Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուը մաս 3 մասեր 1-2
  • Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել
  • Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1 ԽՆԴԻՐԸ ՔՆՆԱՐԿԷ
  • 2 ՄՏԻԿ ԸՐԷ ԵՒ ՀԱՍԿՑԻՐ
  • 3 ՔԱՅԼԵՐ ԱՌԷՔ
  • Իրարու հաւատարիմ եղէք
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ուրախ ամուսնութեան համար՝ Աստուծոյ դիմէ
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Հարազատներուդ հետ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահպանել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Երկրորդ ամուսնութիւն մը ինչպէ՛ս յաջողցնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
ուը մաս 3 մասեր 1-2
Ամուսին մը իր կնոջ մտիկ կ’ընէ

Մաս 3

Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել

«Իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետրոս 4։8)

Մինչ ձեր ամուսնական կեանքը կը սկսի, զանազան խնդիրներ պիտի ծագին։ Այդ խնդիրներուն ետին գտնուող պատճառները կրնան ըլլալ ձեր տարբեր մտածելակերպն ու զգացումները, ինչպէս նաեւ կեանքի հանդէպ ձեր տարբեր մօտեցումը. կամ ալ՝ արտաքին ազդակներ եւ անակնկալ դէպքեր։

Կրնայ ըլլալ որ իրողութենէն փախչիլը դիւրին լուծումը թուի, բայց Աստուածաշունչը մեզի կը պատուիրէ որ մեր խնդիրները դիմագրաւենք (Մատթէոս 5։23, 24)։ Խնդիրներուդ լաւագոյն լուծումը պիտի գտնես՝ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով։

1 ԽՆԴԻՐԸ ՔՆՆԱՐԿԷ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Խօսելու ժամանակ» կայ (Ժողովող 3։1, 7)։ Խնդրին մասին խօսելու ժամանակ յատկացուր։ Անկեղծօրէն կողակիցիդ յայտնէ, թէ հարցին շուրջ ինչպէ՛ս կը զգաս եւ ի՛նչ կը խորհիս։ Անոր հետ միշտ ‘ճշմարտութիւնը խօսէ’ (Եփեսացիս 4։25)։ Նոյնիսկ երբ զայրացած վիճակի մէջ ես, կռուելէ խուսափէ։ Հանդարտ կերպով պատասխանէ, որպէսզի պարզ խօսակցութիւնը տաք վիճաբանութեան չվերածուի (Առակաց 15։4. 26։20)։

Նոյնիսկ երբ համաձայն չգտնուիս, քաղցրաբարոյ եղիր, բնաւ չմոռնալով կողակիցիդ հանդէպ սէր ու յարգանք ցուցաբերել (Կողոսացիս 4։6)։ Ջանա՛ հարցը շուտով լուծել, եւ հաղորդակցութեան կապը միշտ բաց պահէ (Եփեսացիս 4։26)։

Ամուսնացած զոյգ մը խնդիր մը կը քննարկէ

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Յարմար ժամանակ մը որոշէ խնդիրը քննարկելու

  • Մինչ կողակիցիդ մտիկ կ’ընես, անհարկիօրէն մի՛ միջամտեր։ Խօսելու կարգդ պիտի գայ

2 ՄՏԻԿ ԸՐԷ ԵՒ ՀԱՍԿՑԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։10)։ Շատ կարեւոր է թէ ինչպէ՛ս մտիկ կ’ընես։ Փորձէ կողակիցիդ տեսակէտը հասկնալ՝ «կարեկից. . . ու քաղցրաբարոյ» ըլլալով (Ա. Պետրոս 3։8. Յակոբոս 1։19)։ Մի՛ ձեւացներ թէ մտիկ կ’ընես։ Եթէ յարմար է, ինչ որ կ’ընես ձգէ եւ ամբողջ ուշադրութիւնդ կողակիցիդ տուր, կամ ալ հարցուր եթէ կրնաք այդ նիւթը ետքը քննարկել։ Երբ մտածես թէ կողակիցդ ընկերակիցդ է եւ ոչ թէ՝ հակառակորդդ, ‘պիտի չարտորաս բարկանալու’ (Ժողովող 7։9)։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Լայնախոհութեա՛մբ մտիկ ըրէ, նոյնիսկ եթէ լսածդ քեզ կը տհաճեցնէ

  • Բառերուն ետին գտնուող միտքը հասկցիր։ Կողակիցիդ շարժուձեւերն ու ձայնին թոնը նշմարէ

3 ՔԱՅԼԵՐ ԱՌԷՔ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ, բայց դատարկաբանութիւնը միայն կարօտութեան կը տանի մարդը» (Առակաց 14։23)։ Լաւ լուծումի մը յանգիլը բաւարար չէ. պէտք է որ ձեր առած որոշումը ի գործ դնէք։ Ասիկա թերեւս ծանր աշխատանք եւ շա՛տ ջանք պահանջէ. բայց կ’արժէ՛ այդպէս ընել (Առակաց 10։4)։ Եթէ իրարու հետ համագործակցիք, ձեր ծանր աշխատանքը «աղէկ վարձք» պիտի ունենայ (Ժողովող 4։9)։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Որոշեցէք թէ իւրաքանչիւրդ ի՛նչ գործնական քայլեր պիտի առնէք ձեր խնդիրը լուծելու համար

  • Ատեն–ատեն ձեր յառաջդիմութիւնը արժեւորեցէք

ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԳԼՈՒԽ ԵԼԷՔ

Երբ իրարու հետ համագործակցիք, կրնաք վստահ ըլլալ որ ձեր ամուսնութիւնը զօրաւոր եւ ուրախ պիտի ըլլայ, եւ ոչ թէ՝ տկար ու ապերջանիկ (Առակաց 24։3)։ Ապագային վրայ կեդրոնացէք եւ հին էջեր մի՛ բանաք (Առակաց 17։9)։ Միասնաբար գործակցելով եւ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով՝ կրնաք որեւէ խնդրի հետ գլուխ ելլել։

ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ.

  • Ի՞նչն է ամէնէն հրատապ խնդիրը, որուն մասին կ’ուզեմ կողակիցիս հետ խօսիլ։

  • Ի՞նչ կրնամ ընել, որ հասկնամ թէ կողակիցս իսկապէս ինչպէ՛ս կը զգայ խնդրի մը շուրջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել