Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուն յօդուած 34
  • Ահաբեկչութիւնը օր մը վերջ պիտի գտնէ՞

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ահաբեկչութիւնը օր մը վերջ պիտի գտնէ՞
  • Ուրիշ նիւթեր
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ կարծիքը ահաբեկչութեան նկատմամբ
  • Ահաբեկչութեան բուն պատճառը
  • Ահաբեկչութեան վերջ
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • «Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
Ուրիշ նիւթեր
ուն յօդուած 34
Հրշէջ մը մարդոց կ’օգնէ որ տապալած շէնքերէ դուրս գան։

Ահաբեկչութիւնը օր մը վերջ պիտի գտնէ՞

Ահաբեկչական յարձակումէ մը ետք, բնականաբար թերեւս հարց տաս. ‘Արդեօք Աստուած պատահած դէպքով հետաքրքրուա՞ծ է։ Ահաբեկչութիւնըa օր մը վերջ պիտի գտնէ՞։ Ինչպէ՞ս կրնամ ապրիլ այս վախի զգացումով’։ Աստուածաշունչը այս հարցումներուն գոհացուցիչ կերպով կը պատասխանէ։

Ի՞նչ է Աստուծոյ կարծիքը ահաբեկչութեան նկատմամբ

Աստուած կ’ատէ վայրագութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը (Սաղմոս 11։5. Առակաց 6։16, 17)։ Յիսուսը՝ Աստուծոյ ներկայացուցիչը, իր աշակերտները յանդիմանեց, երբ որ վայրագ կերպով վարուեցան (Մատթէոս 26։50-52)։ Հակառակ անոր որ ոմանք վայրագ յարձակումներ կ’ընեն Աստուծոյ անունով, բայց ան իրենց այսպիսի գործողութիւններ ընելու իրաւունքը չէ տուած։ Իրականութեան մէջ, ան նոյնիսկ անոնց աղօթքներուն ականջ չի տար (Եսայի 1։15)։

Աստուած հետաքրքրուած է բոլոր անոնցմով՝ որոնք կը չարչարուին, մէջը ըլլալով անոնք՝ որոնք ահաբեկչական յարձակումներու պատճառով կը տուժեն (Սաղմոս 31։7. Ա. Պետրոս 5։7)։ Աստուածաշունչը նաեւ ցոյց կու տայ, որ Աստուած վայրագութեան վերջ պիտի դնէ (Եսայի 60։18)։

Ահաբեկչութեան բուն պատճառը

Աստուածաշունչը կը յայտնէ ահաբեկչութեան բուն պատճառը. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։ Պատմութեան ընթացքին, իշխանութիւն ունեցողները ուրիշները վախցնող եւ սարսափեցնող մեթոտներու դիմած են՝ զանոնք ճնշելու եւ նեղացնելու համար։ Այս տեսակ մեթոտներու դէմ դնելու համար, հակառակ կողմը դիմած է ահաբեկչական գործողութիւններու (Ժողովող 7։7)։

Ահաբեկչութեան վերջ

Աստուած կը խոստանայ վերջ դնել վախի եւ վայրագութեան, ինչպէս նաեւ կը խոստանայ խաղաղութիւն բերել երկրի վրայ (Եսայի 32։18. Միքիա 4։3, 4)։

  • Ան ահաբեկչութեան բուն պատճառը պիտի լուծէ։ Աստուած մարդկային կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ համաշխարհային կառավարութեամբ մը։ Այս կառավարութեան Կառավարիչը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ բոլոր մարդոց հետ արդարութեամբ պիտի վարուի եւ նեղութեան եւ վայրագութեան վերջ պիտի դնէ (Սաղմոս 72։2, 14)։ Այն ատեն, մէ՛կը ահաբեկչութեան պիտի չդիմէ։ Մարդիկ «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։10, 11)։

