։ 1963–ին մկրտուեցայ։ Ժամանակ մը ետք, երեք եղբայրներս ալ մկրտուեցան։

1965–ին, Լակոսի մէջ ապրող եղբօրս՝ Ուիլսընին քով գացի եւ Իկպոպի ժողովքին մէջի կանոնաւոր ռահվիրաներուն հետ աղուոր ժամանակ անցուցի։ Անոնց ուրախութենէն եւ նախանձախնդրութենէն ազդուելով՝ յունուար 1968–ին, ես ալ ռահվիրայ եղայ։

Բեթէլի մէջ ծառայող Ալպերթ Օլուկպեպի անունով եղբայր մը ինծի պէս երիտասարդներուն համար յատուկ ժողով մը կարգադրեց՝ խօսելու համար, որ Նիկերիոյ հիւսիսը մասնաւոր ռահվիրաներու պէտքը կար։ Տակաւին կը յիշեմ եղբայր Օլուկպեպիին խանդավառ խօսքերը. «Դուք երիտասարդ էք եւ կրնաք ձեր ժամանակը եւ ուժը Եհովային համար գործածել։ Ձեզի համար հոն շատ գործ կայ»։ Ուզելով Եսայի մարգարէին կամաւոր հոգին ընդօրինակել, դիմումնագիր մը ներկայացուցի (Եսա. 6։8)։

Մայիս 1968–ին, նշանակուեցայ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ Քանօ քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Նիկերիոյ հիւսիսը։ Ասիկա եղաւ Պիաֆրա պատերազմին ընթացքին (1967-1970)։ Այդ պատերազմը շատ չարչարանք եւ մահ պատճառեց Նիկերիոյ հիւսիսը եւ հասաւ մինչեւ Նիկերիոյ արեւելքը։ Եղբայր մը լաւ նպատակով փորձեց զիս համոզել որ հոն չերթամ։ Բայց ես իրեն ըսի. «Կը հասկնամ քու մտահոգութիւնդ։ Բայց եթէ Եհովա՛ն կ’ուզէ որ հոն իրեն ծառայեմ, ես կասկած չունիմ որ ինծի հետ պիտի ըլլայ»։

Արեւմտեան Ափրիկէի քարտէսը, ուր կ’երեւին Իզրէյըլ Իթաճոպիի ապրած եւ ծառայած տեղերը. Քոնաքրի, Կուինիա, Սիերա Լէոնէ, Նիկեր, Քանօ, Օրիզունպարէ եւ Լակոս, Նիկերիա։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԵՑԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿ

Քանօ քաղաքին վիճակը շատ ցաւալի էր։ Քաղաքացիական պատերազմը քարուքանդ ըրած էր այս մեծ քաղաքը։ Ատեններ, ծառայութեան ժամանակ ճամբան հոս–հոն նետուած դիակներ կը տեսնէինք։ Հակառակ անոր որ Քանոյի մէջ քանի մը ժողովքներ կային, բայց եղբայրներուն մեծամասնութիւնը փախած էր։ Հազիւ 15 հրատարակիչներ մնացած էին, եւ անոնք ալ շատ կը վախնային եւ յուսահատած էին։ Բայց երբ մենք՝ վեց մասնաւոր ռահվիրաներս, իրենց քով գացինք, անոնք շատ ուրախացան։ Զանոնք քաջալերեցինք եւ անոնց վրայ կեանք եկաւ։ Անոնց օգնեցինք որ ժողովները եւ քարոզչութիւնը նորէն կազմակերպեն եւ իրենց ծառայութեան տեղեկագիրները եւ հրատարակութիւններու ապսպրանքները ղրկեն մասնաճիւղ։

Մենք՝ մասնաւոր ռահվիրաներս, սկսանք հաուսա լեզուն սորվիլ։ Երբ տեղացիները բարի լուրը իրենց լեզուով լսեցին, անոնցմէ շատեր մեզի մտիկ ըրին։ Բայց Քանօ քաղաքին գլխաւոր կրօնքին հետեւորդները մեր քարոզչութիւնը չհաւնեցան։ Ատոր համար, պէտք էր զգոյշ ըլլայինք։ Անգամ մը, մարդ մը ձեռքը դանակ բռնած՝ իմ եւ ինծի հետ քարոզողին ետեւէն սկսաւ վազել։ Բայց մենք իրմէ աւելի արագ վազեցինք եւ ան չկրցաւ մեզի հասնիլ։ Հակառակ այս բոլոր վտանգներուն, Եհովան մեզ ‘ապահովութեամբ բնակեցուց’ եւ հրատարակիչներուն թիւը սկսաւ աւելնալ (Սաղ. 4։8)։ Ներկայիս, Քանոյի մէջ աւելի քան 500 հրատարակիչներ կան, որոնք կը ծառայեն 11 ժողովքներու մէջ։

ՆԻԿԵՐԻ ՄԷՋ ՀԱԼԱԾՈՒԵՑԱՆՔ

Երբ Նիկերի՝ Նիամէյ մայրաքաղաքին մէջ կը ծառայէինք որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ

Ետքը, օգոստոս 1968–ին, Քանոյի մէջ միայն քանի մը ամիս մնալէ ետք, ես եւ ուրիշ երկու մասնաւոր ռահվիրաներ ղրկուեցանք Նիամէյ, որ արեւմտեան Ափրիկէի մէջ կը գտնուէր եւ Նիկերի Հանրապետութեան մայրաքաղաքն էր։ Շուտով զգացինք որ անիկա աշխարհի ամէնէն տաք շրջաններէն մէկն էր։ Տաքը չէր բաւեր, մենք պէտք էր սորվէինք այդ երկրին պաշտօնական լեզուն՝ ֆրանսերէնը։ Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, մենք Եհովային վստահեցանք եւ սկսանք հոն քարոզել միայն քանի մը հրատարակիչներու հետ։ Շատ չանցած, Նիամէյի մէջ գրել–կարդալ գիտցող գրեթէ ամէն մարդ ունեցաւ Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ սերտելու գիրքը։ Ոմանք նոյնիսկ մեր ետեւէն կու գային, որպէսզի մէկ հատ այս գիրքէն ունենային։

Ժամանակի ընթացքին, տեսանք որ կառավարութիւնը շատ չ’ախորժիր Եհովայի վկաներէն։ Յուլիս 1969–ին, գրեթէ 20 հոգիով ունեցանք մեր առաջին շրջանային համաժողովը այդ երկրին մէջ։ Այդ համաժողովին, երկու նոր հրատարակիչներ պիտի մկրտուէին։ Բայց համաժողովին առաջին օրը, ոստիկանները եկան եւ յայտագիրը կեցուցին։ Անոնք մասնաւոր ռահվիրաները եւ շրջանային տեսուչը ոստիկանատուն տարին։ Մեզի հետ հարցուփորձ ընելէ ետք, ըսին որ յաջորդ օրը նորէն գանք։ Զգացի որ վիճակը շատ լաւ չէ։ Անոր համար, կարգադրութիւն ըրինք որ մէկու մը տան մէջ մկրտութեան դասախօսութիւնը տանք եւ նոր հրատարակիչները գաղտնօրէն մկրտեցինք գետի մը մէջ։

Քանի մը շաբաթ ետք, ես եւ ուրիշ 5 մասնաւոր ռահվիրաներ երկրէն վռնտուեցանք ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ։ Անոնք մեզի 48 ժամ տուին որ երկիրը ձգենք, գործածելով մեր անձնական միջոցները։ Հրամանին հնազանդեցանք եւ ուղղակի գացինք Նիկերիոյ մասնաճիւղը, ուր նոր նշանակումներ ստացանք։

Նշանակուեցայ Նիկերիոյ մէջ գտնուող Օրիզունպարէ գիւղը, ուր արդիւնաբեր ծառայութիւն մը ունեցայ, հոն ապրող քանի մը հրատարակիչներու հետ։ Բայց 6 ամիս ետք, մասնաճիւղը ինձմէ խնդրեց որ Նիկեր վերադառնամ։ Սկիզբը անակնկալի եկայ եւ քիչ մըն ալ վախցայ, բայց անհամբեր էի անգամ մը եւս Նիկերի եղբայրները տեսնելու։

Նիամէյ վերադառնալէս մէկ օր ետք, նիկերիացի վաճառական մը նկատեց որ ես Վկայ եմ եւ սկսաւ ինծի Սուրբ Գիրքէն հարցումներ հարցնել։ Միասին սերտեցինք եւ ծխախոտն ու խմիչքը կեցնելէ ետք, ան մկրտուեցաւ։ Տարիներու ընթացքին, ուրախ էի եղբայրներու ու քոյրերու հետ քարոզելով Նիկերի տարբեր շրջաններուն մէջ եւ տեսնելով թէ ինչպէ՛ս մարդիկը հոն ճշմարտութիւնը կ’ընդունին։ Երբ առաջին անգամ Նիկեր հասայ, Վկաներուն թիւը 31 էր, երբ ձգեցի՝ 69 էր։

«ԿՈՒԻՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ ՇԱՏ ԲԱՆ ՉԵՆՔ ԳԻՏԵՐ»

Դեկտեմբեր 1977–ին, Նիկերիա վերադարձայ մարզում առնելու համար։ Երեք շաբաթ վերջ, Մասնաճիւղի յանձնախումբի համակարգողը՝ Մալքոմ Վիկոն, ինծի նամակ մը կարդալ տուաւ, որ եկած էր Սիերա Լէոնէի մասնաճիւղէն։ Այդտեղի եղբայրները կը փնտռէին ռահվիրայ եղբայր մը, որ առողջ է, ամուրի է եւ անգլերէն ու ֆրանսերէն կը խօսի, որպէսզի շրջանային տեսուչ նշանակուի Կուինիայի մէջ։ Եղբայր Վիկոն ինծի ըսաւ, որ ես այդ նշանակումին համար կը մարզուէի եւ շեշտեց որ նշանակումը դիւրին պիտի չըլլար։ Ինծի այս խրատը տուաւ. «Առաջ որ ընդունիս, լաւ մտածէ»։ Բայց ես շուտով պատասխանեցի. «Պիտի երթամ, քանի որ Եհովա՛ն է ղրկողը»։

Սիերա Լէոնէ ճամբորդեցի եւ հոն մասնաճիւղին մէջ եղբայրներուն հետ հանդիպում ունեցայ։ Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէկ անդամը ինծի ըսաւ. «Կուինիայի մէջ մեր եղբայրներուն հոգեւոր վիճակին մասին շատ բան չենք գիտեր»։ Թէեւ Սիերա Լէոնէի մասնաճիւղը հոգ կը տանէր Կուինիայի մէջ քարոզչութեան գործին, բայց այդտեղի քաղաքական տակնուվրայ վիճակին պատճառով, կարելի չէր եղբայրներուն հետ կապի մէջ գալ, հակառակ անոր որ մասնաճիւղը շատ անգամներ փորձած էր եղբայր մը ղրկել Կուինիա բայց չէր յաջողած։ Ատոր համար, ինձմէ խնդրեցին որ Կուինիայի մայրաքաղաքը՝ Քոնաքրի, ճամբորդեմ եւ փորձեմ հոն ապրելու արտօնութիւն ստանալ։

«Պիտի երթամ, քանի որ Եհովա՛ն է ղրկողը»

Երբ որ Քոնաքրի հասայ, նիկերիական դեսպանատունը գացի եւ դեսպանին հետ հանդիպում մը ունեցայ։ Իրեն ըսի որ կ’ուզեմ Կուինիայի մէջ քարոզել։ Ինծի խրատ տուաւ որ հոն չմնամ, քանի որ կրնամ ձերբակալուիլ կամ նոյնիսկ աւելի գէշ բան մը պատահի։ Ինծի ըսաւ. «Ուրկէ որ եկար հոն գնա եւ հոն քարոզէ»։ Իրեն ըսի. «Անպայման կ’ուզեմ մնալ»։ Ասոր համար, նամակ մը գրեց Կուինիայի ներքին գործոց նախարարին, որպէսզի ինծի օգնէ։ Ան ալ իրապէս ինծի օգնեց։

Անկէ քիչ ետք, Սիերա Լէոնէի մասնաճիւղը վերադարձայ եւ եղբայրներուն տեղեկացուցի թէ նախարարը ինծի արտօնութիւն տուաւ Կուինիայի մէջ մնալու։ Եղբայրները իրենց ուրախութենէն ցատկռտեցին, երբ լսեցին թէ Եհովան ինչպէ՛ս օրհնած էր իմ ճամբորդութիւնս։

Իզրէյըլը ուրախութեամբ իր ապրանքները կը շալկէ։

Երբ Սիերա Լէոնէի մէջ շրջանային տեսուչ էի

1978–էն 1989, որպէս շրջանային տեսուչ ծառայեցի Կուինիայի եւ Սիերա Լէոնէի մէջ, եւ որպէս փոխ–շրջանային տեսուչ ծառայեցի Լիպերիայի մէջ։ Սկիզբը, շատ կը հիւանդանայի։ Բայց եղբայրները ամէն ինչ կ’ընէին որ զիս հիւանդանոց հասցնէին, նոյնիսկ եթէ հեռու շրջան մըն էի։

Առիթով մը, մալարիա հիւանդութեամբ բռնուեցայ, հետն ալ աղիքներուս մէջ որդ ելաւ։ Երբ լաւացայ, գիտցայ որ եղբայրները կարծած էին որ ես պիտի մեռնիմ, անոր համար կ’որոշէին թէ ո՛ւր պիտի թաղեն զիս։ Հակառակ անոր որ այս մահացու պարագաներէն անցայ, միտքէս իսկ չանցաւ որ նշանակումներէս վազ անցնիմ։ Ես համոզուած եմ, որ միայն Աստուած է որ կրնայ մեզ ապահով պահել։ Քանի որ նոյնիսկ եթէ մեռնինք, ան կրնայ մեզի յարութիւն տալ։

ԿԻՆՍ ԵՒ ԵՍ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻՆՔ

Իզրէյըլը եւ Տորքասը իրենց ամուսնութեան օրը։

Մեր հարսանիքի օրը՝ 1988–ին

1988–ին, ծանօթացայ Տորքաս անունով ռահվիրայի մը, որ հոգեւորապէս զօրաւոր եւ շատ խոնարհ քոյր մըն էր։ Ամուսնացանք եւ սկսաւ ինծի հետ ժողովքները այցելել։ Ժամանակի ընթացքին, տեսայ որ Տորքասը շատ աշխատասէր եւ անձնազոհ կին մըն է։ Մենք ատեններ ժողովքէ ժողովք երթալու համար, նոյնիսկ 25 քիլոմեթր կը քալէինք՝ մեր պայուսակները շալկած։ Եթէ ժողովքները աւելի հեռու ըլլային, փոխադրուելու որեւէ միջոց կը գործածէինք, որպէսզի ցեխոտ եւ փոսերով լեցուն ճամբաները կտրէինք։

Տորքասը շատ քաջ է։ Օրինակ, ատեններ կոկորդիլոսներով լեցուն գետերէ կ’անցնէինք։ Անգամ մը, 5 օրուան ճամբորդութեան ընթացքին, պէտք էր նաւակով անցնէինք գետերէ, որովհետեւ տախտակէ կամուրջները քանդուած էին։ Երբ որ Տորքաս կայնեցաւ որպէսզի նաւակէն դուրս ելլէ, ինկաւ խորունկ ջուրի մէջ։ Երկուքս ալ լողալ չէինք գիտեր, եւ կոկորդիլոսներ կային ջուրին մէջ։ Լաւ է որ հոն երիտասարդներ կային։ Անոնք ջուր նետուեցան եւ Տորքասը ազատեցին։ Երկար ժամանակ այս եղածը մեր երազներուն մէջ եկաւ, բայց մենք շարունակեցինք ժողովքները այցելել։

Պատանիներ՝ Ճահկիֆթը եւ Էրիքը Թագաւորութեան սրահին առջեւ։

Մեր զաւակները՝ Ճահկիֆթը եւ Էրիքը Եհովային կողմէ իսկական նուէրներ են

1992–ի սկիզբը, անակնկալի եկանք, երբ գիտցանք որ Տորքասը յղի է։ Պէտք էր որոշէինք եթէ կ’ուզէինք շարունակել որպէս մասնաւոր ռահվիրայ կամ ոչ։ Մտածեցինք. «Եհովան մեզի նուէր մը տուաւ»։ Ատոր համար, որոշեցինք մեր աղջկան անունը Ճահկիֆթ դնել, որ անգլերէնով կը նշանակէ՝ Եահին նուէրը։ Չորս տարի ետք, ունեցանք երկրորդ զաւակ մը՝ Էրիքը։ Մեր երկու զաւակներն ալ Եհովային կողմէ իսկական նուէրներ են։ Ճահկիֆթը ժամանակ մը ծառայեց Քոնաքրիի թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակին մէջ, Էրիքն ալ օգնական ծառայ է։

Իզրէյըլը եւ Տորքասը իրենց տղուն՝ Էրիքին եւ աղջկան՝ Ճահկիֆթին հետ Թագաւորութեան սրահին առջեւ։

Ժամանակ մը ետք, Տորքասը ստիպուեցաւ մասնաւոր ռահվիրայութիւնը կեցնել, բայց շարունակեց որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Ես Եհովային օգնութեամբ կրցայ շարունակել յատուկ լիաժամ ծառայութիւնը։ Երբ որ մեր պզտիկները մեծցան, Տորքասը նորէն մասնաւոր ռահվիրայ եղաւ եւ հիմա երկուքս ալ միսիոնարներ ենք Քոնաքրիի մէջ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆ Է

Ես միշտ գացած եմ հոն ուր որ Եհովան տարած է։ Շատ անգամ կինս եւ ես զգացած ենք իր պաշտպանութիւնը եւ օրհնութիւնները։ Մենք շատ մը խնդիրներէ եւ մտահոգութիւններէ հեռու մնացած ենք, քանի որ նիւթական բաներու վստահելու տեղ, Եհովային վստահած ենք։ Տորքասը եւ ես մեր փորձառութենէն սորված ենք որ «մեր փրկութեան Աստուածը»՝ Եհովան, իսկական ապահովութեան Աղբիւրն է (Ա. Մն. 16։35)։ Ես վստահ եմ, որ Աստուծոյ վստահողներուն կեանքը ապահով կերպով պահուած պիտի ըլլայ «կեանքի ծրարին մէջ» (Ա. Թագ. 25։29)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել