Ուսումնասիրութիւն 51
Ճիշդ Ժամանակաւորում, Պատշաճ Բաժանում
ՄԻՆՉ գլխաւոր շեշտը պէտք է դրուի ձեր ուսուցումի որակին վրայ, բայց ժամանակաւորումն ալ ուշադրութեան արժանի կէտ մըն է։ Մեր ժողովները յայտագրուած են որ որոշ ժամերու սկսին ու վերջանան։ Ասիկա իրագործելու համար յայտագրին մէջ մասնակցութիւն ունեցող իւրաքանչիւր անհատի համագործակցութիւնը կը պահանջուի։
Աստուածաշունչի ժամանակներուն, կեանքի նկատմամբ մարդոց տեսակէտը՝ ներկայիս շատ մը վայրերու մէջ ապրող մարդոց տեսակէտէն տարբեր էր։ Ժամանակին մասին մօտաւորապէս կ’արտայայտուէին, ըսելով՝ «ժամը երեքին ատենները», կամ «ժամը տասնի ատենները»։ (Մատթ. 20։3-6. Յովհ. 1։39) Հազուադէպ էր որ օրուան գործունէութիւններուն համար ճշգրիտ ժամերու մասին մտածէին։ Ներկայիս աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, ժամանակի նկատմամբ նոյն տեսակէտը գոյութիւն ունի։
Ամենայնդէպս, եթէ նոյնիսկ տեղական սովորութիւնը կամ անձնական նախընտրութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ մարդիկ ժամի նկատմամբ թոյլ ըլլան, բայց անոր պէտք եղած ուշադրութիւն տալ սորվիլը կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի։ Երբ յայտագրի մը վրայ մէկէ աւելի անհատներ նշանակուած են, իւրաքանչիւր բաժինին համար ժամանակը նկատի պէտք է առնուի։ «Ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ» սկզբունքը կը կիրարկուի նաեւ ժողովի նշանակումներու ժամանակաւորումին։—Ա. Կորն. 14։40
Լաւ Ժամանակաւորում Պահել։ Գաղտնիքը՝ պատրաստութիւնն է։ Սովորաբար, այն դասախօսները որոնք ժամանակաւորումին հետ խնդիր ունին, բաւարար պատրաստութիւն տեսած չեն ըլլար։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք չափազանց ինքնավստահ են։ Կամ թերեւս պատրաստութիւնը վերջին վայրկեանի կը ձգեն։ Լաւ ժամանակաւորումը կախեալ է ձեր նշանակումին հանդէպ ձեր գնահատանքէն եւ լաւ պատրաստելու ձեր պատրաստակամութենէն։
Ընթերցանութեան նշանակո՞ւմ մը տրուած է ձեզի։ Նախ Ուսումնասիրութիւն 4-7 վերաքաղ ըրէք, որոնք կը պարփակեն սահունութիւնը, դադարը, իմաստի շեշտը եւ գլխաւոր գաղափարները շեշտելը։ Ապա այդ խրատը կիրարկեցէք, երբ ձեզի նշանակուած նիւթը բարձրաձայն կը կարդաք։ Ժամ պահեցէք։ Տրամադրուած ժամանակին մէջ վերջացնելու համար արդեօք աւելի արա՞գ պէտք է կարդաք։ Աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող հատուածները աւելի արագ կարդացէք, բայց շարունակեցէք դադար գործածել եւ աւելի դանդաղ կարդալ՝ կարեւոր գաղափարները շեշտելու համար։ Կրկին ու կրկին փորձ ըրէք։ Մինչ ձեր սահունութիւնը կ’աւելնայ, աւելի դիւրին կ’ըլլայ ժամանակաւորումը շտկել։
Նոթեր գործածելո՞վ պիտի խօսիք։ Ժամանակաւորումէն վստահ ըլլալու համար կարիքը չկայ ձեր նոթերը շատ երկար ընելու՝ գրեթէ ամբողջովին գրելու։ Երբ Ուսումնասիրութիւն 25–ին վրայ կ’աշխատէիք, աւելի լաւ կերպ մը սորվեցաք։ Հետեւեալ հինգ կէտերը ձեր միտքը պահեցէք. (1) Լաւ նիւթ պատրաստեցէք, բայց ո՛չ չափազանց շատ։ (2) Գլխաւոր գաղափարները ձեր մտքին մէջ յստակ ըլլան, բայց լման նախադասութիւններ անգիր մի՛ սորվիք։ (3) Ձեր ուրուագծին վրայ նշեցէք թէ ո՛րքան ժամանակ կը ծրագրէք յատկացնել ձեր դասախօսութեան իւրաքանչիւր մասին, կամ երբ որոշ կէտի մը հասնիք, ո՛րքան ժամանակ անցած պէտք է ըլլայ։ (4) Պատրաստութեան ընթացքին, նկատի առէք թէ ո՛ր մանրամասնութիւնները կարելի է դուրս ձգել, եթէ տեսնէք որ ձեր ժամանակը կ’անցնիք։ (5) Ձեր զեկուցումը փորձ ըրէք։
Փորձ ընելը կարեւոր է։ Մինչ փորձ կ’ընէք, ձեր դասախօսութեան իւրաքանչիւր հատուածին ժամանակաւորումին նայեցէք։ Ձեր դասախօսութեան վրայէն անցէք կրկին ու կրկին, մինչեւ որ ամբողջ դասախօսութիւնը նշանակուած ժամանակին մէջ բաւէ։ Մի՛ փորձէք նիւթին մէջ շատ տեղեկութիւն թխմել։ Քիչ մը յաւելեալ ժամանակ ձգեցէք, քանի որ ունկնդիրներու դիմաց ձեր դասախօսութիւնը կրնայ քիչ մը աւելի երկար տեւել, քան՝ երբ առանձին փորձ կ’ընէք։
Հատուածները Համեմատել։ Լաւ ժամանակաւորումը սերտ առնչութիւն ունի դասախօսութեան մը մասերուն շիտակ համեմատութեան հետ։ Ժամանակին գլխաւոր մասը դասախօսութեան մարմինը ներկայացնելու համար պէտք է յատկացուի։ Հոն է որ ուսուցումի գլխաւոր կէտերը կը գտնուին։ Բացումը՝ Ուսումնասիրութիւն 38–ին մէջ բացատրուած երեք նպատակները իրագործելու չափ երկար պէտք է ըլլայ։ Նիւթին մարմինը այնքան երկար պէտք չէ ըլլայ որ Ուսումնասիրութիւն 39–ին հետ համապատասխան եղող ազդու եզրակացութիւն մը ընելու ժամանակ չմնայ։
Ժամանակաւորումին ուշադրութիւն ընելու ձեր ջանքերը աւելի լաւ դասախօսութիւն մը տալու պիտի նպաստեն եւ յայտագրին վրայ բաժին ունեցող միւս անհատներուն եւ ամբողջ ժողովքին հանդէպ ձեր յարգանքը ցոյց պիտի տան։