ՄԱՍ 22
Առաքեալները անվախօրէն կը քարոզեն
Քրիստոնէական ժողովքը արագօրէն կ’աճի, հակառակ հալածանքի։
ՅԻՍՈՒՍԻ երկինք համբառնալէն տասը օր անցած էր, Ք.Ե. 33–ի հրէական Պէնտէկոստէի տօնն էր։ Այդ ժամանակ, իր աշակերտներէն շուրջ 120 հոգի Երուսաղէմի մէկ տան մէջ հաւաքուեցան։ Յանկարծ, սաստկաշունչ հովի ձայնին պէս ձայն մը լեցուց տունը։ Աշակերտները սկսան հրաշալիօրէն իրենց անծանօթ եղող լեզուներով խօսիլ։ Այս արտասովոր դէպքերուն իմաստը ի՞նչ էր։ Աստուած աշակերտներուն սուրբ հոգին տուած էր։
Դուրսը շատ ժողովուրդ կար, քանի որ զանազան երկիրներէ այցելուներ եկած էին տօնակատարութեան համար։ Անոնք ապշած էին, թէ Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՛ս սահուն կերպով իրենց լեզուներով կը խօսէին։ Պետրոս բացատրեց եղելութիւնը, ակնարկելով Յովէլի մարգարէութեան, թէ Աստուած իր հոգին ‘պիտի թափէր’, զայն ընդունողներուն հրաշալի պարգեւներ շնորհելով (Յովէլ 2։28, 29)։ Սուրբ հոգիին այս զօրաւոր ապացոյցը յստակացուց, թէ կարեւոր փոփոխութիւն մը եղած էր. Աստուծոյ հաճութիւնը ա՛լ իսրայէլի վրայ չէր, հապա՝ նորակազմ քրիստոնէական ժողովքին վրայ։ Անոնք, որոնք կ’ուզէին ընդունելի կերպով Աստուծոյ ծառայել, այժմ պէտք էր որ Քրիստոսի հետեւորդները դառնային։
Մինչ այդ, հակառակութիւնը շատցաւ եւ թշնամիներ աշակերտները բանտ նետեցին։ Բայց գիշերով, Եհովայի հրեշտակը բանտին դռները բացաւ եւ աշակերտներուն պատուիրեց որ շարունակեն քարոզել։ Արշալոյսին, անոնք ճիշդ այդպէս ըրին,– տաճարը մտան եւ սկսան Յիսուսի մասին քարոզել։ Իրենց կրօնական հակառակորդները զայրացան եւ հրամայեցին, որ դադրին քարոզելէ։ Բայց առաքեալները անվախօրէն պատասխանեցին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։28, 29)։
Հալածանքը սաստկացաւ։ Կարգ մը հրեաներ Ստեփանոս աշակերտը հայհոյութեան յանցանքով ամբաստանեցին եւ մինչեւ մահ քարկոծեցին զինք։ Տարսոնցի Սօղոս անունով երիտասարդ մը մարդասպանութեան ականատես եղաւ եւ իր հաւանութիւնը տուաւ։ Յետոյ, ան դէպի Դամասկոս գնաց, որպէսզի ձերբակալէր ամէն ով որ Քրիստոսի կը հետեւէր։ Սակայն ճամբուն վրայ, երկինքէն լոյս մը փայլատակեց իր շուրջը, եւ ան ձայն մը լսեց, որ կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։ Լոյսէն կուրցած՝ Սօղոս հարցուց. «Ո՞վ ես դուն»։ Ձայնը պատասխանեց. «Ես եմ Յիսուսը» (Գործք 9։3-5)։
Երեք օր ետք, Յիսուս Անանիա աշակերտը ղրկեց որ Սօղոսի տեսողութիւնը վերադարձնէր։ Այս դէպքէն ետք, Սօղոս մկրտուեցաւ եւ սկսաւ համարձակօրէն Յիսուսի մասին քարոզել։ Սօղոս ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ, եւ քրիստոնէական ժողովքին մէկ նախանձախնդիր անդամը դարձաւ։
Յիսուսի աշակերտները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը միայն հրեաներուն եւ սամարացիներուն կը քարոզէին։ Բայց այժմ հրեշտակ մը երեւցաւ Կոռնելիոսի, որ աստուածավախ հռոմայեցի հարիւրապետ մըն էր, եւ անոր ըսաւ որ Պետրոս առաքեալը կանչէր։ Ուրիշներու ընկերակցութեամբ, Պետրոս գնաց եւ Կոռնելիոսին ու անոր տան անդամներուն քարոզեց։ Մինչ ան կը խօսէր, սուրբ հոգին իջաւ այդ ոչ–հրեայ հաւատացեալներուն վրայ, եւ առաքեալը պատուիրեց որ Յիսուսի անունով մկրտուին։ Այս կերպով, յաւիտենական կեանքի ճամբան բոլո՛ր ազգերուն առջեւ բաց էր։ Ժողովքը պատրաստ էր բարի լուրը աշխարհի չորս կողմը տարածելու։
Աղբիւրը՝ Գործք 1։1–11։21։