Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 3 էջ 4-5
  • Իրողութիւնները գիտցիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրողութիւնները գիտցիր
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խնդիրը
  • Սուրբ Գիրքէն սկզբունք
  • Իրողութիւնները գիտնալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ
  • Ի՞նչ կրնաս ընել
  • Նախապաշարումով վարակուա՞ծ ես
    Զարթի՛ր 2020
  • Կանխադատութիւնը համաշխարհային խնդիր մըն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ե՞րբ կանխադատութիւնը վերջ պիտի գտնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Սէր ցոյց տուր
    Զարթի՛ր 2020
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 3 էջ 4-5
Երկու տղամարդիկ կնոջ մը հետ գործի հարցազրոյց կ’ընեն ինքնաշարժի գործարանի մը մէջ։ Կինը ջղագրգիռ կ’երեւի։

Իրողութիւնները գիտցիր

Խնդիրը

Նախապաշարումը յաճախ սխալ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած կ’ըլլայ։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակները.

  • Կարգ մը գործատէրեր այն սխալ կարծիքը ունին, թէ կիները չեն կրնար ընել կարգ մը գիտական կամ գիտարուեստական գործեր։

  • Քաղաքացիները իրենց անգործութեան համար գաղթականները պատճառ կը բռնեն։

  • Շատեր սխալ կերպով կ’եզրակացնեն, թէ բոլոր անոնք, որոնք անկարողութիւն ունին, տխուր են կամ կեանքին հանդէպ դառնացած են։

Անոնք, որոնք ասանկ բաներու կը հաւատան, իրենց նախապաշարումին թիկունք կանգնող օրինակներ կը բերեն։ Եւ կը կարծեն, թէ ամէն ով որ իրենց հետ չի համաձայնիր, տգէտ է։

Սուրբ Գիրքէն սկզբունք

«Լաւ չէ անձի մը տգիտութիւնը» (ԱՌԱԿԱՑ 19։2, ԱԾ)։

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Առանց իրողութիւնները գիտնալու, սխալ որոշումներ կ’առնենք։ Եթէ սուտերու կը հաւատանք, եւ ոչ թէ իրողութիւններու, մարդոց մասին սխալ գաղափար պիտի կազմենք։

Աստուածաշունչը նախապաշարումին թիկունք կը կանգնի՞

Ոմանք կը պնդեն, թէ Աստուածաշունչը նախապաշարումին թիկունք կը կանգնի։ Բայց իրականութեան մէջ անիկա ի՞նչ կ’ըսէ։

  • Բոլոր մարդիկ ազգական են. Աստուած «միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ» (Գործք 17։26, ՆԹ)։

  • Աստուած անաչառ է. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։

  • Աստուած մէկու մը ներքին անձնաւորութեան վրայ կը կեդրոնանայ, եւ ոչ թէ երեւոյթին վրայ. «Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի» (Ա. Թագաւորաց 16։7)։

Իրողութիւնները գիտնալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ

Երբ մարդոց մասին իրողութիւնները գիտենք, աւելի քիչ հաւանական է, որ հաւատանք անոնց մասին տարածուած բայց սխալ ենթադրութիւններուն։ Եւ մէյ մը որ որոշ խումբի մը մասին ճշմարտութիւնը գիտնանք, հարցականի տակ պիտի առնենք ուրիշ խումբերու մասին մեր ըրած ենթադրութիւնները։

Փորձառութիւն մը. Եովիցա (Պալքանեան երկիրներ)

Այս յօդուածաշարքին մէջ նախապէս նշուած Եովիցան, պզտիկութենէն ի վեր իր հայրենակիցներէն, լուրերէն ու հեռատեսիլի յայտագիրներէն ժխտական բաներ լսած է որոշ փոքրամասնութեան մը մասին։ Ան կ’ըսէ. «Այդ մարդոց հանդէպ նախապաշարումով եւ նոյնիսկ ատելութեամբ լեցուեցայ։ Եւ կը խորհէի, թէ ամէն իրաւունք ունէի ատանկ զգալու։

«Սակայն, բանակին մէջ, ստիպուած էի այդ փոքրամասնութենէն եղող զինակիցներու հետ ապրիլ եւ աշխատիլ։ Ժամանակի ընթացքին, անոնց մասին աւելին գիտցայ։ Նոյնիսկ սկսայ անոնց լեզուն սորվիլ եւ անոնց ժողովրդական երգերը մտիկ ընել։ Սկսայ սիրել անոնց հետ ժամանակ անցընել եւ զիրենք ուրիշ աչքով դիտել։ Բայց տակաւին նախապաշարումի զգացումները կրնան ջուրին երեսը ելլել։ Ատոր համար, ականջ չեմ կախեր այնպիսի լուրերու, որոնք այդ փոքրամասնութեան մասին ժխտական տեսանկիւնէ կը խօսին։ Նաեւ, չեմ դիտեր ֆիլմեր կամ կատակերգութիւններ, որոնք զանոնք կը ծաղրեն։ Գիտեմ, որ նախապաշարումի զգացումները կրնան բարկութիւն եւ ատելութիւն յառաջ բերել»։

Ի՞նչ կրնաս ընել

  • Յիշէ, թէ որոշ խումբի մը մասին ընդհանուր կարծիքները այդ խումբի բոլոր անհատներուն չեն կիրարկուիր։

  • Ընդունէ, որ ուրիշներուն մասին ունեցած տեղեկութիւններդ կրնան սահմանափակ ըլլալ։

  • Ջանա՛ իրողութիւնները վստահելի աղբիւրէ մը առնել։

Անոնք յաղթեցին ատելութեան

1. Երկու տղամարդիկ կը քալեն եւ իրարու հետ կը խօսակցին։ 2. Անոնցմէ մէկը իր բարեկամներուն հետ է եւ կը ժպտայ։

Ի՞նչ բան արաբի մը եւ հրեայի մը օգնեց, որ նախապաշարումէն ձերբազատուին։

Դիտէ՛ Ե՞րբ սէրը պիտի յաղթէ ատելութեան վիտէոն։ Վերնագիրը փնտռէ jw.org կայքին վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել