Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ18 թիւ 2 էջ 7
  • 4 Ներել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 4 Ներել
  • Զարթի՛ր 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
  • Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ
  • ‘Շարունակեցէք իրարու անհաշիւ ներել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային ներողամտութիւնը ընդօրինակել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Իրարու ներեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Իրարու ներենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2018
զ18 թիւ 2 էջ 7
Զոյգ մը միասին կը ջանան կրակը մարել

Ներելը կրնայ բռնկած վէճին կրակը մարել

ԿՈՂԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

4 Ներել

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Ներել կը նշանակէ՝ դիմացինին պատճառած վիրաւորանքն ու բարկութիւնը մէկ կողմ դնել։ Ներել չի նշանակեր եղած սխալը թեթեւի առնել կամ ձեւացնել որ չպատահեցաւ։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք» (Կողոսացիս 3։13, ՆԹ)։

«Երբ անձը կը սիրես, չես կեդրոնանար անոր սխալներուն վրայ, հապա՝ կը տեսնես թէ ինչպիսի՛ անձ մը կը ջանայ ըլլալ» (Արոն)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Դժգոհ մնալը կրնայ ոչ միայն ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն վնասել քեզի, հապա նաեւ կրնայ ամուսնութեանդ վնասել։

«Անգամ մը, ամուսինս բան մը ըրաւ որ շա՜տ վիրաւորեց զիս, բայց յետոյ ներողութիւն խնդրեց։ Ինծի համար դժուար էր իրեն ներել։ Ի վերջոյ ներեցի, բայց զղջացի որ աւելի կանուխ չառի այդ քայլը, քանի որ անտեղիօրէն ջղագրգիռ մնացինք» (Ճուլիա)։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՔՆՆԷ

Յաջորդ անգամ երբ կողակիցիդ ըսածը կամ ըրածը քեզ վիրաւորէ, դուն քեզի հարցուր.

  • ‘Չափէ դուրս զգայո՞ւն եմ’։

  • ‘Սխալը այնքան լո՞ւրջ է որ կողակիցս պէտք է ինձմէ ներողութիւն խնդրէ, թէ ոչ կրնա՛մ եղածը կռնակիս ետեւը նետել’։

ԱՍՈՆՔ ՔՆՆԱՐԿԷ ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ՀԵՏ

  • Ընդհանրապէս որքա՞ն ժամանակ կ’առնէ որ իրարու ներենք։

  • Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի իրարու աւելի շուտ ներենք։

ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

  • Երբ կողակիցէդ նեղանաս, մի՛ ենթադրեր որ անոր շարժառիթները գէշ են։

  • Ջանա՛ արդարացնել կողակիցիդ վարմունքը, յիշելով որ «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (Յակոբոս 3։2)։

«Իրարու ներելը դիւրին է, երբ երկուքս յանցաւոր կ’ըլլանք։ Աւելի դժուար է, երբ քու կարծիքովդ՝ միայն դիմացինն է յանցաւորը։ Մէկը պէտք է իրապէս խոնարհ ըլլայ, որ կարենայ ներել» (Քիմպըրլի)։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Շուտո՛վ համաձայնէ» (Մատթէոս 5։25, ԱԾ)։

Դժգոհ մնալը կրնայ ոչ միայն ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն վնասել քեզի, հապա նաեւ կրնայ ամուսնութեանդ վնասել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել