Ուսումնասիրութիւն 31
Ուրիշներու Հանդէպ Յարգանք Ցոյց Տալ
ՍՈՒՐԲ Գիրքը մեզի կ’ըսէ որ ‘ամէնքը պատուենք’ եւ ‘ոեւէ մէկուն մասին չարախօսութիւն չընենք’։ (Ա. Պետ. 2։17. Տիտ. 3։2, Երուսաղէմ) Արդարեւ, մեր հանդիպած իւրաքանչիւր անհատ «Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած» է։ (Յակ. 3։9) Իւրաքանչիւր անհատ մէկն է, որուն համար Քրիստոս մեռած է։ (Յովհ. 3։16) Իսկ բոլորն ալ պէտք է լսեն բարի լուրը, որպէսզի անոր համաձայն վարուին ու փրկուին։ (Բ. Պետ. 3։9) Ոմանք որակումներ կամ հեղինակութիւն ունին եւ մասնաւոր նկատողութեան արժանի են։
Կարգ մը անհատներ ինչո՞ւ կը զլանան Աստուածաշունչի քաջալերած յարգանքը ցոյց տալու։ Թերեւս տեղական մշակոյթը կ’որոշէ թէ որոնք յարգանքի արժանի են իրենց դասակարգին, գոյնին, սեռին, առողջութեան, տարիքին, հարստութեան կամ ընկերային մակարդակին համար։ Կառավարական պաշտօնեաներու համատարած փտածութիւնը՝ հեղինակութեանց հանդէպ յարգանքը կորսուելուն պատճառ եղած է։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ շատ դժգոհ են իրենց վիճակէն. թերեւս կեանքի զուտ անհրաժեշտ բաները ունենալու համար երկար ժամեր կ’աշխատին եւ շրջապատուած են անհատներով, որոնք յարգանք ցոյց չեն տար։ Պատանիներ իրենց նմաններէն ճնշումի տակ կու գան, որպէսզի ըմբոստանան անժողովրդական ուսուցիչներու եւ ուրիշ հեղինակաւոր անձնաւորութեանց դէմ։ Շատեր կ’ազդուին հեռատեսիլէն իրենց տեսած երախաներէն, որոնք շատ չարաճճի են եւ իրենց ծնողներուն վրայ կ’իշխեն։ Ջանք կը պահանջուի, որպէսզի այսպիսի աշխարհային գաղափարներ ուրիշներու հանդէպ մեր ունեցած յարգանքին չազդեն։ Սակայն, երբ մարդոց պէտք եղած պատիւը տանք, ասիկա մթնոլորտ մը կը յառաջացնէ, որուն մէջ գաղափարներու փոխանակումի աւելի կարելիութիւն կ’ըլլայ։
Յարգալից Մօտեցում։ Կրօնական գործով զբաղող անհատէ մը կ’ակնկալուի որ յարգանք ցոյց տայ՝ պատշաճ կերպով հագուելով ու վարուելով։ Պատշաճ երեւոյթը վայրէ վայր կրնայ տարբերիլ։ Ոմանք անյարգալից կը նկատեն գլխարկը գլուխը կամ ձեռքը գրպանը դրած՝ անհատի մը մօտենալը։ Ուրիշ շրջանի մը մէջ ասիկա կրնայ ընդունելի ըլլալ։ Տեղական զգացումները նկատի առէք, որպէսզի ոեւէ մէկը չվիրաւորէք։ Այսպէս վարուիլը ձեզի կ’օգնէ որ խուսափիք որեւէ բանէ որ կրնայ բարի լուրը ազդու կերպով ուրիշներու գիտցնելու արգելք ըլլալ։
Նոյնը կիրարկելի է երբ ուրիշներու՝ մանաւանդ տարեցներու հետ կը խօսինք։ Սովորաբար անպատկառութիւն կը նկատուի, երբ պատանիներ անունը տալով խօսին չափահասներուն հետ, ի բացառեալ երբ իրենք կ’արտօնեն ասիկա։ Կարգ մը տեղեր չափահասներն ալ պէտք է զգուշանան օտարներուն հետ խօսելէ իրենց անունը տալով։ Նաեւ, շատ լեզուներու մէջ «դուք» դերանունը կը գործածուի, տարեց կամ հեղինակաւոր անհատի մը հանդէպ յարգանք ցոյց տալու համար։
Յարգալից Նկատառութիւն։ Պզտիկ համայնքներու մէջ, կ’ակնկալուի որ թէ՛ փողոցին մէջ եւ թէ սենեակ մը մտնելու ատեն ձեր հանդիպած անհատին հանդէպ նկատառու ըլլաք։ Ասիկա կ’իրագործուի պարզ բարեւով մը, ժպիտով մը, գլխու շարժումով մը, կամ նոյնիսկ ձեր յօնքերը բարձրացնելով։ Դիմացի անհատը չտեսնելու գալը անյարգալից կը նկատուի։
Սակայն ոմանք իրենք զիրենք անտեսուած կը զգան, նոյնիսկ երբ իրենց ներկայութեան անդրադառնաք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրենց կարծիքով անհատապէս կարեւորութիւն չտուիք իրենց։ Սովորական բան մըն է որ մարդիկ ֆիզիքական որոշ յատկանիշի մը համաձայն դասակարգերու բաժնուին։ Յաճախ մարդիկ հեռու կը կենան հաշմանդամութիւն եւ առողջապահական խնդիրներ ունեցող անհատներէ։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս սիրով ու յարգանքով վարուինք այսպիսի անհատներու հետ։ (Մատթ. 8։2, 3) Բոլորս ալ Ադամական մեղքի մեր ժառանգութենէն կերպով մը ազդուած ենք։ Դուք յարգուած պիտի զգայի՞ք, երբ մարդիկ միշտ ձեզ մատնանշէին ձեր թերութիւններով։ Պիտի չնախընտրէի՞ք որ անոնք ձեզ ճանչնային ձեր բազմաթիւ դրական յատկութիւններով։
Յարգանքը կը պարփակէ նաեւ գլխաւորութիւնը ընդունիլ։ Կարգ մը շրջաններու մէջ անհրաժեշտ է որ տան գլուխին հետ խօսուի, ընտանիքի միւս անդամներուն վկայելէ առաջ։ Թէեւ քարոզելու եւ սորվեցնելու մեր յանձնարարութիւնը Եհովայէ կու գայ, բայց կ’ընդունինք որ Աստուած ծնողներուն տուած է իրենց զաւակները մարզելու, կրթելու եւ առաջնորդելու հեղինակութիւնը։ (Եփ. 6։1-4) Ուստի, երբ տուն մը կ’այցելէք, սովորաբար նախընտրելի է նախ ծնողներուն հետ խօսիլ, զաւակներուն հետ երկար զրոյց մը սկսելէ առաջ։
Տարիքը իր հետ կեանքի փորձառութիւն կը բերէ, որուն հանդէպ նկատառու պէտք է ըլլանք։ (Յոբ. 32։6, 7) Ասոր գիտակցիլը օգնեց Սրի Լանքացի ռահվիրայ քրոջ մը, որ տարեց մարդու մը այցելեց։ Ան նախ քրոջ այցելութեան դէմ առարկեց, ըսելով. «Քեզի պէս երիտասարդուհի մը ի՞նչպէս կրնայ ինծի Աստուածաշունչը սորվեցնել»։ Բայց քոյրը պատասխանեց. «Իրականութեան մէջ ես ձեզի սորվեցնելու չեմ եկած, հապա եկած եմ ձեզի հետ բաժնելու բան մը որ ես սորված եմ եւ ա՛յնքան ուրախացած եմ, որ կ’ուզեմ ուրիշներուն պատմել»։ Ռահվիրային յարգալից պատասխանը մարդուն հետաքրքրութիւնը արթնցուց։ Ան հարցուց. «Ըսէ տեսնեմ ի՛նչ սորված ես»։ «Սորվեցայ ի՛նչպէս կրնամ յաւիտեան ապրիլ», ըսաւ քոյրը։ Տարեց մարդը սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Բոլոր տարեցները չեն արտայայտուիր որ կը փափաքին այսպիսի յարգանք վայելել, բայց անշուշտ շատեր պիտի գնահատեն ասիկա։
Սակայն երբեմն կարելի է քիչ մը չափազանցուած կերպով յարգանքի արտայայտութիւններ գործածել։ Խաղաղական կղզիներուն մէջ եւ այլուր, գիւղին կամ ցեղախումբի մը գլխաւորին մօտենալու ատեն յարգանքի սովորական արտայայտութիւնները կրնան Վկաներուն օգնել, որ լսող ականջներ գտնեն եւ առիթ ունենան խօսելու թէ՛ գլխաւորներուն եւ թէ անոնց հեղինակութեան ներքեւ եղողներուն։ Բայց շողոքորթութիւնը ո՛չ անհրաժեշտ է, ո՛չ ալ յարմար։ (Առ. 29։5) Նոյն կերպով, լեզու մը կրնայ յարգանքի արտայայտութիւններ ունենալ, որպէս քերականութեան մէկ մասը, բայց քրիստոնէական յարգանքը չի պահանջեր որ անոնք չափազանցուին։
Յարգալից Խօսելակերպ։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ որ «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ» մեր յոյսին պատճառը բացատրենք։ (Ա. Պետ. 3։15) Ուստի, թէեւ կրնանք արագօրէն երեւան հանել դիմացի անհատին տեսակէտին մէջի սխալները, բայց իմաստութի՞ւն է ասիկա ընել անոր արժանապատուութիւնը վիրաւորելով։ Աւելի լաւ չըլլա՞ր համբերութեամբ մտիկ ընել, թերեւս հարցնելով թէ ինչո՛ւ այդպէս կը խորհի, ապա իր զգացումները հաշուի առնել, մինչ Սուրբ Գրքով կը պատճառաբանենք։
Երբ բեմէն կը խօսիք, դէմ դիմաց խօսակցութիւններուն մէջ ցոյց տրուած յարգանքը հոն ալ բացայայտ պէտք է ըլլայ։ Դասախօս մը որ կը յարգէ իր ունկնդիրները, բրտօրէն չի քննադատեր զանոնք, ոչ ալ այնպիսի կեցուածք մը կը ցուցաբերէ, որպէս թէ ըսել կ’ուզէ. «Եթէ ի՛րապէս ուզէք՝ կրնաք ասիկա ընել»։ Այսպէս խօսիլը միայն կը վհատեցնէ դիմացինները։ Որքա՜ն նախընտրելի է ունկնդիրները նկատել որպէս Եհովան սիրող եւ իրեն ծառայել ուզող մարդոց հաւաքականութիւն մը։ Յիսուսը ընդօրինակելով, պէտք է հասկացողութիւն ցոյց տանք, երբ հոգեւորապէս տկար, նուազ փորձառու, կամ Աստուածաշունչի խրատը կիրարկելու մէջ աւելի դանդաղ եղողներու հետ գործ կ’ունենանք։
Ունկնդիրները պիտի զգան որ դասախօսը զիրենք կը յարգէ, երբ Աստուծոյ Խօսքը աւելի լիակատար կերպով կիրարկելու կարիք ունեցողներուն մէջ ինքզինքն ալ դնէ։ Հետեւաբար, երբ համարներու կիրարկումը կ’ընէք, նախընտրելի է զգուշանալ «դուք» անձնական դերանունը գործածելէ։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, հետեւեալ երկու հարցումներուն տարբերութիւնը. «Ձեր ամէն կարելին կ’ընէ՞ք», եւ՝ «Լաւ է որ ամէն մէկս մենք մեզի հարց տանք. ‘Ես ամէն կարելիս կ’ընե՞մ’»։ Իւրաքանչիւր հարցումին կէտը նոյնն է, բայց առաջինին մէջ դասախօսը ինքզինք իր ունկնդիրներուն մակարդակին չի դներ։ Երկրորդը կը քաջալերէ իւրաքանչիւրը, մէջը ըլլալով դասախօսը, որ իր անձնական կացութիւնը եւ իր շարժառիթները վերլուծէ։
Պարզապէս ունկնդիրները խնդացնելու համար սրամիտ խօսքեր ըսելու փորձութեան դէմ դրէք։ Ասիկա Աստուածաշունչի պատգամին արժէքը կը նսեմացնէ։ Ճիշդ է որ Աստուծոյ ծառայութենէն հաճոյք պէտք է առնենք։ Կրնայ ըլլալ որ նոյնիսկ մեզի նշանակուած նիւթին կարգ մը մասերը որոշ չափով զաւեշտական են։ Բայց լուրջ նիւթերը ծիծաղելի նիւթերու վերածելը՝ ունկնդիրներուն հանդէպ եւ Աստուծոյ հանդէպ յարգանքի պակաս ցոյց կու տայ։
Մեր մերձեցումը, մեր վերաբերմունքը, եւ մեր խօսակցութիւնը թող միշտ ցոյց տան, թէ մենք մարդիկը կը նկատենք այնպէս՝ ինչպէս Եհովան մեզի սորվեցուցած է որ նկատենք։