Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուը մաս 1 մասեր 1-2
  • Ուրախ ամուսնութեան համար՝ Աստուծոյ դիմէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրախ ամուսնութեան համար՝ Աստուծոյ դիմէ
  • Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1 ԸՆԴՈՒՆԷ ԱՅՆ ԴԵՐԸ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶԻ ՏՈՒԱՒ
  • 2 ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ԻՍԿԱՊԷՍ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԷ
  • 3 ՀԱՄԱԽՈՀ ԵՂԷՔ
  • Իրարու հաւատարիմ եղէք
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Հարազատներուդ հետ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահպանել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Լուծումներ սովորական գանգատներու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
Տես աւելին
Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
ուը մաս 1 մասեր 1-2
Ամուսին մը եւ իր կինը իրենց ամուսնութեան օրը

Մաս 1

Ուրախ ամուսնութեան համար՝ Աստուծոյ դիմէ

«Ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» (Մատթէոս 19։4)

Առաջին ամուսնութիւնը Եհովաa Աստուած կատարեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ան առաջին կինը ստեղծեց եւ «զանիկա Ադամին բերաւ»։ Ադամ այնքա՛ն ուրախացաւ, որ ըսաւ. «Ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է» (Ծննդոց 2։22, 23)։ Եհովան տակաւին կ’ուզէ որ ամուսնացած զոյգերը ուրախ ըլլան։

Երբ ամուսնանաս, թերեւս խորհիս թէ ամէն բան կատարեալ պիտի ըլլայ։ Բայց իրականութեան մէջ, նոյնիսկ մէկզմէկ շա՛տ սիրող զոյգեր կարգ մը խնդիրներու առջեւ պիտի գտնուին (Ա. Կորնթացիս 7։28)։ Այս գրքոյկին մէջ պիտի գտնես սուրբ գրային սկզբունքներ, որոնք եթէ կիրարկուին, ուրախ ամուսնութիւն եւ ընտանեկան կեանք կրնաս վայելել (Սաղմոս 19։8-11)։

1 ԸՆԴՈՒՆԷ ԱՅՆ ԴԵՐԸ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶԻ ՏՈՒԱՒ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. Ամուսինը ընտանիքին գլուխն է (Եփեսացիս 5։23)։

Եթէ ամուսին մըն ես, Եհովան քեզմէ կ’ակնկալէ որ կնոջդ հոգ տանիս քնքշութեամբ (Ա. Պետրոս 3։7)։ Ան զինք քու լրացուցիչդ ըրաւ եւ կ’ուզէ որ անոր հետ յարգանքով եւ սիրով վարուիս (Ծննդոց 2։18)։ Պէտք է որ կինդ ա՛յն աստիճան սիրես, որ պատրաստ ըլլաս իր նախասիրութիւնները քուկիններէդ առա՛ջ դասելու (Եփեսացիս 5։25-29)։

Եթէ կին մըն ես, Եհովան քեզմէ կ’ակնկալէ որ ամուսինդ մեծապէս յարգես եւ իրեն օգնես, որ իր դերը կատարէ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 5։33)։ Անոր առած որոշումներուն թիկունք կանգնէ եւ ամբողջ սրտով անոր հետ գործակցէ (Կողոսացիս 3։18)։ Այսպէս ընելով, թէ՛ ամուսինիդ եւ թէ Եհովային աչքին պիտի գեղեցկանաս (Ա. Պետրոս 3։1-6)։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Կողակիցիդ հարցուր, թէ ինչպէ՛ս կրնաս աւելի լաւ ամուսին կամ կին մը ըլլալ։ Ուշի–ուշով մտիկ ըրէ, եւ ամէն կարելիդ ըրէ բարելաւուելու

  • Համբերատար եղիր։ Երկուքիդ հետ ժամանակ պիտի առնէ մինչեւ որ սորվիք ինչպէ՛ս զիրար երջանկացնել

2 ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ԻՍԿԱՊԷՍ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԷ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. Պէտք է կողակիցիդ շահը փնտռես (Փիլիպպեցիս 2։3, 4)։ Կողակիցդ գա՛նձ նկատէ, յիշելով որ Եհովան իր ծառաներէն կը պահանջէ որ «հեզահոգի ըլլա[ն] ամենուն» (Բ. Տիմոթէոս 2։24)։ «Անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առակաց 12։18)։ Ուստի բառերդ զգուշութեամբ ընտրէ։ Եհովայի հոգին քեզի պիտի օգնէ, որ քաղցրութեամբ եւ սիրով խօսիս (Գաղատացիս 5։22, 23. Կողոսացիս 4։6)։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Կողակիցիդ հետ լուրջ հարցեր քննարկելէ առաջ, աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ հանդարտ մնաս եւ լայնախոհ ըլլաս

  • Լաւ մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ըսես եւ ինչպէ՛ս պիտի արտայայտուիս

3 ՀԱՄԱԽՈՀ ԵՂԷՔ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. Երբ ամուսնանաս, դուն եւ կողակիցդ «մէկ մարմին» կ’ըլլաք (Մատթէոս 19։5)։ Բայց տակաւին երկու անհատներ էք, եւ ձեր կարծիքները կրնան իրարմէ տարբեր ըլլալ։ Ուստի պէտք է սորվիք ձեր մտածումները եւ զգացումները միակերպել (Փիլիպպեցիս 2։2)։ Միաբան ըլլալը կարեւոր է երբ որոշումներ կը կայացնէք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ծրագիրը խորհուրդով կը հաստատուի» (Առակաց 20։18, ԱԾ)։ Թող որ Աստուածաշունչի սկզբունքները ձեզ առաջնորդեն, մինչ միասնաբար կարեւոր որոշումներ կ’առնէք (Առակաց 8։32, 33)։

Ամուսնացած զոյգ մը միասին լուացք կ’ընէ եւ պնակները կը լուայ

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Կողակիցիդ ոչ միայն տեղեկութիւններ կամ կարծիքներ փոխանցէ, այլեւ զգացումներդ յայտնէ

  • Ուրիշներուն խոստումներ տալէ առաջ, կողակիցիդ հետ խորհրդակցէ

a Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է։

ԻՐԱՊԱՇՏ ԵՒ ԼԱՒԱՏԵՍ ԵՂԻՐ

Դուն քեզմէ կամ կողակիցէդ կատարելութիւն մի՛ սպասեր (Սաղմոս 103։14. Յակոբոս 3։2)։ Կողակիցիդ լա՛ւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնացիր։ Վստահ եղիր որ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործնական են, եւ համբերատար եղիր (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Եհովա Աստուած իր խրատին հետեւելու ջանքերդ պիտի օրհնէ, եւ ամուսնական կապդ տարիէ տարի աւելի պիտի ամրապնդուի (Գաղատացիս 6։9)։

ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ.

  • Կողակիցս կը զգա՞յ որ իմ անձէս աւելի իրմով հետաքրքրուած եմ։

  • Կողակիցիս հանդէպ սէր եւ յարգանք ցուցաբերելու համար, ես այսօր ի՞նչ ըրի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել