Ուսումնասիրութիւն 21
Համարները Պատշաճ Շեշտով Կարդացուած
ԵՐԲ ուրիշներուն կը խօսիք Աստուծոյ նպատակներուն մասին, ըլլայ առանձնապէս թէ բեմէն, ձեր քննարկումը Աստուծոյ Խօսքին բովանդակութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ։ Ասիկա սովորաբար Աստուածաշունչէն համարներ կարդալ կը պարփակէ, զոր լաւ կերպով պէտք է ընել։
Պատշաճ Շեշտը՝ Զգացում կը Պարփակէ։ Համարները զգացումով պէտք է կարդացուին։ Քանի մը օրինակներ նկատի առնենք։ Երբ բարձրաձայն կը կարդաք Սաղմոս 37։11–ը, ձեր ձայնը պէտք է հաղորդէ հոն խոստացուած խաղաղութեան ուրախ ակնկալութիւնը։ Երբ տառապանքի ու մահուան վախճանին մասին կը կարդաք Յայտնութիւն 21։4–ը, ձեր ձայնը ջերմ գնահատութիւն պէտք է արտացոլացնէ նախագուշակուած հոյակապ ամոքումին հանդէպ։ Յայտնութիւն 18։2, 4, 5–ը, որ մեղքով ծանրաբեռնուած «Մեծ Բաբելոն»էն դուրս ելլելու կոչ մը կ’ընէ, ստիպողականութեան թոնով պէտք է կարդացուի։ Անշուշտ, արտայայտուած զգացումը սրտէն պէտք է բխի, բայց՝ առանց չափազանցութեան։ Յոյզին պատշաճ չափը կախեալ է համարէն եւ անոր գործածութեան կերպէն։
Շիտակ Բառերը Շեշտեցէք։ Եթէ որոշ համարի մը մասին ձեր տուած բացատրութիւնը անոր միայն մէկ մասին վրայ հիմնուած է, համարը կարդալու ժամանակ՝ այդ մասը պէտք է ցցուն ընէք։ Ենթադրենք թէ Մատթէոս 6։33–ը կը կարդաք. եթէ մտադրած էք «առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը» արտայայտութիւնը վերլուծել, գլխաւոր շեշտը պիտի չդնէք՝ «անոր արդարութիւնը» կամ «այդ բոլոր բաներ»ը խօսքերուն վրայ։
Ծառայութեան Ժողովին մէջ ձեր բաժնին մէջ թերեւս որոշած էք կարդալ Մատթէոս 28։19–ն։ Ո՞ր բառերը պէտք է շեշտէք։ Եթէ կ’ուզէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար ջանադիր ըլլալու քաջալերութիւն տալ, շեշտը դրէք՝ «աշակերտեցէք» բառին վրայ։ Իսկ եթէ ծրագրած էք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գաղթականներու հետ բաժնելու Քրիստոնեային պատասխանատուութեան մասին խօսիլ, կամ կ’ուզէք կարգ մը հրատարակիչներ քաջալերել որ ծառայեն հո՛ն ուր աւելի մեծ կարիք կայ, պէտք է շեշտէք՝ «բոլոր ազգերը» արտայայտութիւնը։
Յաճախ, համար մը կը գործածուի հարցումի մը պատասխանելու, կամ ուրիշներու կողմէ հակաճառելի թուող պատճառաբանութեան մը թիկունք կանգնելու համար։ Եթէ համարին մէջի բոլոր բառերը հաւասարապէս շեշտուին, ձեր ունկնդիրները կապը պիտի չտեսնեն։ Այդ կէտը կրնայ բացայայտ ըլլալ ձեզի, բայց ո՛չ՝ իրենց։
Օրինակ, երբ Սաղմոս 83։18–ն կը կարդաք Աստուածաշունչէ մը, որուն մէջ աստուածային անունը կայ, եթէ ամէն շեշտը դնէք «Բարձրեալ» բառին վրայ, տանտէրը կրնայ չնկատել այն բացայայտ իրողութիւնը թէ Աստուած անձնական անուն մը ունի։ Պէտք է շեշտէք «Եհովա» անունը։ Սակայն, երբ այդ նոյն համարը կը գործածէք Եհովայի գերիշխանութեան մասին խօսելու համար, գլխաւոր շեշտը պէտք է դնէք՝ «Բարձրեալ» բառին վրայ։ Նմանապէս, երբ Յակոբու 2։24–ը կը գործածէք, ցոյց տալու համար որ հաւատքը իր հետ գործ պէտք է ունենայ, եթէ շեշտը փոխանակ «գործերով» բառին վրայ դնելու, «կ’արդարանայ» բառին վրայ դնէք, ձեզի մտիկ ընողներէն ոմանք կէտը պիտի չհասկնան։
Ուրիշ օգտակար օրինակ մը կը գտնենք Հռովմայեցիս 15։7-13–ի մէջ։ Ասիկա մաս կը կազմէ նամակի մը, որ Պօղոս առաքեալ գրեց հեթանոսութենէ դարձած անհատներէ ու Հրեաներէ բաղկացած ժողովքի մը։ Հոս առաքեալը կը պատճառաբանէ որ Քրիստոսի ծառայութիւնը ո՛չ միայն թլփատուած Հրեաներուն կը նպաստէ, այլ նաեւ ուրիշ ազգերու պատկանողներու, որպէսզի «հեթանոսները ողորմութեան համար Աստուած փառաւորեն»։ Ապա Պօղոս կը մէջբերէ չորս համարներ, ազգերուն ունեցած այդ պատեհութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար։ Այս մէջբերումները ի՞նչպէս պէտք է կարդաք, որպէսզի Պօղոսի ի մտի ունեցած կէտը շեշտէք։ Եթէ շեշտուելիք արտայայտութիւնները կը նշէք, 9–րդ համարին մէջ պէտք է ընդգծէք՝ «ազգերուն», 10–րդ համարին մէջ՝ «ո՛վ ազգեր», 11–րդ համարին մէջ՝ «ո՛վ բոլոր ազգեր» եւ «ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ», իսկ 12–րդ համարին մէջ՝ «ազգերուն» եւ «ազգերը»։ Փորձեցէք Հռովմայեցիս 15։7-13–ը այս շեշտով կարդալ։ Մինչ ասիկա կ’ընէք, Պօղոսի ամբողջ պատճառաբանութեան եզրը աւելի յստակ եւ դիւրըմբռնելի պիտի դառնայ։
Շեշտի Կերպեր։ Միտք պարունակող բառերը, զորս կ’ուզէք ցցուն ընել, այլազան կերպերով կրնաք շեշտել։ Ձեր գործածած միջոցը համարին եւ ընդհանուր դասախօսութեան բովանդակութեան հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլայ։ Ահաւասիկ քանի մը թելադրութիւններ։
Ձայնի շեշտ։ Ասոր մէջ կ’իյնայ ձայնի որեւէ փոփոխութիւն, որ միտք պարունակող բառերը մնացեալ նախադասութենէն ցցուն կ’ընէ։ Շեշտադրութիւնը կրնայ իրագործուիլ ձայնածաւալի փոփոխութեամբ. զայն կա՛մ բարձրացնելով եւ կամ ցածցնելով։ Շատ մը լեզուներու մէջ, ձայնաստիճանի փոփոխութիւնը շեշտը կ’աւելցնէ։ Բայց կարգ մը լեզուներու մէջ, այդ փոփոխութիւնը ամբողջովին իմաստը կրնայ փոխել։ Երբ գլխաւոր արտայայտութիւններուն համար աւելի դանդաղ արագութիւն մը գործածուի, ասիկա կշիռ կու տայ անոնց։ Այն լեզուները, որոնց մէջ ձայնի շեշտ թոյլատրելի չէ որոշ բառեր շեշտելու համար, նոյն արդիւնքին հասնելու համար այդ լեզուին մէջ ինչ որ սովորական է, զայն պէտք է ընէք։
Դադար։ Ասիկա կարելի է ընել համարի մը գլխաւոր մասը կարդալէն առաջ կամ վերջ, կամ երկու պարագային ալ։ Գլխաւոր միտք մը կարդալէ առաջ դադար մը ընելը ակնկալութիւն կ’արթնցնէ. անկէ ետք դադար ընելը, ձգուած տպաւորութիւնը կը խորացնէ։ Սակայն եթէ շատ դադարներ գործածենք, որեւէ բան ցցուն պիտի չըլլայ։
Կրկնում։ Մասնայատուկ կէտ մը կրնաք շեշտել ձեր ընթերցանութիւնը ընդհատելով եւ անգամ մը եւս կարդալով բառը կամ խօսքը։ Նախընտրելի եղող կերպ մըն է՝ համարը ամբողջացնել, ապա կրկնել գլխաւոր արտայայտութիւնը։
Շարժուձեւեր։ Մարմնի շարժումը, ինչպէս նաեւ դէմքի արտայայտութիւնը կրնան յաճախ բառի մը կամ խօսքի մը մէջ աւելի զգացում դնել։
Ձայնի թոնը։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, երբեմն բառերը պէտք է կարդացուին թոնով մը որ անոնց իմաստին կ’ազդէ եւ զանոնք կը մասնաւորէ։ Ասոր մէջ ալ զգոյշ պէտք է ըլլալ, մանաւանդ հեգնանքի պարագային։
Երբ Ուրիշներ Համարներ կը Կարդան։ Երբ տանտէր մը համար մը կը կարդայ, ան կրնայ սխալ բառ մը շեշտել եւ կամ բնաւ շեշտ չդնել։ Այդ պարագային ի՞նչ կրնաք ընել։ Ընդհանրապէս լաւագոյն բանն է իմաստը յստակացնել, համարներուն կիրարկումը ընելով։ Կիրարկումը ընելէն ետք, մասնայատուկ ուշադրութիւն կրնաք դարձնել ուղղակիօրէն Աստուածաշունչին միտք հաղորդող բառերուն վրայ։