Ուսումնասիրութիւն 47
Օժանդակ Պիտոյքներու Ազդու Գործածութիւն
ՁԵՐ ուսուցումին մէջ օժանդակ պիտոյքներ գործածելուն օգուտը ի՞նչ է։ Անիկա ձեր ուսուցումը աւելի ազդեցիկ կը դարձնէ։ Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս օժանդակ պիտոյքներ գործածեցին. կրնանք իրենցմէ սորվիլ։ Երբ օժանդակ պիտոյքներուն ընկերակցի խօսակցութիւնը, տեղեկութիւնը երկու զգայարանքներով կ’ընկալուի։ Ասիկա կ’օգնէ որ ձեր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը վառ պահուի եւ ձգուած տպաւորութիւնը աւելի զօրաւոր ըլլայ։ Օժանդակ պիտոյքները ի՞նչպէս կրնաք պարփակել բարի լուրի ձեր ներկայացման մէջ։ Ի՞նչպէս կրնաք վստահ ըլլալ որ զանոնք ազդու կերպով կը գործածէք։
Մեծագոյն Ուսուցիչները Ի՛նչպէս Օժանդակ Պիտոյքներ Գործածեցին։ Եհովա կենսական դասեր սորվեցնելու համար անմոռանալի օժանդակ պիտոյքներ գործածեց։ Գիշեր մը, ան Աբրահամը դուրս հանեց եւ ըսաւ. «Հիմա դէպի երկինք նայէ ու աստղերը համրէ, եթէ զանոնք համրել կրնաս։ . . . Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ»։ (Ծննդ. 15։5) Թէեւ մարդկային հայեցակէտով՝ խոստացուածը անկարելի կը թուէր, բայց Աբրահամ խորապէս ազդուեցաւ եւ հաւատաց Եհովայի։ Ուրիշ առիթով մը, Եհովա բրուտի մը տունը ղրկեց Երեմիան եւ ըսաւ որ բրուտին աշխատանոցը մտնէր եւ կաւին ձեւ տալը դիտէր։ Մարդոց վրայ Ստեղծիչին ունեցած հեղինակութեան ի՜նչ անմոռանալի դաս մը։ (Երեմ. 18։1-6) Իսկ Յովնան ի՞նչպէս կրնար մոռնալ ողորմութեան այն դասը, զոր Եհովա սորվեցուց իրեն դդմենի մը գործածելով։ (Յովն. 4։6-11) Եհովա նոյնիսկ իր մարգարէներուն ըսաւ որ կարգ մը յարմար իրեր գործածելով՝ մարգարէական պատգամներ խաղարկեն։ (Գ. Թագ. 11։29-32. Երեմ. 27։1-8. Եզեկ. 4։1-17) Խորանին ու տաճարին երեսակներն ալ օրինակներ էին, որոնք երկնային իրողութիւններ հասկնալու կը նպաստէին։ (Եբր. 9։9, 23, 24) Աստուած բազմաթիւ տեսիլքներ ալ գործածեց, կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցելու համար։—Եզեկ. 1։4-28. 8։2-18. Գործք 10։9-16. 16։9, 10. Յայտ. 1։1
Յիսուս ի՞նչպէս օժանդակ պիտոյքներ գործածեց։ Երբ Փարիսեցիներն ու Հերովդէսեանները փորձեցին խօսքով որոգայթի մէջ ձգել Յիսուսը, ան դահեկան մը ուզեց, եւ մետաղադրամին վրայի Կայսրին պատկերին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց։ Ապա բացատրեց որ Կայսրին պատկանած բաները պէտք էր Կայսրին տալ, իսկ Աստուծոյ պատկանած բաները՝ Աստուծոյ։ (Մատթ. 22։19-21) Մեր ամբողջ ունեցածով Աստուած պատուելու մասին դաս մը տալու համար, Յիսուս տաճարին մէջ աղքատ որբեւայրի մը մատնանշեց, որուն նուիրատուութիւնը՝ երկու լումայ՝ իր ամբողջ ապրուստն էր։ (Ղուկ. 21։1-4) Ուրիշ առիթով մը, ան մանուկ մը գործածեց՝ խոնարհութեան ու փառասիրութենէ զերծ ըլլալու որպէս օրինակ։ (Մատթ. 18։2-6) Ան անձամբ խոնարհութեան իմաստն ալ ցոյց տուաւ, իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով։—Յովհ. 13։14
Օժանդակ Պիտոյքներ Գործածելու Կերպեր։ Մենք հաղորդակցելու համար տեսիլքներ չենք կրնար գործածել, ինչպէս Եհովան ըրաւ։ Սակայն Եհովայի Վկաներու գրականութիւններուն մէջ միտք գրգռող բազմաթիւ պատկերներ կան։ Զանոնք գործածեցէք հետաքրքրուած մարդոց օգնելու որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ խոստացուած երկրային Դրախտը մտապատկերեն։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մը ընթացքին, աշակերտին ուշադրութեան կրնաք յանձնել պատկեր մը, որ ձեր ուսումնասիրած կէտին հետ կապ ունի եւ իրմէ խնդրել որ իր տեսած բանին մասին բացատրութիւն տայ։ Ուշադրութեան արժանի է որ Ամովսին կարգ մը տեսիլքներ տրուելէ ետք, Եհովա հարցուց. «Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։ (Ամովս. 7։7, 8. 8։1, 2) Դուք ալ նման հարցումներ կրնաք հարցնել, մարդոց ուշադրութեան յանձնելով պատկերներ, որոնք ուսուցանելու համար որպէս օժանդակ պիտոյքներ կը ծառայեն։
Եթէ հաշիւները գրաւոր կերպով ներկայացնէք, կամ ժամանակագրական ցուցակ մը գործածէք, որ յատկանշական դէպքերուն հերթականութիւնը ցոյց կու տայ, ասիկա մարդոց կ’օգնէ որ աւելի դիւրաւ հասկնան կարգ մը մարգարէութիւններ, ինչպէս՝ Դանիէլ 4։16–ի «եօթը ժամանակներ»ը եւ Դանիէլ 9։24–ի «եօթանասուն եօթնեակներ»ը։ Այսպիսի օժանդակ պիտոյքներ կրնաք գտնել մեր գրականութիւններէն շատերուն մէջ։
Ձեր Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան մէջ խորանը, Երուսաղէմի տաճարը եւ Եզեկիէլի տեսլական տաճարը, կամ նոյնանման բաներ քննարկելը աւելի դիւրահասկնալի կ’ըլլայ եթէ պատկեր մը կամ ուրուագիր մը գործածէք։ Այսպիսի բաներ կրնաք գտնել Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գրքին, Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն՝ Վերագրումներով–ի յաւելուածականին եւ Դիտարան–ի շատ մը թիւերուն մէջ։
Երբ ընտանեօք Աստուածաշունչ կը կարդաք, քարտէսներ գործածեցէք։ Ուր քաղաքէն մինչեւ Խառան եւ անկէ Բեթէլ Աբրահամի ուղեւորութեան քայլ առ քայլ հետեւեցէք։ Եգիպտոսէն Խոստացեալ Երկիրը երթալու համար Իսրայէլ ազգին առած ճամբան քննեցէք։ Իսրայէլի իւրաքանչիւր ցեղին տրուած ժառանգութեան շրջանը գտէք։ Սողոմոնի իշխանութեան տարածքը նկատի առէք։ Հետեւեցէք Եղիայի առած ճամբուն, երբ Յեզաբէլի սպառնալիքին պատճառաւ Յեզրայէլէն փախաւ ու Բերսաբէէէն անդին գտնուող անապատը գնաց։ (Գ. Թագաւորաց 18։46–19։4) Յիսուսի քարոզած քաղաքներն ու գիւղաքաղաքները գտէք։ Գործք Առաքելոցի մէջ նկարագրուած Պօղոսի ճամբորդութիւններուն հետեւեցէք։
Օժանդակ պիտոյքները օգտակար են, երբ աշակերտներուն կը ծանօթացնէք ժողովքին գործունէութիւնները։ Ձեր աշակերտին կրնաք տպուած յայտագիր մը ցոյց տալ եւ բացատրել թէ ի՛նչպիսի տեղեկութիւններ կը քննարկենք մեր համաժողովներուն։ Շատեր ազդուած են Թագաւորութեան Սրահը կամ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղ մը այցելելով։ Ասիկա մեր գործին ու անոր նպատակին մասին կայացուած սխալ տեղեկութիւնները փարատելու ազդու կերպ մը կրնայ ըլլալ։ Երբ անհատը Թագաւորութեան Սրահին կը ծանօթացնէք, նշեցէք թէ անիկա ի՛նչպէս կը տարբերի պաշտամունքի ուրիշ վայրերէն։ Անոր ուշադրութեան յանձնեցէք թէ անիկա ուսուցումի համեստ վայր մըն է։ Ցոյց տուէք մանաւանդ մեր հանրային ծառայութեան հետ կապ ունեցող մարզերը՝ գրականութիւն բաշխելու տեղը, թաղամասի քարտէսները եւ նուիրատուութեան տուփերը (փոխանակ հանգանակութեան ամաններու)։
Հոն ուր Կառավարիչ Մարմինի հովանաւորութեամբ պատրաստուած պատկերիզներ մատչելի են, զանոնք գործածեցէք Աստուածաշունչի հանդէպ վստահութիւն կերտելու, աշակերտները Եհովայի Վկաներու գործունէութեան ծանօթացնելու եւ դիտողները Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ ապրելու քաջալերութիւն տալու համար։
Աւելի Մեծ Խումբերու Համար Օժանդակ Պիտոյքներու Գործածութիւնը։ Երբ լաւ պատրաստուին ու ատակ կերպով ներկայացուին, օժանդակ պիտոյքները ուսուցանելու ազդու գործիքներ կրնան ըլլալ աւելի մեծ խումբերու համար։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը այսպիսի այլազան օժանդակ պիտոյքներ հայթայթած է։
Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան նիւթը ընդհանրապէս գեղանկարչութիւններ կը պարունակէ, զորս վարիչը կրնայ գործածել կարեւոր կէտեր շեշտելու համար։ Նոյնն է պարագան Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան համար գործածուող գրականութիւններուն։
Հանրային դասախօսութիւններու կարգ մը ուրուագծերու համար օժանդակ պիտոյքներ գործածելը կէտերը աւելի ցցուն կրնայ դարձնել։ Սակայն, սովորաբար աւելի մեծ օգուտ ձեռք կը ձգուի ուշադրութիւն դարձնելով Աստուածաշունչին մէջ եղած բաներուն, քանի որ ունկնդիրներուն մեծամասնութիւնը իրենց ձեռքին մէջ ունին զայն։ Եթէ պատահի որ պատկեր մը կամ հակիրճ ուրուագիծ մը անհրաժեշտ ըլլայ դասախօսութեան մը գլխաւոր կէտերէն մէկը, կամ քանի մը հատը բացատրելու համար, նախապէս ստուգեցէք որ գործածուած օժանդակ պիտոյքը սրահի վերջին շարքերուն մէջ նստողներուն կողմէ յստակօրէն տեսանելի (կամ ընթեռնլի) ըլլայ։ Այսպիսի բաներ հազուադէպօրէն պէտք է գործածուին։
Խօսելու եւ ուսուցանելու ատեն օժանդակ պիտոյքներ գործածելու մեր նպատակը ներկաները զուարճացնել չէ։ Երբ պատշաճ օժանդակ պիտոյք մը գործածուի, անիկա մասնայատուկ կերպով շեշտուելիք գաղափարները տեսանելի կերպով մտքին մէջ տպաւորելու պէտք է ծառայէ։ Այսպիսի իրեր օգտակար նպատակի մը կը ծառայեն, երբ կ’օգնեն որ խօսուած խօսքերը աւելի յստակ, աւելի դիւրըմբռնելի ըլլան, կամ երբ ըսուած բանին վաւերական ըլլալուն զօրաւոր ապացոյց մը հայթայթեն։ Երբ պատշաճ կերպով գործածուի, յարմար օժանդակ պիտոյք մը կրնայ ա՛յնքան խոր տպաւորութիւն ձգել, որ տարիներ կը յիշուին թէ՛ ցուցադրուած իրը եւ թէ անկէ ստացուած դասը։
Թէ՛ լսողութիւնը եւ թէ տեսողութիւնը կարեւոր դեր կը խաղան սորվելու մէջ։ Յիշեցէք թէ այս զգայարանքները ի՛նչպէս գործածուեցան մեծագոյն Ուսուցիչներուն կողմէ, եւ ուրիշներուն հասնելու ձեր ջանքերուն մէջ փորձեցէք զիրենք ընդօրինակել։