Հարցումի Տուփ
◼ Ի՞նչպէս կրնանք ժողովի իւրաքանչիւր բաժնին ժամանակաւորումը յարգել։
Երբ բարեկամներու հետ հաճելի բան մը կը բաժնենք, ժամանակը արագ կ’անցնի։ Այս պատճառով, ժողովի բաժինները իրենց տրամադրուած ժամանակին մէջ ներկայացնելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել։
Ժամանակին սկսեցէք։ Երբ բոլոր ժողովքը հաւաքուած է, կրնաք յայտագիրը սկսելէն մէկ կամ երկու վայրկեան առաջ ներկաներէն խնդրել որ իրենց տեղերը գրաւեն, որպէսզի ժողովը կարգապահութեամբ որոշուած ժամանակին սկսի։ (Ժող. 3։1) Պզտիկ խումբով գումարուած ժողովները, ինչպէս՝ դաշտի ծառայութեան ժողովը, ճիշդ ժամանակին պէտք է սկսին՝ առանց սպասելու ուշ եկողներուն։
Լիովին պատրաստուեցէք։ Առաջուընէ պատրաստուիլը գլխաւոր միջոց մըն է ժամանակաւորումը յարգելու համար։ Նշանակումին նպատակը ձեր միտքին մէջ յստակ թող ըլլայ։ Գլխաւոր կէտերը բնորոշեցէք եւ զանոնք ցցուն դարձուցէք։ Մի՛ կեդրոնանաք փոքր մանրամասնութիւններու վրայ։ Ներկայացումը պարզ պահեցէք։ Եթէ բաժինը ցուցադրութիւններ կամ հարցազրոյցներ կը պարփակէ, կանխաւ փորձ ըրէք։ Ջանացէք ձեր բաժնին ժամանակաւորումը ստուգել մինչ բարձրաձայն փորձ կ’ընէք։
Ձեր նիւթը մասերու բաժնեցէք։ Ձեր նշանակումը ըլլայ դասախօսութիւն թէ ներկաներուն հետ զրոյց, նիւթը մասերու բաժնելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Որոշեցէք թէ իւրաքանչիւր հատուածին որքա՛ն ժամանակ պիտի տրամադրէք, եւ ասիկա նշեցէք ձեր նոթերուն լուսանցքին մէջ։ Ապա ժամանակաւորումին վրայ հսկեցէք ներկայացման ընթացքին։ Եթէ ներկաներուն հետ զրոյց պիտի ունենաք, խուսափեցէք բացման հատուածին համար շատ մեկնաբանութիւններ խնդրելէ, որպէսզի ետքը յիշուած կարեւոր տեղեկութիւններուն վրայէն հարեւանցի չանցնիք։ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան վարիչները բաւարար ժամանակ պէտք է տրամադրեն վերաքաղի շրջագիծը նկատի առնելու համար։ Անոնք նաեւ ուշադիր պէտք է ըլլան որ փակման աղօթքին յատկացուած ժամանակէն չառնեն։
Ժամանակին եզրափակեցէք։ Եթէ ժողովը քանի մը բաժիններէ կը բաղկանայ, ինչպէս՝ Ծառայութեան Ժողովը, իւրաքանչիւր դասախօս պէտք է ուշադիր ըլլայ թէ իր բաժինը ե՛րբ պիտի սկսի ու վերջանայ։ Ի՞նչ կարելի է ընել եթէ ժողովը սկսի երկարիլ։ Մէկ կամ աւելի եղբայրներ կրնան ժամանակ խնայել, գլխաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնանալով եւ կարգ մը մանրամասնութիւններ ջնջելով։ Ասիկա ընելու կարողութիւն ունենալը հմուտ ուսուցիչին մէկ յատկանիշն է։
Որպէս ունկնդիրներ, կրնանք բաժին վարող եղբօր օգնել, մեր մեկնաբանութիւնները հակիրճ պահելով եւ բուն կէտը յիշելով։ Ուստի բոլորս կրնանք նպաստել որ ժողովները «վայելչութեամբ եւ կարգաւ» տեղի ունենան։—Ա. Կորն. 14։40