  • Ան ահաբեկչութեան բոլոր հետեւանքները պիտի ջնջէ։ Աստուած պիտի բժշկէ ահաբեկչութենէ տառապած մարդիկը, թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ զգացական գետնի վրայ (Եսայի 65։17. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Ան նոյնիսկ կը խոստանայ յարութիւն տալ մեռելներուն, որ ապրին խաղաղ երկրի վրայ (Յովհաննէս 5։28, 29)։

Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք տրամաբանական պատճառներ հաւատալու, որ Աստուած շատ արագ քայլեր պիտի առնէ։ Բայց թերեւս հարց տաս. ‘Աստուած ի՞նչ կը սպասէ։ Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա ահաբեկչութեան վերջ չէ դրած’։ Պատասխանը առնելու համար, դիտէ Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին վիտէոն։

a «Ահաբեկչութիւն» բառը ընդհանրապէս կապ ունի վայրագութեամբ սպառնալու հետ կամ ալ վայրագութիւն գործածելու հետ դիմացինին՝ մանաւանդ քաղաքացիներու՝ դէմ, անոնց վախցնելու եւ քաղաքական, կրօնական կամ ալ ընկերային նպատակակէտերու հասնելու նպատակաւ։ Որոշ գործողութեան մը նկատմամբ տարբեր–տարբեր կարծիքներ կրնան ըլլալ։ Ոմանք կրնան ատիկա ահաբեկչութիւն սեպել, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել

Աստուածաշունչը կու տայ երկու խրատներ, որոնք կրնան քեզի օգնել։

  • Աստուծոյ աղօթէ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։

  • Աստուածաշունչին տուած յոյսին վրայ կեդրոնացիր (Եբրայեցիս 6։18, 19)։

Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ուրիշ խրատներ առնելու համար, կարդա՛ «Ինչպէ՞ս կրնաս չափէ աւելի չմտահոգուիլ» յօդուածը։

Որոշ Եհովայի վկաներ, որոնք ազդուած են ահաբեկչական յարձակումներէ, օգնութիւն ստացած են իրենց հաւատակիցներէն։ Նկատի առնենք երկու օրինակներ.

  • Ռուսիոյ Պեսլան շրջանին մէջ, դպրոցի մը առջեւ ծաղկեպսակներ դրուած են։

    Նաթալիան եւ իր 9 տարեկան տղան՝ Ասլանը՝ Ռուսիոյ Պեսլան շրջանին մէջ դպրոցն էին, երբ զինեալ ահաբեկիչներ յանկարծ դպրոց մտան եւ աւելի քան 1000 հոգի պատանդ բռնեցին։ Ցաւօք սրտի, հարիւրաւորներ մեռան, որոնց մեծամասնութիւնը պզտիկներ էր։ Հակառակ անոր որ Նաթալիան եւ Ասլանը այդ վայրագ դէպքէն ազատեցան, բայց զգացական գետնի վրայ խոր վէրքեր ունեցան։ Տես թէ ի՛նչը իրենց օգնեց։

  • Փապլօ եւ Սոֆի։

    Փապլոն եւ Սոֆին իրենց տղան մահով կորսնցուցին, երբ Նիւ Եորքի Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն դէմ յարձակում մը գործուեցաւ։ Դիտէ այս վիտէոն եւ տես թէ ի՛նչը օգնեց անոնց եւ ուրիշներու, որոնք ահաբեկչական գործողութիւններէ տուժեցին։

Աստուածաշունչը մարդոց կ’օգնէ, որ փոխուին

Աշխարհին մէջ տիրող անարդարութիւնն ու ճնշումը շատերու կը նեղացնէ։ Անոնք թերեւս զգան որ վայրագութեան եւ ահաբեկչութեան դիմելը միակ լուծումն է։ Արդեօք այսպիսի մարդիկ կրնա՞ն փոխուիլ։ Այո՛։ Տեսնելու համար թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս ոմանց օգնած է, կարդա՛ «Կարելի՞ է որ առանց ահաբեկչութեան աշխարհ գոյութիւն ունենայ» յօդուածը (անգլ.)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել