Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 35 էջ 206-էջ 208 պարբ. 4
  • Կրկնում՝ Շեշտելու Համար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրկնում՝ Շեշտելու Համար
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Ազդու Եզրակացութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ուրուագծի Պատրաստութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 35 էջ 206-էջ 208 պարբ. 4

Ուսումնասիրութիւն 35

Կրկնում՝ Շեշտելու Համար

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Մէկէ աւելի անգամ նշեցէք այն կէտերը, որոնք մասնաւորաբար կ’ուզէք որ ձեր ունկնդիրները յիշեն։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Յիշողութեան նպաստելէ զատ, կարելի է ազդու կերպով կրկնում գործածել, գլխաւոր գաղափարները ցցուն դարձնելու եւ ձեր ունկնդիրներուն օգնելու համար, որ զանոնք յստակօրէն հասկնան։

ԱԶԴՈՒ ուսուցում մը կը պարփակէ կրկնումի գործածութիւնը։ Երբ կարեւոր կէտ մը մէկէ աւելի անգամ նշուի, աւելի հաւանական է որ ունկնդիրները յիշեն զայն։ Եթէ գաղափարը քիչ մը տարբեր ձեւով անգամ մը եւս ըսուի, անոնք նոյնիսկ կրնան աւելի յստակօրէն հասկնալ։

Եթէ ձեր ունկնդիրները չյիշեն ինչ որ կ’ըսէք, ձեր խօսքերը ազդեցութիւն պիտի չունենան իրենց հաւատացածին կամ ապրելակերպին վրայ։ Հաւանաբար անոնք շարունակեն մտածել այն կէտերուն մասին, որոնց վրայ մասնայատուկ շեշտ դրիք։

Եհովա՝ մեր Մեծ Ուսուցիչը՝ կրկնումի գործածութեան մէջ մեզի օրինակ կը հանդիսանայ։ Ան Տասը Պատուիրանները տուաւ Իսրայէլ ազգին։ Հրեշտակային բանբերի մը միջոցաւ, ան պատճառ եղաւ որ ամբողջ ազգը լսէ այդ պատուիրանները Սինա Լերան մօտ։ Յետոյ զանոնք Մովսէսին տուաւ գրաւոր կերպով։ (Ել. 20։1-17. 31։18. Բ. Օր. 5։22) Եհովայի առաջնորդութեան ներքեւ, Մովսէս այդ պատուիրանները կրկնեց ամբողջ ազգին, անոնք Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ առաջ, եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, Մովսէս զանոնք արձանագրեց, ինչպէս կը գտնուի Բ. Օրինաց 5։6-21–ի մէջ։ Իսրայէլի տրուած պատուիրաններուն մաս կը կազմէր Եհովան ամբողջ սրտով, հոգիով եւ զօրութիւնով սիրելու ու իրեն ծառայելու պահանջը։ Ասիկա ալ կրկին ու կրկին նշուած էր։ (Բ. Օր. 6։5. 10։12. 11։13. 30։6) Ինչո՞ւ։ Քանի որ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ, անիկա «առաջին ու մեծ պատուիրանք»ն էր։ (Մատթ. 22։34-38) Երեմիա մարգարէին միջոցով, Եհովա աւելի քան 20 անգամ վերյիշեցուց Յուդայի ժողովուրդին իր պատուիրած բոլոր բաներուն մէջ իրեն հնազանդելուն լրջութիւնը։ (Երեմ. 7։23. 11։4. 12։17. 19։15) Իսկ Եզեկիէլի միջոցով, Աստուած աւելի քան 60 անգամ նշեց որ ազգերը «պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Եհովան»։—Եզեկ. 6։10. 38։23, ՆԱ

Յիսուսի ծառայութեան արձանագրութեան մէջ ալ կրկնումի ազդու գործածութիւն կը տեսնենք։ Օրինակ, կան չորս Աւետարանները, ամէն մէկը կը խօսի կարեւոր դէպքերու մասին, որոնք արձանագրուած են մէկ կամ աւելի Աւետարաններու մէջ, բայց քիչ մը տարբեր անկիւնէ դիտուած։ Իր ուսուցումին մէջ, Յիսուս մէկէ աւելի անգամ խօսեցաւ նոյն հիմնական կէտին մասին, բայց տարբեր կերպերով։ (Մար. 9։33-36. 10։35-45. Յովհ. 13։2-17) Իսկ իր մահուընէ քանի մը օր առաջ, մինչ Ձիթենեաց Լերան վրայ էր, Յիսուս կրկնում գործածեց այս կենսական խրատը շեշտելու համար. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։—Մատթ. 24։42. 25։13

Դաշտի Ծառայութեան Մէջ։ Երբ մարդոց կը վկայէք, կը յուսաք որ անոնք յիշեն ձեր ըսածը։ Կրկնումի ազդու գործածութիւնը այդ նպատակը իրագործելու կրնայ օգնել։

Յաճախ, նիւթի մը մասին խօսելու ժամանակ կրկնումը պիտի օգնէ որ ըսուածը անհատին մտքին մէջ դրոշմուի։ Ուստի, համար մը կարդալէ ետք, կրնաք զայն շեշտել, անոր գլխաւոր մէկ մասը նշելով եւ հարցնելով. «Նշմարեցի՞ք համարը ինչ կ’ըսէ»։

Խօսակցութեան մը վերջին նախադասութիւններն ալ կրնան ազդեցիկ ըլլալ։ Օրինակ, կրնաք ըսել. «Մեր զրոյցէն գլխաւոր կէտը որ յուսամ պիտի յիշէք, հետեւեալն է՝ . . . », ապա պարզապէս զայն յիշեցէք։ Կրնայ հետեւեալին նման բան մը ըլլալ. «Աստուծոյ նպատակն է որ երկիրը դրախտի վերածուի։ Այդ նպատակը անպայման պիտի իրագործուի»։ Կամ հաւանաբար՝ «Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ իրերու այս դրութեան վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Եթէ կ’ուզենք անոր վախճանէն վերապրիլ, պէտք է սորվինք թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ»։ Կամ՝ կրնաք ըսել. «Ինչպէս տեսանք, Աստուածաշունչը գործնական խրատներ կը մատուցանէ ընտանեկան կեանքի խնդիրները ի՛նչպէս ձեռք առնելու մասին»։ Կարգ մը պարագաներուն, կրնաք պարզապէս կրկնել Աստուածաշունչէն մէջբերում մը, որպէս վերյիշեցում։ Անշուշտ, ասիկա ազդու կերպով ընելու համար կանխամտածում կը պահանջուի։

Վերայցելութիւններուն՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններն ալ ներառեալ՝ կրկնումի գործածութիւնը կրնայ պարփակել վերաքաղի հարցումները։

Երբ անհատի մը համար դժուար ըլլայ սուրբ գրային խրատ մը հասկնալ կամ կիրարկել, թերեւս հարկ ըլլայ որ այդ նիւթը մէկէ աւելի անգամ վերարծարծէք։ Ջանացէք անոր մօտենալ տարբեր անկիւններէ։ Հարկ չկայ որ խօսակցութիւնը երկար ըլլայ, բայց անիկա պէտք է մղէ աշակերտը որ շարունակէ այդ նիւթին մասին մտածել։ Մի՛ մոռնաք որ Յիսուս այսպիսի կրկնում գործածեց, օգնելու համար իր աշակերտներուն որ առաջին տեղը գրաւելու ցանկութիւնը յաղթահարեն։—Մատթ. 18։1-6. 20։20-28. Ղուկ. 22։24-27

Երբ Դասախօսութիւններ կու Տաք։ Երբ բեմէն դասախօսութիւններ կու տաք, ձեր նպատակը միայն տեղեկութիւն ներկայացնել չէ։ Կ’ուզէք որ ունկնդիրները զայն հասկնան, յիշեն եւ կիրարկեն։ Ասիկա իրագործելու համար, ազդու կերպով կրկնում գործածեցէք։

Սակայն, եթէ գլխաւոր կէտերը շատ յաճախ կրկնէք, ձեր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը կրնաք վրիպեցնել։ Ուշադիր կերպով ընտրեցէք կէտեր, որոնք մասնայատուկ շեշտի արժանի են։ Սովորաբար անոնք այն գլխաւոր կէտերն են, որոնց շուրջ կը դառնայ ձեր դասախօսութիւնը, բայց կրնան ուրիշ գաղափարներ ալ պարունակել, որոնք մասնաւոր արժէք պիտի ունենան ձեր ունկնդիրներուն համար։

Կրկնում գործածելու համար, կրնաք նախ բացումին մէջ ձեր գլխաւոր կէտերը ամփոփ կերպով ներկայացնել։ Ասիկա ըրէք կարճ նախադասութիւններով՝ որոնք ձեր ծածկելիք նիւթին մասին ընդհանուր գաղափար մը կու տան, հարցումներով, կամ հակիրճ օրինակներ գործածելով խնդիրներ մէջտեղ դրէք, որոնց լուծումը պիտի ներկայացուի։ Կրնաք նշել թէ քանի՛ գլխաւոր կէտեր կան եւ զանոնք թուել։ Ապա՝ ձեր դասախօսութեան մարմինին մէջ այս կէտերէն իւրաքանչիւրը զարգացուցէք։ Ձեր դասախօսութեան մարմինին մէջ կրնաք անգամ մը եւս շեշտել, իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ կրկնելով՝ յաջորդ գլխաւոր կէտին անցնելէ առաջ։ Կամ ասիկա կրնաք իրագործել օրինակ մը գործածելով, որ այդ գլխաւոր կէտին կիրարկումը կը պարփակէ։ Ձեր գլխաւոր կէտերը տակաւին աւելի կրնաք շեշտել, գործածելով եզրակացութիւն մը, որ կը թուէ զանոնք, հակադրութեամբ զանոնք ցցուն կ’ընէ, յարուցուած հարցումներուն կը պատասխանէ, կամ հակիրճօրէն լուծումներ կու տայ մէջտեղ դրուած խնդիրներուն։

Վերոյիշեալ կէտերէն զատ, փորձառու դասախօս մը ուշադիր կերպով կը զննէ իր ունկնդիրները։ Եթէ անոնցմէ ոմանք գաղափար մը ըմբռնելու դժուարութիւն ունենան, դասախօսը կ’անդրադառնայ անոր։ Եթէ կէտը կարեւոր է, անգամ մը եւս նկատի կ’առնէ զայն։ Բայց նոյն բառերը կրկնելով իր նպատակին չի հասնիր։ Ուսուցանելու համար, շատ աւելի տարբեր կերպեր կան։ Ան պէտք է ճկուն ըլլայ։ Թերեւս հարկը տեսնէ իր դասախօսութեան վրայ յանպատրաստից բան մը աւելցնելու։ Ունկնդիրներուն կարիքներուն այս կերպով գոհացում տալը պիտի որոշէ թէ ո՛ր տարողութեամբ ատակ ուսուցանող մըն էք։

Ե՛ՐԲ ԸՆԵԼ

  • Կարեւոր կէտ մը նշելէն, կամ գլխաւոր գաղափար մը մշակելէն անմիջապէս ետք։

  • Ձեր խօսակցութեան կամ դասախօսութեան աւարտին։

  • Երբ նկատէք թէ ձեր ունկնդիրները գլխաւոր կէտ մը ըմբռնելու դժուարութիւն ունին։

  • Մէկէ աւելի անգամ, հաւանաբար օրեր կամ շաբաթներ ետք՝ վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու պարագային։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. (1) Երբ դաշտի ծառայութեան մէջ առաջին անգամ հանդիպած անհատին հետ ձեր խօսակցութիւնը վերջացնէք, կրկնեցէք ձեր խօսած կարեւոր կէտերէն մէկը, զոր կ’ուզէք որ անհատը յիշէ։ (2) Երբ վերայցելութիւն մը կ’եզրափակէք, ձեր խօսակցութենէն դարձեալ մէկ կամ երկու գլխաւոր կէտ նշեցէք, որպէսզի հետաքրքրուած անհատը յիշէ զանոնք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել