Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 109
  • Աշխարհը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աշխարհը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Աշխարհին վերջը. վախ, հետաքրքրութիւն եւ յուսախաբութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս հարցումներու պատասխանել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • «Վերջը» ի՞նչ կը նշանակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞
    Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞
Տես աւելին
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 109
Պատի ժամացոյցին վրայ, ժամը գրեթէ 12 է։

Աշխարհը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ

Աստուածաշունչին պատասխանը

Գիտնալու համար որ աշխարհը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէ, շատ կարեւոր է որ հասկնանք Աստուածաշունչին գործածած «աշխարհ» բառին իմաստը։ Յունարէն քոզմոս բառը, որ ընդհանրապէս «աշխարհ» կը թարգմանուի, շատ անգամ կ’ակնարկէ մարդոց, մանաւանդ՝ անոնց, որոնք Աստուծոյ կամքին համաձայն չեն ապրիր (Յովհաննէս 15։18, 19. Բ. Պետրոս 2։5)։ Երբեմն քոզմոս բառը կ’ակնարկէ մարդկային ընկերութեան, որուն մէջ կ’իյնայ առեւտրական, քաղաքական եւ կրօնական աշխարհը (Ա. Կորնթացիս 7։31. Ա. Յովհաննէս 2։15, 16)a։

«Աշխարհիս վերջ»ը ի՞նչ է

«Աշխարհիս վերջ»ը արտայայտութիւնը, որ շատ անգամ կ’երեւի Աստուածաշունչի թարգմանութիւններուն մէջ, կրնայ թարգմանուիլ նաեւ՝ «դրութեան վերջ» կամ «դարաշրջանի աւարտ» (Մատթէոս 24։3)։ Ատիկա կ’ակնարկէ մարդկային ընկերութեան կործանումին, եւ ոչ թէ՝ երկրի կործանումին կամ բոլոր մարդոց ջարդին (Ա. Յովհաննէս 2։17)։

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ «չարագործները պիտի կորսուին», որ բարի մարդիկ կարենան կեանքը վայելել երկրի վրայ (Սաղմոս 37։9-11)։ Այս կործանումը տեղի պիտի ունենայ «մեծ նեղութեան» ժամանակ, որուն գագաթնակէտին՝ Արմագեդոն պատերազմը պիտի պայթի (Մատթէոս 24։21, 22. Յայտնութիւն 16։14, 16)։

Աշխարհը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ

Յիսուս ըսաւ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս» (Մատթէոս 24։36, 42)։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ որ վերջը անակնկալ կերպով պիտի գար, այսինքն՝ «այնպիսի ժամու մը» որ մէկը չի սպասեր (Մատթէոս 24։44)։

Ճիշդ է որ չենք գիտեր ճիշդ օրն ու ժամը, բայց Յիսուս տուաւ բաղադրեալ «նշան» մը, այսինքն՝ խումբ մը դէպքեր, որոնք պիտի սահմանէին այն ժամանակաշրջանը, որ պիտի առաջնորդէր աշխարհի վերջին (Մատթէոս 24։3, 7-14)։ Աստուածաշունչը այս ժամանակաշրջանը կը կոչէ «վերջին ժամանակը» եւ «վերջին օրերը» (Դանիէլ 12։4. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։

Աշխարհի վերջէն ետք, որեւէ բան պիտի մնա՞յ

Այո՛, երկիրը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ‘երկիրը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի չխախտի’ (Սաղմոս 104։5)։ Եւ երկիրը պիտի լեցուի մարդոցմով, ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը խոստանայ, երբ կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Աստուած երկրի վրայ պիտի բերէ այնպիսի պայմաններ, որոնք սկիզբէն իր նպատակն էին.

  • Դրախտ (Եսայի 35։1. Ղուկաս 23։43)։

  • Ապահովութիւն եւ բարգաւաճութիւն (Միքիա 4։4)։

  • Ամէն մարդու համար իմաստալից եւ գոհացուցիչ գործ (Եսայի 65։21-24)։

  • Հիւանդութենէ եւ ծերութենէ զերծ կեանք (Յոբ 33։25. Եսայի 33։24)։

Դրախտին մէջ, մարդիկ շատ աղուոր օր մը կ’անցընեն ծովեզերքը։

a Կարգ մը Աստուածաշունչերու մէջ, յունարէն է·օն բառն ալ կը թարգմանուի «աշխարհ»։ Այդ պարագային, է·օն բառը քոզմոս բառին նոյն իմաստը կը կրէ եւ կ’ակնարկէ մարդկային ընկերութեան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել