Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուն յօդուած 25
  • Ո՞վ պիտի ազատէ Երկիր մոլորակը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞վ պիտի ազատէ Երկիր մոլորակը
  • Ուրիշ նիւթեր
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մարդոց թափած ջանքերը յաջողութիւն պիտի գտնե՞ն
  • Յոյս կայ
  • Երկիր մոլորակը պիտի կործանուի՞
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Մարդը վերջնականապէս երկրագունդը պիտի աւերէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Կեանքը սքանչելի նպատակ մը ունի
    Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ի՞նչպէս կրնաք գտնել զայն
  • Կլիմայի փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր ապագային. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Ուրիշ նիւթեր
Տես աւելին
Ուրիշ նիւթեր
ուն յօդուած 25
Պզտիկ աղջիկ մը ծաղիկ մը կը ջրէ։ Ետեւը, ճարտարարուեստական շէնքեր միջավայրը կ’ապականեն։

Ո՞վ պիտի ազատէ Երկիր մոլորակը

Շատեր մտահոգ են, որ մարդիկ վնաս կը հասցնեն Երկիր մոլորակին եւ անոր վրայի կեանքին։ Կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն, որ մարդիկ հիմա, որեւէ ժամանակէ աւելի, ամէն տեսակ կեանքի վնաս կը հասցնեն եւ իրենց ըրածներով նոյնիսկ կը սպառնան կեանքի կարգ մը տեսակներու գոյութեան։

Արդեօք մարդիկ Երկիր մոլորակը պիտի կործանե՞ն, թէ ոչ պիտի կարենան անոր վրայ ապրիլ՝ առա՛նց բնութիւնը քանդելու։

Մարդոց թափած ջանքերը յաջողութիւն պիտի գտնե՞ն

Շատ մը մասնագէտներ վստահ են, որ մարդիկ կրնա՛ն Երկիր մոլորակը պաշտպանել եւ բնութեան վնաս չհասցնել։ Բայց կարգ մը գիտնականներ կ’ըսեն, որ մեր մոլորակը պահպանելու մարդոց թափած ջանքերը յաջողելու համար, պէտք է տարբեր մարզերու մէջ փոփոխութիւններ մտցուին եւ նո՛յն ժամանակ։ Նկատի առ անոնց առաջարկած կարգ մը փոփոխութիւնները.

  • Հողերու, անտառներու, ճահճավայրերու (այսինքն՝ խոնաւ հողերու) եւ ովկիանոսներու հոգատարութիւնը բարելաւել։

  • Հողագործութեան եւ ուժանիւթի օգտագործման տարբեր մեթոտներ գործածել։

  • Ուտելիքը տարբեր կերպով արտադրել եւ բաշխել, որ մարդիկ գլխաւորաբար ուտեն բանջարեղէն։ Ասանկով, անոնք չափաւոր կերպով կ’օգտագործեն մսեղէն եւ ձուկ, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնեն ուտելիքի անտեղի վատնում։

  • Ընդունիլ որ ուրախ եւ լաւ կեանք ունենալու համար, մէկը պէտք չունի շատ ապրանքներ ունենալու։

Ի՞նչ կ’ըսես։ Տրամաբանակա՞ն է ակնկալել, որ կառավարութիւնները, առեւտրական հաստատութիւնները եւ մարդիկ կրնան ձեռք–ձեռքի տալ եւ այսքան մեծ փոփոխութիւններ ընել։ Թէ ոչ, աւելի հաւանական է որ մարդոց մէջ արմատացած գէշ յատկութիւններ, ինչպէս՝ ագահութիւն, անձնասիրութիւն եւ կարճատեսութիւն, այդ նպատակին հասնիլը դժուար դարձնեն (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։

Յոյս կայ

Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, որ մեր մոլորակին ապագան ապահով է։ Անիկա կը բացատրէ, որ ինչո՛ւ մարդոց ջանքերը բաւարար չեն Երկիր մոլորակը ազատելու համար եւ կը նկարագրէ թէ ճիշդ ի՛նչ փոփոխութիւն պէտք է որ ըլլայ եւ ինչպէ՛ս։

Ինչո՞ւ մարդոց թափած ջանքերը բաւարար չեն Երկիր մոլորակը ազատելու։ Եհովաa Աստուած երկիրը ստեղծեց եւ մարդոց պատասխանատուութիւն տուաւ, որ անոր հոգ տանին (Ծննդոց 1։28. 2։15)։ Անոնք կրնային յաջողիլ, միա՛յն՝ եթէ հետեւէին իրենց Ստեղծիչին առաջնորդութեան եւ ուղղութեան (Առակաց 20։24)։ Բայց անոնք Եհովան մերժեցին եւ ինքնագլուխ որոշումներ առին (Ժողովող 7։29)։ Առանց Աստուծոյ, մարդիկ կարողութիւն չունին Երկիր մոլորակին հոգ տանելու։ Թէեւ անոնք կարենան կարգ մը բարելաւումներ ընել, բայց լման յաջողութիւն պիտի չգտնեն (Առակաց 21։30. Երեմիա 10։23)։

Ի՞նչ փոփոխութիւն պէտք է որ ըլլայ։ Աստուած պիտի չձգէ, որ մարդիկ Երկիրը կործանեն (Յայտնութիւն 11։18)։ Ան պիտի չբարեփոխէ մարդիկը եւ կառավարութիւնները, որոնք Երկրին վնաս կը հասցնեն, հապա ատոնք պիտի փոխարինէ (Յայտնութիւն 21։1)։ Անոր համար, Եհովան կ’ըսէ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» (Յայտնութիւն 21։5)։

Այս փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։ Եհովան մարդկային կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ երկնային կառավարութիւնով մը, որ կը կոչուի Աստուծոյ Թագաւորութիւն։ Յիսուս Քրիստոսի գլխաւորութեամբ, այդ կառավարութիւնը պիտի իշխէ երկրի վրայ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։10)։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդոց պիտի սորվեցնէ ապրիլ անոր արդար չափանիշներուն համաձայն։ Երբ մարդիկ իրենց Ստեղծիչին իշխանութիւնը ընդունին եւ անոր հնազանդին, բնութեան վնաս պիտի չհասցնեն (Եսայի 11։9)։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ թէ Աստուծոյ կառավարութիւնը ինչպէ՛ս մարդոց հիանալի կեանք պիտի ապահովէ՝ առանց Երկիր մոլորակին վնասելու։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը...

  • բոլորին ուտելիք պիտի ապահովէ (Սաղմոս 72։16)։

  • երկիրը ետ գեղեցիկ եւ լաւ բերք տուող դարձնէ (Եսայի 35։1, 2, 6, 7)։

  • վստահ պիտի ըլլայ որ մարդիկ անասուններուն հոգ կը տանին եւ անասունները մարդոց վնաս չեն հասցներ (Եսայի 11։6-8. Ովսէէ 2։18)։

  • կենսոլորտային աղէտները պիտի արգիլէ (Մարկոս 4։37-41)։

Կրնա՛ս վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ օրէն այս փոփոխութիւնները պիտի ընէ։ Այս նիւթին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէ» յօդուածը։

a Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18)։

Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ հիմա, որ մեր մոլորակին հոգ կը տանինք

Մինչ կը սպասենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Երկիր մոլորակին կենսոլորտային խնդիրները լուծէ, կրնանք ջանք ընել որ հիմա մեր մոլորակին հոգ տանինք. օրինակ, կրնանք զգոյշ ըլլալ որ բնական միջոցները չվատնենք եւ կրնանք վերամշակման օրէնքները (recycling laws) յարգել (Յովհաննէս 6։12, 13. Հռովմայեցիս 13։1, 5)։

  • Պրեթ։

    Պրեթ հանգստեան կոչուած կենսոլորտային հարցերու խորհրդատու է։ Բնութեան նկատմամբ իր ունեցած գիտելիքները Պրեթը կը վստահեցնեն, թէ Ստեղծիչ մը կայ եւ մեր Երկիր մոլորակը պիտի ազատէ։ Կարդա՛ իր կենսագրութիւնը։

  • Երկու գործաւորներ կը նային Եհովայի վկաներու կեդրոնատեղիին նոր շէնքերուն։

    Եհովայի վկաները շատ մը կերպերով ցոյց կու տան, որ իրենց Ստեղծիչը կը յարգեն։ Օրինակ, մեծ շինարարական ծրագիրներու ժամանակ, անոնք կ’օգտագործեն շինարարութեան շուրջի միջավայրը պահպանելու թեքնոլոճիներ։ Այս նիւթին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, դիտէ՛ Բնութեան չվնասող ձեւագիծ մը Եհովան կը պատուէ վիտէոն։

Երկիր մոլորակին մասին աստուածաշնչական համարներ

Ծննդոց 2։15։ «Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ»։

Իմաստ։ Աստուած մարդոց պատասխանատուութիւն տուաւ, որ Երկրին հոգ տանին։

Ծննդոց 1։28։ «Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. ‘Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք’»։

Իմաստ։ Աստուած մարդոց պատասխանատուութիւն տուաւ նաեւ որ անասուններուն հոգ տանին։

Եսայի 45։18։ «Այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, զանիկա շինեց եւ հաստատեց, զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց։ ‘Տէրը ե՛ս եմ ու ինձմէ ուրիշը չկայ’»։

Իմաստ։ Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը չէ փոխուած։ Ատոր վրայ պիտի բնակին մարդիկ, որոնք Աստուծոյ կամքին համաձայն կ’ապրին։

Սաղմոս 37։29։ «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։

Իմաստ։ Անոնք՝ որոնք Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին, առիթ պիտի ունենան Երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու։

Սաղմոս 98։6-8։ «Աղաղակեցէ՛ք Տէր թագաւորին առջեւ։ Թո՛ղ գոռան ծովն ու անոր լիութիւնը, աշխարհ ու անոր բնակիչները։ Գետերը թո՛ղ ծափ զարնեն ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան»։

Իմաստ։ Աստուծոյ իշխանութեան տակ, մեր միջավայրը պիտի ունենայ լաւ պայմաններ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել