Ուսումնասիրութիւն 9
Ձայներանգ
ՊԱՐԶ իմաստի շեշտ գործածելը կ’օգնէ ունկնդիրներուն որ հասկնան ձեր ըսածը։ Բայց երբ ձայնածաւալի, ձայնի արագութեան եւ ձայնաստիճանի այլազանութիւնը լաւ կերպով գործածէք, ներկաները շա՛տ աւելի հաճոյքով պիտի ունկնդրեն ձեր դասախօսութիւնը։ Ասկէ աւելի, անիկա ձեր ունկնդիրներուն ցոյց կրնայ տալ թէ ձեր ըսած բաներուն հանդէպ ի՛նչ է ձեր զգացումը։ Նիւթին հանդէպ ձեր կեցուածքը կրնայ ազդել անոր հանդէպ անոնց զգացումին։ Բեմէն խօսիք, թէ՝ դաշտի ծառայութեան մէջ անհատի մը, պարագան նոյնն է։
Մարդկային ձայնը հոյակապ գործիք մըն է, այլազան կարողութիւններով օժտուած։ Եթէ անիկա լաւ կերպով գործածուի, կրնայ կեանք տալ դասախօսութեան, սրտին դպչիլ, զգացումներ գրգռել եւ գործի մղել։ Սակայն ասիկա կարելի չէ իրագործել պարզապէս ձեր նոթերուն վրայ նշան դնելով, թէ ձեր ձայնածաւալը, ձայնի արագութիւնը կամ ձայնաստիճանը ո՛ւր պիտի փոխէք։ Այսպիսի յուշարարներու ընդառաջելով ձայնի մէջ եղանակաւորում դնելը արուեստական պիտի հնչէ։ Անիկա փոխանակ կեանք ու երանգ տալու ձեր ելոյթին, կրնայ անհանգստացնել ձեր ունկնդիրները։ Ձայներանգի պատշաճ գործածութիւնը սրտէն կը բխի։
Երբ իմաստուն կերպով գործածուի, ձայներանգը անտեղի ուշադրութիւն պիտի չհրաւիրէ դասախօսին վրայ։ Ընդհակառակը, անիկա ունկնդիրներուն պիտի օգնէ որ խօսուած նիւթին հոգիին թափանցեն։
Ձայնածաւալը Յարմարցուցէք։ Ձեր ձայնի արտայայտութիւնը այլազան ընելու կերպերէն մէկն է՝ ձայնածաւալի յարմարեցումը։ Բայց ասիկա միապաղաղօրէն ձայնածաւալը աւելցնելով կամ նուազեցնելով պէտք չէ ըլլայ։ Անիկա ձեր խօսքերուն իմաստը կրնայ խեղաթիւրել։ Եթէ շատ յաճախ բարձրացնէք ձեր ձայնածաւալը, անհաճելի տպաւորութիւն պիտի ձգէք։
Ձեր ձայնածաւալը նիւթին յարմար պէտք է ըլլայ։ Ձեր կարդացածը ըլլայ ստիպողական պատուէր մը՝ ինչպէս Յայտնութիւն 14։6, 7, կամ Յայտնութիւն 18։4–ը, թէ՝ զօրաւոր համոզումի արտայայտութիւն մը, ինչպէս Ելից 14։13, 14–ը, յանձնարարելի է որ ձեր ձայնածաւալը որոշ չափով բարձրացնէք։ Նմանապէս, եթէ խիստ դատապարտութիւն մը կը կարդաք Աստուածաշունչէն, ինչպէս՝ Երեմեայ 25։27-38–ն, ձեր ձայնածաւալը փոխելը կարգ մը արտայայտութիւններ միւսներէն ցցուն պիտի դարձնէ։
Նկատի առէք նաեւ ձեր նպատակը։ Ձեր ունկնդիրները գործի՞ կ’ուզէք մղել։ Ձեր ներկայացման գլխաւոր կէտերը աչքառո՞ւ կ’ուզէք դարձնել։ Խոհեմօրէն գործածուած աւելի բարձր ձայնածաւալ մը, այս նպատակները իրագործելու կը նպաստէ։ Սակայն, պարզապէս ձեր ձայնածաւալը բարձրացնելով ձեր նպատակին չէք հասնիր։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս ձեր ըսածը ջերմութիւն եւ զգացում կը պահանջէ քան՝ ձայնածաւալի բարձրացում։ Ասիկա նկատի պիտի առնենք Ուսումնասիրութիւն 11–ին մէջ։
Երբ խորատեսութեամբ գործածուի, ձայնածաւալի նուազում մը կրնայ ակնկալութիւն արթնցնել։ Բայց սովորաբար անոր պէտք է յաջորդէ աւելի ուժգին ձայնի թոն մը։ Ձայնը ցածցնելը՝ ապա անոր ուժգնութիւնը աւելցնելը, կը գործածուի մտահոգութիւն կամ վախ հաղորդելու համար։ Ձայնը ցածցնելը կրնայ նաեւ նշանակել որ ըսուածը երկրորդական կարեւորութիւն ունի, բաղդատած շուրջի ըսուածներուն հետ։ Բայց եթէ ձեր ձայնը միշտ ցած ըլլայ, ասիկա ձեր կողմէ անվստահութիւն, համոզումի պակաս, կամ ձեր նիւթին հանդէպ հետաքրքրութեան պակաս կրնայ հաղորդել։ Որոշ է ուրեմն, որ շատ մեղմ թոնը խոհեմօրէն պէտք է գործածուի։
Ձեր Ձայնի Արագութիւնը Փոխեցէք։ Առօրեայ խօսակցութեան մէջ բառերը մեր բերնէն ինքնաբերաբար կ’ելլեն, երբ մեր միտքը կ’արտայայտենք։ Երբ ջղագրգիռ ենք, աւելի արագ կը խօսինք։ Երբ կ’ուզենք որ ուրիշներ յիշեն ճիշդ ինչ որ կ’ըսենք, մեր խօսակցութիւնը աւելի կը դանդաղեցնենք։
Սակայն, բեմ բարձրացող սկսնակ դասախօսներէն քիչեր կրնան իրենց ձայնի արագութեան մէջ այլազանութիւն դնել։ Ինչո՞ւ։ Անոնք շա՛տ բծախնդրութեամբ կը պատրաստեն իրենց գործածելիք բառերը։ Թերեւս ամբողջ դասախօսութիւնը գրի կ’առնեն։ Նոյնիսկ երբ դասախօսութիւնը ընթերցանութեան կերպով չտան, բառերը գրեթէ գոց սորված կ’ըլլան։ Հետեւաբար, ամէն բան կշռուած ու չափուած արագութեամբ կը տրուի։ Ուրուագիծէ մը խօսիլ սորվիլը, այս տկարութիւնը յաղթահարելու կը նպաստէ։
Խուսափեցէք ձեր ձայնի արագութիւնը յանկարծ աւելցնելէ. անիկա պիտի նմանի հանդարտօրէն քալող կատուի մը որ շուն մը տեսնելով յանկարծ կը փախչի։ Իսկ բնա՛ւ այնքան արագ մի՛ խօսիք որ ձեր առոգանութիւնը անկէ վնասուի։
Ձեր ձայնի արագութեան մէջ այլազանութիւն դնելու համար, պարզապէս պարբերաբար ձեր խօսակցութիւնը մի՛ արագացնէք կամ դանդաղեցնէք։ Խօսելու այսպիսի ոճ մը փոխանակ օգտակար ըլլալու, անհատնե րուն ուշադրութիւնը պիտի շեղեցնէ ձեր ներկայացուցած նիւթէն։ Ձայնի արագութիւնը պէտք է յարմարի ձեր խօսքերուն, ձեր հաղորդել ուզած զգացումներուն ու ձեր նպատակին։ Ձեր դասախօսութիւնը տուէք չափաւոր արագութեամբ։ Ոգեւորում հաղորդելու համար, աւելի արագ խօսեցէք, ինչպէս կ’ընէք առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին։ Ասիկա յարմար է նաեւ երբ աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող կէտերու մասին կը խօսիք, կամ երբ դէպքեր կը պատմէք, որոնց մանրամասնութիւնները կենսական չեն։ Ասիկա այլազանութիւն պիտի տայ եւ ձեր դասախօսութիւնը շատ ծանր պիտի չթուի։ Միւս կողմէ, աւելի կշիռ ունեցող պատճառաբանութիւնները, գլխաւոր կէտերը եւ դասախօսութեան գագաթնակէտերը, սովորաբար աւելի դանդաղ արագութիւն կը պահանջեն։
Ձեր Ձայնաստիճանին Մէջ Այլազանութիւն Դրէք։ Երեւակայեցէք մէկը որ գրեթէ ժամ մըն է որ նուագարան մը կը նուագէ։ Այս ամբողջ տեւողութեան, ան միայն մէկ նոթի վրայ կեցած է՝ նախ բարձր, ապա մեղմ, երբեմն արագ եւ վերջը՝ դանդաղ։ Ձայնածաւալի ու արագութեան մէջ այլազանութիւն կայ, բայց ձայնաստիճանի այլազանութիւն չկայ. «երաժշտութիւն»ը շատ հաճելի չ’ըլլար։ Նմանապէս, առանց ձայնաստիճանի այլազանութեան, մեր ձայնը հաճելի պիտի չըլլայ ուրիշներու ականջին։
Պէտք է նշել որ ձայնաստիճանի փոփոխութիւնը նոյն ազդեցութիւնը չունի բոլոր լեզուներուն մէջ։ Ձայնային լեզուի մը մէջ՝ ինչպէս Չինարէնը, ձայնաստիճանի փոփոխութիւնը բառի մը իմաստը կրնայ փոխել։ Այսուհանդերձ, նոյնիսկ այսպիսի լեզուի մը մէջ կա՛ն բաներ զորս անհատ մը կրնայ ընել, իր ձայնային արտայայտութիւնները մեծապէս այլազան դարձնելու համար։ Ան կրնայ աշխատիլ իր ձայնի տարողութեան վրայ, միեւնոյն ատեն պահելով ձայնի այլազան թոներու յարաբերական մակարդակը։ Այս կերպով, ան կրնայ բարձր թոները աւելի բարձր, իսկ ցած թոները աւելի ցած ընել։
Ձայնային չեղող լեզուներուն մէջ իսկ, ձայնաստիճանի փոփոխութիւն մը կրնայ այլազան գաղափարներ հաղորդել։ Օրինակ, ձայնաստիճանի թեթեւ բարձրացում մը՝ ձայնածաւալի համեմատական յաւելումով՝ կրնայ գործածուիլ իմաստի շեշտին համար։ Կամ՝ ձայնաստիճանի փոփոխութիւն մը կրնայ չափ կամ հեռաւորութիւն նշելու միջոց մը ըլլալ։ Պարոյկ ունեցող բառ մը կը նշանակէ թէ հարցում մըն է եւ ձայնը պէտք է բարձրացնել։ Կարգ մը լեզուներ հարցումի պարագային ձայնը աւելի կ’իջեցնեն։
Ոգեւորութիւնն ու խանդավառութիւնը կարելի է ձայնաստիճանի բարձրացումով արտայայտել։ (Ձայնային լեզուի մը մէջ, թերեւս ասիկա ձայնի այլազան ելեւէջներ պահանջէ։) Վիշտն ու անձկութիւնը կրնան աւելի ցած ձայնաստիճան պահանջել։ (Կամ ձայնային լեզուի մը մէջ՝ աւելի նուազ ելեւէջներ։) Այս յիշուած յոյզերը կ’օգնեն որ դասախօսը ունկնդիրներուն սրտին դպչի։ Երբ կ’ուզէք զանոնք արտայայտել, պարզապէս բառեր մի՛ ըսէք։ Ձեր ձայնը այնպէս մը գործածեցէք որ ցոյց տայ թէ զանոնք կը զգաք ալ։
Հիմ մը Ձգել։ Արդ, ձայներանգը ե՞րբ կը սկսի։ Երբ ձեր դասախօսութեան նիւթը կ’ընտրէք։ Եթէ միայն առարկութիւն կամ յորդոր պիտի պարփակէք, ձեր զեկուցումին մէջ այլազանութիւն դնելու շատ առիթ պիտի չունենաք։ Ուստի ձեր ուրուագիծը վերլուծեցէք եւ վստահ եղէք որ հարկ եղած տարրերը ունիք երանգաւոր եւ տեղեկատու ներկայացման մը համար։
Ենթադրենք որ ձեր դասախօսութեան կիսուն կը զգաք որ աւելի մեծ այլազանութիւն պէտք է դնէք, քանի որ ձեր ներկայացումը դանդաղ կ’ընթանայ։ Ի՞նչ կրնաք ընել։ Ձեր նիւթին ներկայացման կերպը փոխեցէք։ Ի՞նչպէս։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է Աստուածաշունչը բանալ, հրաւիրել որ ունկնդիրներն ալ իրենց Աստուածաշունչերը բանան, եւ անկէ համար մը կարդալ՝ փոխանակ խօսելու։ Կամ՝ կարգ մը նախադասութիւններ հարցումի վերածեցէք, շեշտելու համար դադար գործածելով։ Պարզ օրինակ մը ներմուծեցէք։ Փորձառու դասախօսներ այս ճարտար կերպերը կը գործածեն։ Բայց որքան ալ փորձառու ըլլաք, կրնաք նոյն գաղափարները գործածել, երբ ձեր նիւթը կը պատրաստէք։
Կրնանք ըսել որ ձայներանգը դասախօսութեան մը համեմն է։ Եթէ շիտակ տեսակը եւ շիտակ չափով գործածուի, անիկա ձեր նիւթին համ պիտի տայ եւ զայն ձեր ունկնդիրներուն հաճելի պիտի դարձնէ։