ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 27
ԵՐԳ 137 Մեզի համարձակութիւն տուր
Սադովկին պէս քաջ եղիր
‘Զօրաւոր կտրիճ էր Սադովկ երիտասարդը’ (Ա. ՄՆ. 12։28)։
ՆԻՒԹ
Սադովկէն ինչպէ՛ս քաջութիւն կը սորվինք
1-2. Ո՞վ էր Սադովկ (Ա. Մնացորդաց 12։22, 26-28)։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ այս տեսարանը։ Աւելի քան 340,000 տղամարդիկ հաւաքուած էին Դաւիթը թագաւոր ընելու համար ամբողջ իսրայէլի վրայ։ Անոնք երեք օր, Քեբրոնի մօտ գտնուող ժայռոտ բլուրներուն վրայ, կը խնդային ու կը խօսէին եւ փառաբանութեան երգեր կ’երգէին (Ա. Մն. 12։39)։ Անոնց մէջ կար Սադովկ անունով երիտասարդ մը։ Ան հաւանաբար աչքառու չէր անոնց մէջ, բայց Եհովան վստահ եղաւ որ մենք գիտնանք, որ ան հո՛ն էր (կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 12։22, 26-28)։ Բայց ո՞վ էր Սադովկ։
2 Սադովկը քահանայ մըն էր, որ կ’օգնէր Աբիաթար քահանայապետին։ Ան նաեւ տեսանող էր, որուն Աստուած տուած էր իմաստութիւն, նաեւ այն կարողութիւնը որ իր կամքը հասկնայ (Բ. Թագ. 15։27)։ Ասկէ զատ, մարդիկ Սադովկէն խրատ կը խնդրէին, երբ որ պէտք ունենային։ Ան նաեւ քաջ մէկն էր, եւ այս յօդուածին մէջ պիտի կեդրոնանանք իր քաջութեան վրայ։
3. ա) Ինչո՞ւ Եհովան պաշտողները քաջութեան պէտք ունին։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Այս վերջին օրերուն, Սատանան Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ իր յարձակումները կ’աւելցնէ (Ա. Պետ. 5։8)։ Ասոր համար, պէտք է քաջ ըլլանք եւ համբերենք, մինչեւ որ Եհովան վերջ դնէ Սատանային եւ իր չար աշխարհին (Սաղ. 31։24)։ Հիմա, նկատի առնենք թէ ի՛նչ երեք կերպերով կրնանք ընդօրինակել Սադովկի քաջութիւնը։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԷ՛
4. Եհովային ծառաները ի՞նչու քաջութեան պէտք ունին, որ Աստուծոյ թագաւորութեան թիկունք կանգնին (տե՛ս նաեւ նկարը)։
4 Մենք, որպէս Եհովային ժողովուրդը, սրտանց թիկունք կը կանգնինք իր թագաւորութեան, եւ ասոր համար շատ անգամ քաջութեան պէտք ունինք (Մատ. 6։33)։ Օրինակ, մենք քաջութեան պէտք ունինք, որ այս չար աշխարհին մէջ Եհովային ուզած կերպով ապրինք եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզենք (Ա. Թես. 2։2)։ Նաեւ, քաջութեան պէտք ունինք, որ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք մնանք, այս բաժան-բաժան դարձած աշխարհին մէջ (Յովհ. 18։36)։ Եւ քանի որ Եհովային ծառաներէն շատեր չեն ուզած զինուոր ըլլալ կամ քաղաքական բաներու մասնակցիլ, անոնք դրամական նեղութիւն քաշած են, ծեծուած են կամ նոյնիսկ բանտարկուած են։
Ի՞նչ պիտի ընես երբ ուրիշներ քաղաքականութեան մէջ կողմ բռնեն (տե՛ս պարբերութիւն 4)
5. Սադովկը Դաւիթին թիկունք կանգնելու համար ինչո՞ւ քաջութեան պէտք ունէր։
5 Սադովկ Քեբրոն չգնաց միայն որ Դաւիթի թագաւոր ըլլալը տօնէ։ Հապա ան հոն գնաց զինուած եւ պատերազմելու պատրաստ (Ա. Մն. 12։38)։ Ան պատրաստ էր Դաւիթին հետ պատերազմի երթալու եւ իսրայէլը իր թշնամիներուն դէմ պաշտպանելու։ Սադովկ, պատերազմելու մէջ իր փորձառութեան պակասը լեցուց իր քաջութեամբ։
6. Սադովկը ինչպէ՞ս քաջութիւն սորվեցաւ Դաւիթէն (Սաղմոս 138։3)։
6 Սադովկ քահանան ինչպէ՞ս սորվեցաւ ա՛յսքան քաջ ըլլալ։ Անոր շուրջ կային շատ մը տղամարդիկ, որոնք զօրաւոր եւ քաջ էին։ Անկասկած որ ան անոնցմէ ազդուեցաւ։ Օրինակ, առնենք Դաւիթը։ Քանի որ ան շատ քաջ առաջնորդ եւ պատերազմող մըն էր, ամբողջ իսրայէլ ազգը սրտանց իրեն թիկունք կանգնեցաւ (Ա. Մն. 11։1, 2)։ Դաւիթ միշտ Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրէր, որ իր թշնամիներուն դէմ կռուէր (Սաղ. 28։7, կարդա՛ Սաղմոս 138։3)։ Սադովկը քաջութիւն սորվեցաւ իրեն հետ եղող ուրիշ տղամարդոցմէ ալ։ Օրինակ՝ Յովիադան ու իր տղան Բանիան եւ այն 22 իշխանները, որոնք Դաւիթին թիկունք կանգնեցան (Ա. Մն. 11։22-25. 12։26-28)։ Բոլոր այս տղամարդիկը որոշած էին Դաւիթին թագաւորութեան թիկունք կանգնիլ։
7. ա) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ մեր քաջ երիտասարդ եղբայրներէն։ բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ վիտէոյին մէջ յիշուած եղբայր Սիլուի օրինակէն։
7 Երբ Եհովայի իշխանութեան քաջաբար թիկունք կանգնողներուն օրինակները նկատի առնենք, կը զօրանանք եւ անոնցմէ քաջութիւն կը սորվինք։ Երբ մեր թագաւորը՝ Քրիստոս Յիսուս՝ երկրի վրայ էր, հաստատ կերպով մերժեց խառնուիլ Սատանայի աշխարհին քաղաքականութեան (Մատ. 4։8-11. Յովհ. 6։14, 15)։ Եւ ասոր համար, ան միշտ Եհովայէն զօրութիւն կը խնդրեր։ Ներկայիս, ունինք շատ մը երիտասարդներու օրինակներ, որոնք իրենց խղճին պատճառով կը մերժեն բանակին մէջ ծառայել կամ քաղաքական գործունէութիւններու մասնակցիլ։ Անոնց փորձառութիւններէն ոմանք կրնաս կարդալ jw.org–ին վրայa։
ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒԴ ՕԳՆԷ՛
8. Երէցները ե՞րբ քաջութեան պէտք կ’ունենան, որ գործնական կերպերով օգնեն եղբայրներուն։
8 Եհովային ծառաները կը սիրեն իրարու օգնել (Բ. Կոր. 8։4)։ Բայց ատեններ, ասիկա ընելու համար քաջութեան պէտք կ’ունենան։ Օրինակ, երբ պատերազմ սկսի, երէցները կ’անդրադառնան որ եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերութեան պէտք ունին, եւ թերեւս ալ՝ հոգեւոր կամ ֆիզիքական օգնութեան։ Եւ քանի որ երէցները կը սիրեն ոչխարները, իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն, որ անոնց պէտքերը ապահովեն (Յովհ. 15։12, 13)։ Այսպիսով անոնք Սադովկին պէս քաջութեամբ կը վարուին։
9. Ինչպէս որ Բ. Թագաւորաց 15։27-29 կ’ըսէ, Դաւիթ Սադովկին ի՞նչ ըսաւ որ ընէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
9 Դաւիթին կեանքը վտանգի տակ էր։ Իր տղան՝ Աբիսողոմը, որոշած էր թագաւորութիւնը իր հօրը ձեռքէն առնել (Բ. Թագ. 15։12, 13)։ Ատոր համար, Դաւիթ ստիպուեցաւ անմիջապէս Երուսաղէմէն հեռանալ։ Ան իր ծառաները կանչեց, եւ ըսաւ. «Ելէք փախչինք, քանզի Աբիսողոմին երեսէն մեզի ազատում չկայ» (Բ. Թագ. 15։14)։ Մինչ ծառաները քաղաքէն կ’ելլէին, Դաւիթ անդրադարձաւ, որ պէտք էր մէկը Երուսաղէմ մնար, որպէսզի Դաւիթին լուր տար, թէ Աբիսողոմ ի՛նչ կը ծրագրէր։ Անոր համար Դաւիթ՝ Սադովկը եւ ուրիշ քահանաներ ետ քաղաք ղրկեց որ լրտեսեն (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 15։27-29)։ Անոնք պէտք էր զգոյշ ըլլային, քանի որ ի՛նչ որ Դաւիթ քահանաներէն խնդրեց, իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնէր։ Երեւակայէ թէ անձնասէր, վայրագ, եւ դաւաճան Աբիսողոմ ի՛նչ կրնար ընել Սադովկին եւ միւս քահանաներուն, եթէ գիտնար թէ անոնք լրտեսութիւն կ’ընէին Դաւիթին հաշւոյն։
Դաւիթը Սադովկին վտանգաւոր նշանակում մը տուաւ (տե՛ս պարբերութիւն 9)
10. Սադովկը եւ իր հետ եղողները ինչպէ՞ս պաշտպանեցին Դաւիթը։
10 Դաւիթ ծրագիր մը դրաւ, Սադովկին եւ իր միւս հաւատարիմ բարեկամին՝ Քուսիին համար (Բ. Թագ. 15։32-37)։ Քուսին հետեւեցաւ ծրագրին եւ Աբիսողոմին վստահութիւնը շահեցաւ։ Ան Աբիսողոմին առաջարկեց այնպիսի զինուորական ծրագիր մը, որ առիթ պիտի տար Դաւիթին, որ իր վրայ ըլլալիք յարձակումին պատրաստուէր։ Ետքը, Քուսին ծրագիրը պատմեց Սադովկին եւ Աբիաթարին (Բ. Թագ. 17։8-16)։ Անոնք ալ Դաւիթին լուր ղրկեցին (Բ. Թագ. 17։17)։ Եհովային օգնութեամբ, Սադովկը եւ միւս քահանաները կարեւոր դեր մը խաղցան Դաւիթը պաշտպանելուն մէջ (Բ. Թագ. 17։21, 22)։
11. Երբ մեր եղբայրներուն օգնենք, ինչպէ՞ս կրնանք Սադովկը ընդօրինակել։
11 Եթէ մեզմէ խնդրուի որ վտանգաւոր ժամանակներուն մեր եղբայրներուն օգնենք, ի՞նչ կրնանք ընել Սադովկի նման քաջութիւն ցոյց տալու համար։ 1) Ուղղութիւններուն հետեւէ՛։ Այսպիսի պարագաներուն կարեւոր է որ մենք միացած մնանք եւ տեղական մասնաճիւղէն եկած ուղղութիւններուն հետեւինք (Եբ. 13։17)։ Երէցները պէտք է միշտ աչքէ անցընեն այն ուղղութիւնները, թէ ինչպէ՛ս պատրաստուած ըլլան աղէտներուն համար եւ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն երբ աղէտ մը հարուածէ (Ա. Կոր. 14։33, 40)։ 2) Քաջ եղի՛ր, բայց նոյն ատեն՝ զգոյշ (Առ. 22։3)։ Լաւ դատողութիւն գործածէ եւ պէտք չեղած տեղը վտանգաւոր բաներ մի՛ ըներ։ 3) Եհովային վստահէ՛։ Մի՛ մոռնար որ Եհովան շատ հետաքրքրուած է քու եւ եղբայրներուդ բարօրութեամբ։ Եւ ան կրնայ քեզի օգնել, որ եղբայրներուդ օգնես ապահով կերպով։
12-13. Ի՞նչ կը սորվիս Վիքթորին եւ Վիթալիին պատմութենէն (տե՛ս նաեւ նկարը)։
12 Նկատի առ երկու երէցներու օրինակը՝ Վիքթորը եւ Վիթալին։ Անոնք շատ ջանքեր թափեցին, որ ուտելիք ու ջուր ապահովեն Ուքրանիոյ եղբայրներուն։ Վիքթորը կ’ըսէ. «Ամէն տեղ ուտելիք կը փնտռէինք։ Շատ անգամ մեր շուրջը կրակոցներ կը լսէինք։ Անգամ մը, եղբայր մը իր խանութէն ուտելիքներ նուիրեց։ Այս նուիրատուութիւնը շատ մը հրատարակիչներու պէտքերը ապահովեց որոշ ժամանակ մը։ Մինչ ուտելիքները մեր բեռնակառքին մէջ կը դնէինք, հրթիռ մը ինկաւ մեզմէ 20 մեթր անդին։ Այդ օրը, լման ժամանակը Եհովային կ’աղաչէի որ ինծի քաջութիւն տայ, որ շարունակեմ հրատարակիչներուն օգնել»։
13 Վիթալին կ’ըսէ. «Շատ քաջութեան պէտք ունէինք։ Առաջին անգամ հետս 12 ժամ առաւ, որ եղբայրներուն քով հասնիմ։ Ամբողջ ճամբուն ընթացքին Եհովային կ’աղօթէի»։ Վիթալին թէեւ քաջ էր, բայց ան նաեւ զգոյշ էր։ Ան կը շարունակէ. «Ամբողջ ժամանակը կ’աղօթէի, որ Եհովան ինծի իմաստութիւն ու համեստութիւն տայ։ Քշեցի միայն կառավարութեան արտօնած ճամբաներուն վրայ։ Հաւատքս զօրացաւ երբ մորթիս վրայ զգացի եղբայրներուն եւ քոյրերուն համագործակցութիւնը։ Անոնք ճամբուն վրայ գտնուած արգելքները վերցուցին, ուտելիք ու հագուելիք եւ ուրիշ բաներ հաւաքեցին եւ ետքը բեռնակառքին մէջ դրին։ Ասկէ զատ, ինծի եւ Վիքթորին ուտելիք եւ հանգչելիք տեղեր ապահովեցին»։
Երբ վտանգաւոր պարագաներու մէջ եղբայրներուդ կ’օգնես, քաջ եղի՛ր բայց նոյն ատեն՝ զգոյշ (տե՛ս պարբերութիւններ 12-13)
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱ՛
14. Ի՞նչ կը զգանք երբ սիրելի անձ մը Եհովային անհաւատարիմ կը դառնայ։
14 Աշխարհը մեր աչքին կը սեւնայ, երբ ընտանիքի անդամ մը կամ մտերիմ բարեկամ մը Եհովային կռնակ կը դարձնէ (Սաղ. 78։40. Առ. 24։10)։ Ո՛րքան անձին մօտիկ կ’ըլլանք, ա՛յնքան աւելի դժուար կ’ըլլայ որ պարագան ընդունինք։ Եթէ այսպիսի ցաւալի պարագայէ մը անցած ես, կրնաս մխիթարուիլ գիտնալով որ Սադովկն ալ այսպիսի ցաւալի փորձառութիւն մը ունեցաւ։
15. Սադովկ ինչո՞ւ քաջութեան պէտք ունէր, որ Եհովային հաւատարիմ մնար (Գ. Թագաւորաց 1։5-8)։
15 Սադովկ Եհովային հաւատարիմ մնաց, մինչ իր մտերիմ ընկերը՝ Աբիաթարը անհաւատարիմ դարձաւ։ Ասիկա պատահեցաւ Դաւիթի իշխանութեան վերջաւորութեան։ Երբ Դաւիթ մեռնելու վրայ էր, իր որդին Ադոնիան փորձեց ինքզինք թագաւոր ընել, բան մը՝ որ Եհովան Սողոմոնին խոստացած էր (Ա. Մն. 22։9, 10)։ Բայց Աբիաթար ընտրեց Ադոնիային թիկունք կանգնիլ (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 1։5-8)։ Այսպիսով, Աբիաթար ոչ միայն Դաւիթին անհաւատարիմ եղաւ, հապա նաեւ՝ Եհովային։ Կրնաս երեւակայել որ Սադովկը որքա՜ն տխրեցաւ եւ յուսախաբ եղաւ։ Ինքն ու Աբիաթարը աւելի քան քառասուն տարի ուս–ուսի ծառայած էին որպէս քահանաներ (Բ. Թագ. 8։17)։ Անոնք միասնաբար «Աստուծոյ տապանակ»ին հոգ տարած էին (Բ. Թագ. 15։29)։ Սկիզբը, երկուքն ալ Դաւիթի թագաւորութեան թիկունք կանգնած էին, եւ շատ մը ուրիշ բաներ ըրած էին Եհովային ծառայութեան մէջ (Բ. Թագ. 19։11-14)։
16. Հաւանաբար ի՞նչը օգնեց Սադովկին, որ հաւատարիմ մնայ։
16 Սադովկը Եհովային հաւատարիմ մնաց, հակառակ անոր որ Աբիաթարը հաւատարիմ չմնաց։ Դաւիթ շատ վստահ էր, որ Սադովկը իրեն հաւատարիմ էր։ Երբ Ադոնիային ծրագիրը մէջտեղ ելաւ, Դաւիթը ընտրեց Սադովկը, Նաթանը ու Բանիան, որ Սողոմոնը թագաւոր օծեն (Գ. Թագ. 1։32-34)։ Վստահաբար, Սադովկը ոյժ առաւ եւ քաջալերուեցաւ իրեն հետ եղող Եհովային հաւատարիմ ծառաներէն, ինչպէս՝ Նաթանը եւ ուրիշներ, որոնք Դաւիթ թագաւորին թիկունք կը կանգնէին (Գ. Թագ. 1։38, 39)։ Երբ Սողոմոն թագաւոր եղաւ, «Սադովկ քահանան Աբիաթարին տեղը դրաւ» (Գ. Թագ. 2։35)։
17. Եթէ քեզի մօտիկ եղող մէկը Եհովային անհաւատարիմ ըլլայ, ինչպէ՞ս կրնաս Սադովկը ընդօրինակել։
17 Ինչպէ՞ս կրնաս Սադովկը ընդօրինակել։ Եթէ քեզի մօտիկ եղող մէկը ընտրէ Եհովան ձգել, ցոյց տուր Եհովային որ դուն հաւատարիմ ես իրեն (Յես. 24։15)։ Եհովան քեզի պիտի տայ պէտք եղած զօրութիւնն ու քաջութիւնը։ Իրեն աղօթէ՛ եւ հաւատարիմ եղբայրներու ու քոյրերու մօտիկ մնա՛։ Եհովան կը գնահատէ քու հաւատարմութիւնդ եւ ատոր համար քեզ պիտի վարձատրէ (Բ. Թագ. 22։26)։
18. Ի՞նչ կը սորվիս Մարքոյին եւ Սիտսէին փորձառութենէն։
18 Նկատի առ Մարքոյին եւ իր կնոջ Սիտսէին օրինակը, որոնց երկու մեծ աղջիկները ճշմարտութիւնը ձգեցին։ Մարքոն կ’ըսէ. «Այն օրէն որ զաւակներդ կը ծնին, զանոնք շատ կը սիրես։ Ամէն ի՛նչ կ’ընես որ զանոնք պաշտպանես։ Անոր համար, երբ անոնք Եհովան ձգեն սիրտդ կտոր-կտոր կ’ըլլայ։ Բայց Եհովան միշտ մեր ձեռքը բռնեց եւ մեր օգնութեան հասաւ։ Երբ ես կը տկարանայի, կի՛նս զօրաւոր կ’ըլլար, եւ երբ ինքը տկարանար ե՛ս զօրաւոր կ’ըլլայի»։ Սիտսէն կ’աւելցնէ. «Մենք ասոր պիտի չկարենայինք դիմանալ, եթէ Եհովան մեզի պէտք եղած զօրութիւնը չտար։ Անգամ մը, շատ նեղուած էի եւ կը զգայի թէ իմ յանցանքս է, որ աղջիկներս ճշմարտութիւնը ձգեցին։ Սիրտս Եհովային բացի։ Շատ չանցած, քոյր մը որ երկար տարիներէ իր վեր չէի տեսած, ինծի մօտեցաւ, ձեռքերը ուսերուս վրայ դրաւ եւ աչքերուս նայելով ինծի ըսաւ. ‘Սիտսէ, յիշէ որ ասիկա քու յանցանքդ չէ՛’։ Ես Եհովային օգնութեամբ կրցած եմ իր ծառայութեան մէջ ուրախութիւնս պահել»։
19. Ի՞նչ վճռած ես ընել։
19 Եհովան կ’ուզէ որ իր բոլոր ծառաները Սադովկին պէս քաջ ըլլան (Բ. Տիմ. 1։7)։ Բայց ան չ’ուզեր որ մենք մեր ուժին վստահինք։ Ան կ’ուզէ որ իրեն վստահինք։ Անոր համար, երբ ըլլաս պարագայի մը մէջ որ քաջութեան պէտք ունիս, Եհովային դիմէ՛։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ ան քեզի քաջութիւն պիտի տայ, ինչպէս որ Սադովկին տուաւ (Ա. Պետ. 5։10)։
ԵՐԳ 43 Արթո՛ւն մնացէք, հաստա՛տ կեցէք, զօրացէ՛ք
a jw.org–ին վրայ դիտէ՛ Ինչո՞ւ ճշմարիտ քրիստոնեաները քաջութեան պէտք ունին. Որ չէզոք մնան վիտէոն։