Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ապ մաս 21 էջ 24
  • Յիսուս ողջ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուս ողջ է
  • Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Առաքեալները անվախօրէն կը քարոզեն
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Յիսուս ապագայի մասին մարգարէութիւն մը կու տայ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Յիսուս Քրիստոս կը սպաննուի
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Հարիւրաւորներ Յիսուսը կը տեսնեն Պէնտէկոստէէն առաջ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
Տես աւելին
Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
ապ մաս 21 էջ 24
Յիսուս երկինք կը համբառնայ

ՄԱՍ 21

Յիսուս ողջ է

Յիսուս իր հետեւորդներուն կ’երեւնայ՝ իրենց ուղղութիւն տալու եւ քաջալերելու համար։

ՅԻՍՈՒՍԻ մահուան երրորդ օրը, իր աշակերտներէն կարգ մը կիներ, տեսան թէ գերեզմանին մուտքը գոցող քարը մէկ կողմ գլորուած էր։ Գերեզմանը դատա՛րկ էր։

Երկու հրեշտակներ երեւցան, որոնցմէ մէկը ըսաւ. «Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք. . . Անիկա յարութիւն առաւ» (Մարկոս 16։6)։ Կիները անմիջապէս վազեցին այս մասին առաքեալներուն տեղեկացնելու։ Ճամբուն վրայ, անոնք Յիսուսի հանդիպեցան, որ իրենց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն» (Մատթէոս 28։10)։

Նոյն օրը, մինչ երկու աշակերտներ հետիոտն Երուսաղէմէն Էմմաւուս գիւղը կ’երթային, անծանօթ մը իրենց միացաւ եւ հարցուց թէ ինչի՛ մասին կը խօսէին։ Այդ անծանօթը, իրականութեան մէջ, յարուցանուած Յիսուսն էր, որ այնպէս մը երեւցաւ որ սկիզբը չկրցան զինք ճանչնալ։ Աշակերտները տխուր դէմքով պատասխանեցին թէ Յիսուսի մասին կը խօսէին։ Անծանօթը սկսաւ բացատրել Մեսիային վերաբերեալ Սուրբ Գրութիւններուն բոլոր ըսածները։ Արդարեւ, Յիսուս ամենայն մանրամասնութեամբ կատարած էր Մեսիական մարգարէութիւններըa։ Աշակերտները հազիւ անդրադարձան թէ անծանօթը Յիսուսն էր, որ որպէս հոգեղէն անձ յարութիւն առած էր, ան անհետացաւ։

Երկու աշակերտները անմիջապէս Երուսաղէմ վերադարձան։ Հո՛ն, անոնք առաքեալները մէկտեղ հաւաքուած գտան։ Մինչ երկու աշակերտները կը պատմէին թէ իրենց հետ ի՛նչ պատահեցաւ, Յիսուս երեւցաւ, հակառակ անոր որ դռները կղպուած էին։ Իր հետեւորդները այնքան ապշեցան, որ իրենց աչքերուն չհաւատացին։ Յիսուս հարցուց. «Ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն. . . Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր» (Ղուկաս 24։38, 46)։

Իր յարութենէն ետք, Յիսուս 40 օրերու ընթացքին իր աշակերտներուն երեւցաւ տարբեր առիթներով։ Անգամ մը, ան աւելի քան 500 հոգիի երեւցաւ եւ հաւանաբար այդ ատեն, ան անոնց այս ծանրակշիռ նշանակումը տուաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատթէոս 28։19, 20)։

Իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ իր վերջին հանդիպման ընթացքին, Յիսուս խոստացաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Ապա Յիսուս երկինք համբարձաւ եւ ամպ մը ծածկեց զինք աշակերտներուն աչքերէն։

Աղբիւրը՝ Մատթէոս, գլուխ 28. Մարկոս, գլուխ 16. Ղուկաս, գլուխ 24. Յովհաննէս, գլուխ 20 եւ 21. Ա. Կորնթացիս 15։5, 6։

a Յիսուսի վրայ կատարուած Մեսիական մարգարէութիւններէն օրինակներ կարդալու համար, տե՛ս այս գրքոյկին 14–րդ, 15–րդ եւ 16–րդ մասերը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին «Յիսուս Քրիստոս՝ խոստացեալ Մեսիան» յաւելուածը։

  • Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՞ս գիտցան թէ Աստուած զինք յարուցանած էր։

  • Էմմաւուսի ճամբուն վրայ Յիսուս ի՞նչ բացատրեց երկու աշակերտներուն։

  • Նախքան երկինք համբառնալը, Յիսուս ի՞նչ ուղղութիւններ տուաւ իր աշակերտներուն։

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ

Աստուծոյ սուրբ հոգին տիեզերքի հզօրագոյն ուժն է։ Եհովա Աստուած իր հոգին կամ գործօն ուժը գործածեց, երկինքն ու երկիրը ստեղծելու եւ Աստուածաշունչը գրի առնել տալու համար։ Այս հոգին այն ուժն է, որ մինչեւ հիմա մեր նկատի առած բոլոր հրաշքներուն ետին կը գտնուի, ներառեալ մեծագոյն հրաշքին,– Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը որպէս հզօր հոգեղէն արարած (Ծննդոց 1։2. Բ. Թագաւորաց 23։2. Գործք 10։38. Ա. Պետրոս 3։18)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել